Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ – ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՆ Է ՀՈԳՒՈՅՍ

Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ – ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՆ Է ՀՈԳՒՈՅՍ

25 Հոկտեմբեր 2015-ի Կիրակի առաւօտեան, Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին աւելի՛ կենսունակ եւ աւելի՛ յաղթական: Անոնք հաւատացեալները Ս. Պատարագի հրաւիրելով կ՛աւետէին եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 50-ամեակը: Այն եկեղեցին, որ 50 տարիներ առաջ կանգնած էր ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, որպէս յաղթանակ յարուցեալ ժողովուրդին:

Հոծ բազմութիւնը կը լեցնէր եկեղեցւոյ նստարանները, եկեղեցին ծաղիկներով զարդարուած եւ լոյսերով ողողուած կը հիւրընկալէր հրաւիրեալները, եկեղեցական, ազգային, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական հաստատութիւններէ անդամներ:

Վերապրող ժողովուրդի զաւակ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի կաթողիկէ Հայոց, կը մատուցէր Ս. Պատարագը, իր առընթերականերու Հ. Հայկ վրդ. Մակարեանի եւ Հ. Ներսէս վրդ. Զապարեանի աջակցութեամբ:

Օրուան արարողապետն էր Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան. իսկ «Ս. Աստուած»ի թափօրը կ՚առաջնորդէր Տ. Զարեհ քհնյ. Տէր Սարգիսեան, երբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ շարականները խունկի ծուխերու հետ կ՚ողողէին հաւատացեալներու հոգիները:

Պատարագի ընթացքին, Արհի. Գերապայծառ Տէրը ընդունեց եկեղեցւոյ պատկան Յանձնախումբերու ընծաները ու զանոնք մատուցեց Տիրոջ Խորանին: Յանձնախումբերէն՝ Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը ընծայեց զոյգ մը մոմակալ, Ալեմշահ երգչախումբը՝ խնկաման, Անարատ Յղութեան Քոյրերը՝ Ս. Աւետարանը, սրահի յանձնախումբը՝ բուրվար եւ Աստուածամօր պատկերը, Մշակութային յանձնախումբը՝ Նուռ եւ Խաղող, Տիկնանց Միութիւնը Մաղզման Հացը, Բարեսիրական յանձնախումբը՝ Բաժակը Գինիով: Միեւնոյն յանձնախումբի ներկայացուցիչները Ս. Պատարագի ընթացքին՝ ՀԱՅՐ ՄԵՐ-էն առաջ իրենց մաղթանքը ընթերցեցին: Ապա Արհի. Գերապայծառ Տէրը իր պատգամը փոխանցեց: Ան պարտք եւ պարտականութիւն համարեց աղօթել վասն շինողաց եկեղեցւոյ եւ յիշել վաստակը բոլոր բարերարներուն ու հոգեւորական դասին, որոնք իրենց լուման չէին զլացած եկեղեցւոյ բարգաւաճման ճանապարհին: Ապա յայտնեց, թէ եթէ Տէրը տունը չշինէ՝ ի զուր կ՚աշխատին շինողները եւ թէ եկեղեցին ոչ միայն Աստուծոյ Տունն է՝ այլ նաեւ հաւատացեալներուն, ուր անոնք իրենց հոգեւոր ծնունդը կ՚ապրին, Ս. Միւռոնով կ՚օծուին եւ կ՚ընդունին եօթը Խորհուրդները: Գերապայծառը նշեց, թէ Հայկական եկեղեցին Հայու տունն է՛ որ կը շնչէ Լուսաւորիչի, Շնորհալիի, Վարդան Մամիկոնեանի շունչով ու շարականներով հայապահպանման ի խնդիր:

Հայկական եկեղեցին Հայ Ազգին Մայրն է, որ նահատակ ժողովուրդի զաւակները որբ չի ձգեր, այլ իր շուրջը կը հաւաքէ զանոնք եւ ասոր կենդանի օրինակն է ա՛յս եկեղեցին: Անոր հարազատ զաւակները 50 տարիներու ընթացքին ծառայած են, պահած ու պահպանած զայն ու բարձրացուցած են իր վարկը, ինչպէս Ս. Սիրտ Յիսուսի Տիկնանց Միութիւնը, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սարկաւագներ, դպիրներ, երգչախումբ եւ հաւատացեալներ:

25 տարիներ առաջ նոյն հաւատացեալներէն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ ծնունդ առաւ Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը իր յանձնախումբերով:

Եկեղեցւոյ 50 տարիներու ներկայութիւնը եւ վաստակը պիտի արդարացնէին իր կառուցման նպատակը: Ա՛յո, ան կառուցուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, ոչ միայն հայկական շունչով, ճիգերով ու նպատակով՝ այլեւ իր հայկական ճարտարապետական ոճով: Եկեղեցին «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» հրեշտակներու անունով օծուեցաւ, 42 տարիներէ ի վեր անոր կը ծառայեն «Անարատ Յղութեան» Հայ Քոյրերը, որոնք կը վարեն կրթական համակարգը:

Ապա Պատարագը շարունակուեցաւ եւ աւարտին, արարողապետ՝ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան ժողովրդապետութեան անունով արտասանած շնորհաւորական ու շնորհակալական խօսքէն ետք, ժողովուրդը «Աղաճանեան» սրահ հրաւիրեց, հոն կայացած ցուցահանդէսը ըմբոշխնելու:

Եկեղեցւոյ սանդուխներուն դիմաց շարուած փողերախումբը զոյգ քայլերգներով եւ ազգային երգերով ողջունեց կղերական եւ աշխարհական հիւրերու շքերթը: Սրահի շեմին թափօրը դիմաւորուեցաւ «Գառնի» պարախումբի զոյգ մը տարազաւոր անդամներու կողմէ մատուցուած աղ ու հացով:

a2

Ինչպէս Պատարագը նոյնպէս ցուցահանդէսը նուիրուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ օծման 50 ամեակի, Ս. Սիրտ Յիսուսի Տիկնանց Միութեան 50 ամեակի, եւ Հայ Կաթողիկէ Միութեան 25 ամեակի եռեակ առիթներուն: Տեղւոյն ջերմիկ մթնոլորտին մէջ Արհի. Գերապայծառ Տէրը հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց եւ յիշեցուց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին օծուած այս եկեղեցին, իր իսկ յիսնամեակը կը նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին ու կը վկայէ, որ Հայը կը գոյատեւէ, մանաւանդ՝ Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասի ցաւալի դէպքերէն ետք, որպէս խորհրդանիշ հայ քրիստոնեայ հաւատքին, յոյսին ու կամքին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու: Սրբազան Հայրը իր հայրական ողջոյնը ուղղեց «ՈՒՐԱԽ ԼԵՐ Ս. ԵԿԵՂԵՑԻ» կոչելով եւ անդրադարձաւ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան, նշելով թէ ան երկինքը երկրին միաւորող անցքն է: Մանաւանդ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ «Զուարթնոց»ական Զուարթուններու՝ հրեշտակներու խումբին, երգին՝ «Փառք ի բարձունս…» որոնք կ՚աւետեն կեանքի փրկութեան Աւետիսը, որ հայ ժողովուրդի վերականգնումի, հոգեփոխութեան, պայծառակերպութեան գեղեցիկ առիթը հանդիսացաւ, երբ Մայր Հայրենիքը իր ժողովուրդի պահանջատիրական ոգիով ներկայացաւ արար աշխարհին: Աւարտին, ան շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց Համայնքապետին, հալէպահայ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ շնորհքը եւ ողորմութիւնը հայցեց՝ սուրիական հայրենիքի անսասանութեան, անոր ժողովուրդին փրկութեան եւ ի մասնաւորի ժողովուրդի եւ հոգեւորականութեան վերածաղկումին համար, մաղթելով որ 100 ամեակը նոր երթի, նոր յաղթանակի ցուցանիշ դառնայ: Ապա ընթերցուեցան այս առիթով եղած շնորհաւորագիրներն ու նուիրատուութիւնները: Ցուցահանդէսէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճը հիւրընկալեց համայնքապետերը որոնց կողքին էին Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները եւ այլ պատասխանատու անձեր:

Տեղին է նշել, որ յիշեալ ձեռնարկը ծրագրուած ու իրականացած էր շնորհիւ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանի եւ Եկեղեցւոյ Մշակութային յանձնախումբի անխոնջ աշխատանքին, որպէս գրաւական հալէպահայութեան գոյութեան եւ գոյատեւման աննկուն կամքին:

ՆՈՐԱ ՏԱՆԱԿԷՕԶԵԱՆ – ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ