ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆ ՈՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔԸ

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆ ՈՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔԸ

Ամերիկահայութեան Թանգարանի վարչութիւնը, որ կազմուած է անցեալ Օգոստոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին կողմէ, հաղորդագրութեամբ մը հրապարակած է Կլէնտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ծրագրին խորհրդանիշն ու համացանցային կայքը՝ ծրագրի մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու եւ ծրագրին մանրամասնութիւնները հանրութեան ներկայացնելու նպատակով։ Ծրագրին նպատակն է հաստատել Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը, որ միաժամանակ նախապաշարումներու դէմ պայքարելու կեդրոն մը դառնայ։

Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական ինը կազմակերպութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Մ.Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը։

Թանգարանի համացանցային կայքին վրայ պիտի տեղադրուին տեղեկութիւններ թանգարանի ցուցահանդէսներուն, իրականացուելիք ծրագիրներուն եւ վայրի մասին։ Անիկա նաեւ միջոց մը պիտի ըլլայ թանգարանի մասին առաջարկներ փոխանցելու վարչութեան։ Թանգարանի համացանցային կայքի հասցէն է

www.armenianamericanmuseum.org

Թանգարանին խորհրդանիշը գեղարուեստական ներկայացում մըն է Արարատ լերան, դիտուած Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանէն։ Խորհրդանիշին մէջ Արարատ լերան զոյգ գագաթները կու գան կազմելու թանգարանի անգլերէն անուան երեք բառերուն առաջին գիրերը։

Նշենք որ թանգարանը պիտի կառուցուի Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դիմացի հրապարակին վրայ։