ՄԱՅՐ ՈՒ ԶԱՒԱԿ ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՄԱՑ

ՄԱՅՐ ՈՒ ԶԱՒԱԿ ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՄԱՑ

Ի տես այն սպառիչ աշխատանքին եւ նիւթական միջոցներուն զորս հրատարակչատուները, երբեմն նոյնիսկ անհատներ եւ մասնաւորաբար Համազգայինի Վահէ Սեթեան Հրատարակչատունը ի գործ կը դնեն ի խնդիր հայկական դպրութեան տարածումին ու ծանօթացումին, Մատթէոսի Աւետարանէն փոխ առնելով առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի այն խօսքը թէ «հունձքը առատ է, բայց աշխատաւորները սակաւաթիւ», փոխաբերաբար պէտք է ըսել որ լիբանանահայ հրատարակչատուներու եւ մասնաւորաբար Համազգայինի 2015-ի հունձքն ալ իրապէս առատ էր, եւ ոչ միայն առատ, այլ բարձրորակ, ընտիր, գերազանց եւ ասիկա՝ շնորհիւ թերեւս սակաւաթիւ բայց նուիրեալ մշակներու տքնաջան աշխատանքին։ Աշխատանք մը՝ որ ներկայ պայմաններուն տակ հոսանքն ի վեր թիավարելու նման՝ մեծ ուժ կը պահանջէ։ Միւս կողմէ սակայն, գաղտնիք չէ որ սակաւը՝ այդ հունձքէն օգտուողներուն, անկէ հոգեմտաւոր սնունդ ստանալու տրամադրութիւն ցուցաբերողներուն՝ ընթերցասէրներուն, գրասէրներուն ու գրքասէրներուն թիւն է։

Յաճախ, մենք մեզ կը մխիթարենք ըսելով որ գիրք կարդացողներու թիւին նահանջը միայն հայերուս յատուկ չէ, այլ համաշխարհային երեւոյթ է։

Համաշխարհային կամ հայկական, այս իրողութեան պատճառները բազմաթիւ են՝ տնտեսական դժուարութիւններէն սկսեալ մինչեւ ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները, համակարգիչն ու համացանցը, բայց պիտի անդրադառնամ միայն իրականութեան մը՝ որ կը կարծեմ թէ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութեան, յատկապէս նոր սերունդին մօտ հետաքրքրութեան նահանջին հիմնական պատճառներէն մէկն է։

Պիելի մէջ տեղի ունեցած ֆրանքոֆոնիի ցուցահանդէսներէն մէկուն ընթացքին, ուշադրութիւնս գրաւեց մանուկներուն վերապահուած անկիւն մը, ուր նկատեցի թէ երեխաներ, տղաք եւ աղջիկներ, տարբեր տարիքի, 10-12 տարեկանէն ոչ աւելի մեծ, աթոռակներու, բարձիկներու եւ մինչեւ իսկ գետինը կարպետի մը վրայ նստած ինչպիսի հետաքրքրութեամբ կը թերթատէին հրատարակութիւններ, եւ ոչ միայն մանկական։ Աւելի ուշագրաւը այն էր որ մայրեր, իրենց զաւակներու կողքին նստած կամ կանգնած՝ յայտնապէս միացած էին անոնց հետաքրքրութեան, աւելին՝ կը քաջալերէին, կը խթանէին անոնց հետաքրքրութիւնը, ինչպէս որ նկատեցի երբ փորձեցի հետաքրքրուիլ անոնց հետաքրքրութեամբ։ Ըսին թէ եկած են ընտրելու այն ինչ որ տան մէջ միասի՛ն պիտի կարդան։

Միասի՛ն՝ մայր ու զաւակ գիրքին դիմաց։

 

Նախանձելի այս երեւոյթը լուրջ խորհրդածութեան մղեց զիս։ Մտածեցի թէ ինչքա՜ն կարեւոր է մօր դերը զաւակներու ճաշակի ու նախասիրութիւններու մշակումին մէջ, որուն ոլորտը ընդարձակ է անշուշտ, բայց ակնարկս գիրքի մասին է։ Մտածեցի թէ եթէ մայրը այդ ճաշակն ու նախասիրութիւնը ի սկզբանէ չունի, կամ եթէ ունի բայց չի զգացներ, զաւակը ուրկի՞ց պիտի ստանայ զայն։ Միայն դպրոցէ՞ն։ Չէ՞ որ զաւակին դաստիարակութիւնը կը սկսի տունէն՝ կ’ըսենք, առանց դաստիարակութիւն հասկացողութեան մէջ խորանալու։

Mother reading with her son

Ես ինծի հարց տուի թէ այս դաստիարակութեան շրջագիծէն ներս արդեօք քանի՞ հայ մայրեր իրենց զաւակներուն մօտ ընթերցասիրութեան ու գրականասիրութեան ճաշակը, եթէ ունին անշուշտ, զարգացնելու համար այսպիսի պարտականութեան մը կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունին եւ ժամանակ կը տրամադրեն այդպիսի պարտականութեան մը։ Հարցադրումիս արդար պատասխան մը գտնելու նպատակով, ձեռնարկեցի լրագրողի փոքր հարցաքննութեան մը հայ ընտանիքներէ ներս։ Արդիւնքը, մեղմ ըսած, յուսադրիչ չէր։ Զրուցակիցներս, քիչ բացառութեամբ, չունէին կա՛մ այդ ճաշակը ու նախասիրութիւնը եւ կամ ալ… ժամանակը։ Թերեւս ժամավաճառութիւն սեպելով նման աշխատանք մը։ «Ժամավաճառ եղէք ձեր զաւակներուն հետ» կ՛ըսէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ամենօրեայ քարոզներէն մէկուն մէջ, ըսել ուզելով որ ծնողք բաւարար ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց զաւակներուն, բաւարար չափով չեն զբաղիր անոնցմով։ Պապին ակնարկած «ժամավաճառութեան» տեսակն է որ կը պակսի այսօր ծնողներուն։ «Ժամավաճառութիւն» մը որմէ շատ բան կախեալ է սերունդներու հոգեմտաւոր զարգացման, նախասիրութիւններու ու ճաշակի մշակումին համար։

Մենք առաւելաբար եւ երբեմն նոյնիսկ միա՛յն Հայ դպրոցէն, հայ դաստիարակէն, հայերէնի ուսուցիչէն կ’ակնկալենք հայ աշակերտին մօտ հայերէն գիրքին ու գրականութեան հանդէպ սէր մշակելու պարտականութիւնը։ Չէ՞ք կարծեր որ մեր այս ակնկալութեան ուղղութիւնը եթէ ոչ առաւելաբար գէթ հաւասարապէս պէտք է ուղղել նաեւ դէպի չեմ ըսեր ընտանիքը, այլ ընտանիքին մա՛յրը։ Եթէ կը կարծէք, պէտք է, ուրեմն, մայրերը եւ յատկապէս երիտասարդ մայրերը ներգրաւել ընթերցասիրութեան, գրականասիրութեան, գրքասիրութեան ճաշակը իրենց զաւակներուն մօտ մշակելու աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մէջ, եւ ի հարկին այս ուղղութեամբ նա՛խ մայրերը դաստիարակելու ու նախապատրաստելու աշխատանք տանիլ։ Այսպիսի աշխատանք մը՝ մեր մշակութային կազմակերպութիւններուն հետ տանելու կոչուած են նաեւ ազգային եւ եկեղեցական մարմինները՝ որոնք շրջապատուած են կանանց միութիւններով։

Չի՛ բաւեր հիանալ հրատարակութիւններու առատ հունձքին վրայ եւ ծափահարել հունձքին մշակները ու հոսանքն ի վեր թիավարելու անոնց յամառութիւնը, այլ հարկ է տունէն սկսեալ սերունդները այդ հունձքին հաղորդակից դառնալու ճաշակով օժտելու ծրագրեալ աշխատանք կատարել։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ