Ս. ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ»

Ս. ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ»

Ս. Վարդարանին նուիրուած ամիսը (Հոկտեմբեր) սկսաւ Սպանիայէն եւ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհ յատկապէս երբ, 28 Յուլիս 1868-ին, Երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետը զայն հաստատեց Տիեզերական Եկեղեցիին համար:

Դարաւոր «Ուրախութեան խորհուրդներուն» կը յաջորդեն «Լոյսին խորհուրդները», զորոնք 16 Հոկտեմբեր 2002-ին ներմուծեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը:

Անոնց առաջինն է «Յիսուսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ՝ Ս. Յովհաննէսէն», որ իր խոնարհամիտ անարժանութենէն թելադրուած՝ մերժեց մկրտել իր Փրկիչը:

Կը խորհրդածենք Յիսուսի խոնարհութիւնը, կը գիտակցինք մեր մեղաւորութեան, կը մօտենանք Ապաշխարութեան Խորհուրդին եւ կը խոստովանինք մեր մեղքերը:

Վարդարանն ու այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ը, զոր իւրաքանչիւրս աղօթելու է սրտանց, զիս, քեզ արժանի կ’ընեն լսելու.«Դուն ես սիրելի որդիս, քեզի հաճեցայ»:

Լոյսին երկրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի առաջին հրաշագործութիւնը՝ Կանայի հարսանիքին», զոր ըրաւ իր Մօր ազդու միջամտութեան վրայ ու բարեխօսութեամբ:

Փափկանկատ ու միջնորդ մեր Մայրն է Մարիամ, որուն ուշադրութիւնը կարիքաւորին հանդէպ թող մղէ մեզ արթուն եւ գործօն ըլլալու նկատմամբ մեր մերձաւորին:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ը սրտաբուխ խնդրանքը թող ըլլայ Սիրամօր ուղղուած, որ գործադրենք իր խօսքը.«Որդիս ի՛նչ որ հրամայէ ձեզի, ըրէ՛ք» (Յվհ. 2,5):

Լոյսին երրորդ խորհուրդն է «Աստուծոյ Արքայութեան աւետումը», որուն նախերգանքն է քարոզիչ Փրկչին այս հրահանգը. «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը հասած է: Ապաշխարեցէ՛ք ու հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մրկ. 1,14-15):

Ս. Վարդարանն ըլլալով համառօտ աւետարանը Որդիին եւ Մօր կեանքին գլխաւոր դէպքերուն մասին՝ նաեւ ապաշխարանքի ու հաւատքի հրաւիրող աղօթքն է:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ը մեզ դարձնէ՜ ապրողներ ու մունետիկներ Աստուծոյ Արքայութեան, որ կը սկսի հո՛ս, ա՛յս կեանքին մէջ, ամէ՛ն րոպէ եւ ամէ՛ն տեղ:

Լոյսին չորրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի այլակերպութիւնը», որուն վկաներն ըլլալու ենք մենք, որ կարենանք պայծառակերպել մեր անձերն ու շրջապատը՝ անսալով Տիրոջ այս հատու հրահանգին.«Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդոց աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Հօր, որ երկինքն է» (Մտթ. 5,16):

Ջերմեռանդօրէն մեր աղօթած «Ողջոյն Քեզ»ը թող ըլլայ մեզի համար զօրացնող ազդակը իւրացնելու երկնաւոր Հօր այս հրամայաշեշտ խօսքը. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, զոր Ես հաճեցայ ընտրել. Անոր մտիկ ըրէ՛ք» (Մտթ. 17,5):

Լոյսին հինգերորդ խորհուրդն է «Ս. Հաղորդութեան հաստատումը», որով Յիսուս՝ ԱստուածաՄարդ Սէրը ուզեց մեզի հետ մնալ «ամէն օր, մինչեւ վերջը աշխարհին»:

Երբ կ՚աղօթենք վարդարանը Տապանակին առջեւ, թէ՛ կը սիրենք անոր մէջ ներկայ Աստուած-Փրկիչը Մարիամի Սրտով եւ թէ՛ Որդիին կ՚ընծայենք Մօր պաշտամունքը:

Սրտով աղօթած «Ողջոյն Քեզ»ը թող սորվեցնէ մեզի դարձնել մեր առօրեան ինքնամոռաց նուիրում մը Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Ազգին, Ընկերին եւ մեր միջավայրին:

Կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ, որ «Լոյսին խորհուրդներուն» մտածութեամբ՝ Մարիամի հետ յար վերապրի՛նք Յիսուսի լուսաւոր եւ լուսաբաշխ դէպքերը, որպէսզի զանոնք միշտ վերապրեցնենք մեր խօսքին, գործին եւ շրջապատին մէջ:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ