Վերջ այն եկեղեցւոյ որ կը դատէ

Վերջ այն եկեղեցւոյ որ կը դատէ

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը` գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 2015-ի Հոկտեմբերին նոր էջ մը բացաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը քննարկելով ժամանակակից քրիստոնեայ ընտանիքին հայող խնդիրները` ինչպիսին են մասնաւորաբար ամուսնալուծումները, ամուսնալուծուած եւ վերամուսնացած զոյգերու պարագան, կրցաւ որոշ եզրակացութեան մը յանգիլ հաւատացեալները մտատանջող այդ խնդիրներուն շուրջ:

Արդարեւ, շնորհիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յորդորներուն, Եկեղեցին անխառն հաւատքով հաստատեց Քրիստոսի Եկեղեցւոյ ողորմածութիւնը եւ դատելու պարտականութեան չափանիշները:

Վերամուսնացած զոյգերու պարագան` Վատիկանին եւ Սուրբ Աթոռին համար եղաւ ամէնէն աւելի վիճարկուած եւ հրատապ հարցը` սիւնհոդոսական հայրերու եւ զանազան եկեղեցիներու կողմէ քննադատութիւններ եւ հարցադրումներ կատարուած ըլլալով:

Լեհ եւ ափրիկեցի եպիսկոպոսները յայտնեցին իրենց մտավախութիւնները եւ ընդդիմութիւնը հարցին ողորմածութեամբ մօտելու գաղափարին, այն մտավախութեամբ որ այսպիսի մօտեցում մը` դիւրացնելով քրիստոնեայ ընտանիքին բաժանումը, կրնայ վտանգել Եկեղեցւոյ դիրքը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Ամուսնութիւն» հասկացողութիւնը :

Սակայն, ուրիշ եպիսկոպոսներ ուզեցին ամուսնական դժուարութիւններու մէջ գտնուող զոյգերուն գնահատութիւնը կատարել տարբեր չափանիշներով, որդեգրելով զանոնք հաշտութեան եւ համերաշխութեան շնորհքի ճամբուն մէջ դնող քայլեր:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ որ Եկեղեցին նզովքներ չի բաժներ, այլ կը հռչակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը, հակառակ անոնց որոնք կը փորձեն Աւետարանը դարձնել ուրիշները հարուածելու սահմանուած «անշունչ քարեր»:

Անշուշտ կարելի չեղաւ համակողմանի լուծումներ գտնել ընտանիքին սպառնացող բոլոր դժուարութիւններուն ու կասկածներուն, սակայն ասոնք դրուեցան հաւատքի լուսարձակին տակ եւ դիմագրաւուեցան առանց վախի եւ առանց գլուխներու աւազախրումի:

Այսպէս, պելճիքացի եպիսկոպոս մը կը յայտարարէր թէ Եկեղեցւոյ համար այլեւս մարդիկը դատելու հարց չի կրնար ըլլալ, այլ կը գտնուինք Եկեղեցւոյ մը առջեւ որ մտիկ կ՛ընէ ու կը զրուցէ խանդաղատանքով: Այս հոգիով ալ այսօր կրնանք ըսել թէ ընտանիքին հայող խնդիրներուն Եկեղեցւոյ մօտեցումը հիմնուած է միայն սիրոյ եւ ներողամտութեան վրայ:

Անտրէ Փօլ, ֆրանսացի աստուածաբանը, Սիւնհոդոսէն առաջ կը գրէր թէ քրիստոնեայ ընտանիքը այլեւս կորսուած է եւ գոյութիւն չունի: Ան կ՛ակնկալէր որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատը դնէ ընտանիքին վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ եւ որոշ ողորմածութիւն տրուի դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն:

Այս բոլոր մտահոգութիւններուն ի տես, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եկաւ բոլոր պարագաներուն տակ զգուշացնելու վարդապետութեան ետին թաքնուելու փորձութենէն:

Յամենայնդէպս, Սիւնհոդոսը ցոյց տուաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը` խիղճերը շարժելու համար աշխուժօրէն եւ անկեղծութեամբ վիճաբանելով ընտանիքի եւ զայն յուզող խնդիրներու մասին:

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետներուն համախմբումը վկայեց բոլորին թէ Եկեղեցին կը մնայ մայրը իւրաքանչիւր հաւատացեալին եւ Եկեղեցւոյ համար Աւետարանը կը մնայ յաւերժական սկզբնաղբիւրը ամէն նախաձեռնութեան: Եկեղեցին վերահաստատեց իր մօտիկութիւնը աղքատին ու տկարին, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն որոնք ապաշխարութեան կը ձգտին:

Սբ. Յովսէփի եւ Մարիամի ընտանիքը իր հաւատքով, սիրով եւ միութեամբ միշտ օրինակ է քրիստոնեայ ընտանիքին: Մեզի կը մնայ պաշտպանել սուրբ ընտանիքը որ օրհնուած է Աստուծոյ կողմէ:

«Ընտանիքը Աստուծոյ հայելին է, որուն մէջ նայելով կը կատարուին ամենագեղեցիկ երկու հրաշքները` նոր կեանքի ստեղծագործութեան հրաշքը եւ սիրոյ ներշնչման հրաշքը», կ՛ըսէ ֆրանսացի գրող Տիտիէ Տէքուան: Այսինքն Աստուծոյ ամէնէն գեղեցիկ շնորհքները եւ հրաշքները կը տեսնենք սուրբ եւ միացած ընտանիքին մէջ:

Մեզի կը մնայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ աշխատիլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ժամանակակից մարդուն քարոզելու Աւետարանը, ուր Աստուած մեր մարդկային հաշիւներէն անդին կ՛երթայ, որովհետեւ իր փափաքն է որ բոլոր մարդիկ քալեն Աստուծոյ փրկչագործութեան ճանապարհէն:

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ.ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ