Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց իր ամենօրեայ քարոզներէն մէկուն մէջ, այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այսօր աշխարհի համարեայ բոլոր կողմերը՝ համաշխարհային պատերազմ մըն է՝ «կտրատուած»։ Այլ խօսքով, ահաբեկչութեան հետեւանքով յառաջացած եւ անոր դէմ մղուող շրջուն պատերազմ մը, որ համաշխարհային ծաւալ ստացաւ ահաբեկչական յարձակումներուն աշխարհագրական շրջագիծի ընդարձակումով՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ եւրոպական ցամաքամաս եւ աւելի հեռուներ։
Ոճրային պայթումներուն, խափանարարական գործողութիւններուն, սպանութիւններուն, մէկ խօսքով՝ ահաբեկչական արարքներուն յարաճուն տարածումը համաշխարհայնացուց զօրաշարժը՝ վայրագութեան եւ չարագործութեան մէջ յաճախ իրարու մրցակից մեծ ու փոքր խմբակներուն դէմ։ Այսուհանդերձ, այս զօրաշարժին տարբեր համեմատութիւններով ու ձեւերով մասնակցող աշխարհի այսպէս նկատուած «գերմեծերը» ու «հզօրները» կա՛մ անկեղծ չեն ահաբեկչութեան ալիքին վերջ դնելու իրենց խոստումներուն ու այս նպատակով համապատասխան միջոցներուն դիմելու իրենց վճռականութեան մէջ, կամ պարզապէս անզօր են ահաբեկիչներու բանակի մը դէմ, որուն գազանաբարոյ զինուորագրեալները «կորսնցնելիք բան մը չունեցող»ի հոգեբանութեամբ կը շարունակեն կործանել համաշխարհային քաղաքակրթութեան խորհրդանիշերը, տեղահանել ու փախուստի մատնել ժողովուրդներ, կատարել անմեղ մարդոց մասսայական սպանութիւններ եւ ահուսարսափի մատնել միջազգային հասարակութիւնը։
Այսպիսի կործանարար ուժ մը, որ յայտնապէս օժտուած է պատերազմի մահասփիւռ արդիագոյն զէնքերով, ընտելացած է անոնց գործածութեան ու կը գործէ միայն մահ ու աւեր սփռելու նպատակով, ինքնածին ու ինքնավար հոսանք մը կամ պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ գործող կարգերու դէմ ընդդիմադրութիւն խաղցող շարժում մը։ Սպաննելէ, բնաջնջելէ ու կործանելէ բացի, ի՞նչ է անոր հեռակայ նպատակը։ Ո՞վ է անոր ետին կանգնողը, զայն հովանաւորողն (ներն) ու մատակարարողը (ները)։
Նպատակին ու հովանաւորողներու մասին գուշակութիւնները ձգելով քաղաքական վերլուծաբաններուն, անուրանալի իրողութիւն է որ այս ողբերգական իրավիճակէն առաջին եւ գլխաւոր օգտուողները զէնքի մաքսանենգներն ու վաճառականներն են՝ որոնք դրամ դիզելով զբաղած են, եւ ապա՝ նպատակին հասնելու համար «միջոցին միջեւ խտրութիւն չդնող» մարդիկ, թերեւս պետական գործիչներ, որոնք կրնան նոյնիսկ միջազգային բեմերէն յայտնուիլ խաղաղութեան միջնորդի ու հաշտարարի դիմակով, խաղաղասիրական ու մարդասիրական կեղծ կարգախօսներով, միւս կողմէ խոչընդոտելով խաղաղարար ամէն նախաձեռնութիւն։ Հետեւաբար, խաղաղութեան վերահաստատումը անարգել դարձնելու առաջին պայմաններէն մէկը զէնքի վաճառականներուն ու «միջոցին միջեւ խտրութիւն չդնող» մարդոց չէզոքացումն է։
Ո՞վ պիտի կարենայ ընել ասիկա եւ ինչպէ՞ս։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ