Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Դատապարտագիրը

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Դատապարտագիրը

Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Սիրելի Պարոն Նախագահ,

Ապրիլի 1-2 գիշերուան ընթացքին, Ատրպէյճանին կողմէ սանձազերծուած նախայարձակ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծի երկայնքին տեղի ունեցող բախումներու մասին մեզի հասած լուրերը խորապէս ցնցեցին մեզ։ Մօտէն հետեւելով Ատրպէյճանի յարձակողական արարքներուն հետեւանքով ստեղծուած եւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութիւնը վտանգող կացութեան զարգացումներուն, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զոհերու հարազատներուն մեր խորին վշտակցութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատումին ի խնդիր մեր աղօթքներուն կը միացնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Ղարաբաղի պետութեան, անոր քաջարի բանակին ու հերոս ժողովուրդին, միաժամանակ կոչ կ՛ընենք միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ միջամտութիւնները կատարելու անյապաղ՝ վերահաստատելու համար զինադուլը եւ բանակցային գործընթացը։ Կը վստահեցնենք ձեզ որ մեր բոլոր շփումներու ընթացքին, մասնաւորաբար միջազգային մակարդակի վրայ, մեր զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրենք ատրպէյճանական նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած վտանգալից կացութեան վրայ եւ պահանջենք անոնց կողմէ դատապարտումը ատրպէյճանական նախայարձակումին եւ անոնց խաղաղասիրական միջամտութիւնները։

 

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց