Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Յարութիւնը` Մեր Հաւատքին Հիմը
«Եթէ յարութիւն առած չըլլար…»
Երկու հազար տարիէ ի վեր կ’աւետենք եւ կը յիշատակենք դէպք մը որուն նմանը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ. Քրիստոսի յարութիւնը: Այդ դէպքը սակայն լոկ յիշատակութիւն չէ, որեւէ այլ պատմական դէպքի նման` օր մը պատահած եւ ապա անհետացած անցեալի մշուշին կամ պատմութեան էջերուն մէջ: Յարութիւնը ոգեկոչո՛ւմն է վերապրումին անձի մը, որ եկած է աշխարհ` ապրելու, մեռնելու եւ ապա վերապրելու համար կեանք մը` որ այնուհետեւ մահ պիտի չճանչնայ:
Քրիստոս` իր կեանքին սկիզբէն գիտակից էր եւ կամակից իր Հօր՝ որ մահը ճաշակէ, ամէն մարդու նման, հակառակ անոր որ Աստուծոյ Որդի է: Սակայն, ան եկաւ ո՛չ թէ մահուան ենթարկուելու կամ անկէ պարտուելու, այլ իր մահով մահը յաղթահարելու, նաեւ քաւելու մեղքը առաջին մարդուն, որ Աստուծոյ հրամանը զեղծանելով, ինքզինք մահկանացու դարձուց: Միայն աստուածային արարք մը կրնար սրբել այդ մահաբեր բիծը որ ամբողջ մարդկային սերունդին դատապարտութեան պատճառ դարձաւ:
Քրիստոս երեք տարի միայն ապրեցաւ մարդոց միջեւ: Մարդկային դատումով` այդ քիչ էր նոր վարդապետութիւն մը հիմնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար, մանաւանդ ժողովուրդի մը կողմէ՝ որ իր նախապաշարումներով ու կարճամտութեամբ անթափանց էր ո՛րեւէ նո՛ր կրօնքի` որ կրնար վերջ դնել կարծուած մենաշնորհի մը` Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն ըլլալու:
Հրեայ ժողովուրդին մեսիական ընբռնումը հիմնովին ցնցելու եւ յեղաշրջելու պաշտօնը վիճակուեցաւ, անիմանալի կերպով, Քրիստոսի ոխերիմ մէկ թշնամիին, որ քրիստոնեաներու անողոք հալածիչը եղած էր. Սաւուղը, փարիսեցիի զաւակ, որ ապա դարձաւ Պօղոս: Ան չէր ճանչցած Քրիստոսը անոր կենդանութեան. ճանչցաւ զայն` յետ շանթահարուելուն Աստուծոյ լոյսէն, Դամասկոսի ճամբուն վրայ: Քրիստոնեաները հալածելու առաքելութեամբ լիազօրուած եւ այդ ծրագրով ճամբայ ելած` ան յանկարծ դարձաւ մեծագոյն ջատագովը Քրիստոսի, անոր փրկագործ մահուան եւ յարութեան, ուստի եւ անոր աստուածային բնութեան:
Յախուռն առաքեալ դարձած Պօղոսը, արիաբար, ի դէմս Հրեային եւ հեթանոսին, հռչակեց Յիսուսի յարութիւնը, զայն որակելով ո՛չ միայն հրաշալի ու եզակի դէպք մը, այլ հիմն ու մեկնակէտը մեր հաւատքին, աղբիւրը մեր յոյսին եւ գրաւականը մեր փրկութեան: Ան չվարանեցաւ քարոզելու թէ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքն ու յոյսը ցնորքի պիտի վերածուէին ու ցնդէին երազի նման: Ահա՛ իր դաւանանքը՝ ուղղուած նորադարձ Կորնթացիներուն.
«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, ընդունայն պիտի ըլլար մեր քարոզութիւնը, ուստի ընդունայն` նաեւ մեր հաւատքը»(Ա. Կրն. 15, 14): Այլ խօսքով` պիտի դադրէինք հաւատալէ Քրիստոսի աստուածութեան, խաբկանք պիտի համարէինք իր վարդապետութիւնը, պիտի մերժէինք ընդունիլ զայն իբր աշխարհի սպասուած փրկիչը: Մէկ խօսքով, քրիստոնէական կրօնքը պիտի վերածուէր մոռցուած առասպելի մը:
Պօղոս դե՛ռ աւելի հաստատելու համար իր համոզումը, պատրաստ է նոյնիսկ ինքզի՛նքը դատապարտելու` եթէ երբեք ի յայտ գայ թէ իր քարոզածը սուտի վրայ հիմնուած է. «Մենք Աստուծոյ սո՛ւտ վկաներ պիտի հանդիսանանք, քանի որ կը վկայենք Աստուծո՛յ դէմ, ըսելով թէ ան Քրիստոսը յարոյց, մինչդեռ չէ՛ յարուցած»: Սոսկալի գրաւ մը զոր Պօղոս պիտի չհամարձակէր ընել եթէ բացարձակ ստուգութիւն չունենար թէ իրեն համար յարութիւնը անհերքելի իրողութիւն է:
Իսկ մենք, այսօր, Պօղոսի հաւատակիցներս, անդրդուելի հաւատքով կը հաւատանք թէ յարութիւնը առասպել չէ, այլ պատմական ստոյգ իրողութիւն, որու վաւերականութիւնը հաստատելու համար, առաքեալները եւ անոնց յաջորդներէն բիւրաւորներ` իրենց արիւնը զոհեցին, վկայելու համար թէ ուրուականի մը հաւատալով, անոր վրայ չեն դրած իրենց վստահութիւնը, այլ Աստուծոյ Որդիին` որ մեզ փրկելու համար չգոհացաւ մարդ ըլլալ, այլ կամովին նուաստացաւ եւ ուզեց մեռնիլ, երեք օր ետք կրկին կեանք ստանալու համար իր Հօրմէն: Կը հաւատանք հրեշտակին որ ըսաւ Յիսուսի մարմինը փնտռողներուն. «Մի՛ փնտռէք զինքը գերեզմանին մէջ. հոս չէ ՛, յարութի՛ւն առաւ»:
Ահա՛ բարի լուրը որ հասաւ մեզի եւ պիտի փոխանցուի դարէ դար եւ սերունդէ սերունդ, ցկատարածը աշխարհի: Մեզի կը մնայ ստանձնել աւանդը եւ դառնալ անոր վկաները, միացած աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն: Ա՛յդ կ’ընեն այսօր բոլոր անոնք որ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, Քրիստոսը կը դաւանին ի գին իրենց արեան: Մեր մտածումը բնականաբար կ’երթայ այդ անթիւ անմեղներուն, որոնց միակ յանցանքը Քրիստոսի հաւատարիմ մնալն է, եւ որ այս զատկական օրերը կ’ապրին իրենց յարկերէն հեռու, ենթակայ անտանելի զրկանքներու, վախի, անօթութեան, ի դիմաց անստոյգ ապագայի, զոհ երթալով խիղճէ եւ արդարութեան զգացումէ զուրկ ղեկավարներու:
Մեր սրտագին աղօթքն է նաեւ, մանաւանդ ա՛յս օրերուս, որ մեր այս սիրելի երկիրը, Լիբանանը, օր առաջ դուրս ելլէ անկայուն ու տագնապալի վիճակէն որու դատապարտուած է կարգ մը մարդոց անտարբերութեան ու անձնասիրութեան հետեւանքով:
Կ’աղօթենք յատուկ կերպով մեր մայր Հայրենիքին բարօր ու երջանիկ ապագային համար, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը անոր ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին վրայ:
Սիրելիներ,
Զատիկը անցքն է Քրիստոսին` մահէն դէպի կեանք: Մեր կեանքը եւս կազմուած է անցքերէ. գլխաւորաբար անցք` մեղքի հոգեւոր մահէն դէպի անանց կեանք եւ գերութենէն` ազատութիւն: Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ ազատագրուիլ շատ մը կապանքներէ` որոնք կը կոչուին դրամապաշտութիւն, հեշտասիրութիւն,սուտ ու կեղծիք, անիրաւութիւն, ոխ ու ատելութիւն: Մենք մաքրուա՛ծ ենք Մկրտութեան խորհուրդով, մաքրութիւն` զոր ստէպ կը կորսնցնենք հեռու ապրելով Աստուծոյ շնորհքէն: Մեզի կ’իյնայ, ջանք ընելով, մաքրուիլ հոգեպէս եւ տեւապէս, մանաւանդ այս զատկական տօներուն եւ շնորհքի յոբելինական տարուայ ընթացքին որ նուիրուած է Ողորմութեան, եւ մեզի կը ներկայացնէ պատեհութիւնը` հաշտուելու Աստուծոյ եւ մարդոց հետ:
Սիրելինե՛ր, մեղքի գերութիւնը յորեգո՛յն գերութիւնն է: Թօթափենք մեր վրայէն անոր շղթաները որ մեզ չարին ստրուկ կը դարձնեն եւ շնորհազուրկ կ’ընեն:
Թող այս սուրբ Զատիկը ըլլայ մեր զարթնումի նոր հանգրուանը դէպի ազատութիւն, վերածնունդ եւ նոր յոյս: Կեանքը որ բխեցաւ Յիսուսի գերեզմանէն՝ թող միացնէ մեզ յարուցեալ Քրիստոսին, որպէսզի իրաւունքն ունենանք անոր յաւիտենական կեանքին ու փառքին բաժնեկից դառնալու:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՃՇՄԱՐՏԱՊԷ՛Ս ՅԱՐԵԱՒ:
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց