Փորձել խնդրել Աստուծմէ ինչ որ կը փափաքիս

Փորձել խնդրել Աստուծմէ ինչ որ կը փափաքիս

Մեր աղօթքները յաճախ կը փորձենք սկսիլ Աստուծոյ ներկայացնելով մեր խնդրանքները՝ աղօթքը վերածելով սակարկութեան, կարծելով որ սովորական առեւտուրի նման մեր ուզածը կրնանք գնել, փոխանակել կամ ծախել։ Այսուհանդերձ, յաճախ կ’ամչնանք խնդրելու ինչ որ կը կարծենք թէ անպայմանօրէն անհրաժեշտութիւն մըն է մեզի համար։ Անհրաժեշտ կարիք մը։

Աւետարանի էջերուն մէջ կը հանդիպինք Յիսուսին խնդրանք մը ներկայացնելու համարձակութիւնը եւ քաջութիւնը ունեցող անձերու ցուցաբերած այսպիսի կեցուածքներու նկարագրութեան։ Ոմանք իրենց կեցուածքը կ’արտայայտեն պոռալով, ինչպէս տասը բորոտները որոնք կը բացագանչեն «Յիսուս, Վարդապետ՛, գթա՛ մեր վրայ» (Ղկ 17, 13), երբեմն ալ ձեւերով, ինչպէս տեռատես կինը որ օր մը լսելով իր մասին, քաջութիւնը կ’ունենայ անցնելու ամբոխին քովէն որպէսզի իր զգեստը դպչէր առանց որեւէ խօսք մը ըսելու (Մարկ 5, 7)։

Այս մասին օրինակները կարելի է երկարել։ Սակայն, ուշագրաւը այն է որ բոլոր օրինակներուն հերոսները կը զգան միեւնոյն ոյժը։ Առանց վհատելու երթալ Յիսուսին եւ իրենց բաղձանքը ներկայացնել անոր։ Յիսուս երբեմն ի՛նքն է որ կ’երթայ տկարներուն մօտ, անոնց հարցնելու համար իրենց ցանկութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ կոյրին հետ երբ իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» (Ղկ 18, 4)։ Այս խնդրանքները կամ բաղձանքները ներշնչուեցան հաւատքէն, որովհետեւ Յիսուսին համար հաւատքը մեկնակէտն է բժշկութեան ու փրկութեան, ինչպէս հաստատեց Ինք հեթանոս կնոջ մը ըսելով «Հաւատքդ քեզ փրկեց»։։

Աւետարանին մէջ յաճախ կը կարդանք սա խօսքերը. «Խնդրեցէք եւ
պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բանան ձեզի» (Ղկ 11, 9)։

Այսօր, յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք թէ «ի՞նչ խնդրելու ենք Աստուծմէ», երբեմն ի մտի ունենալով մեր կեանքին համար որոշ դիւրութիւններ։ Բայց պէտք չէ Յիսուսը նկատենք կախարդ մը պարզապէս։ Մենք պէտք է անկեղծ սրտով ներկայանանք Աստուծոյ։ Պատմելու ենք թէ ինչպէ՛ս կ’ապրինք Հաւատքին մէջ եւ մտածելու ենք թէ ի՞նչ է մեզի համար այն շնորհքը զոր կրնանք առանց վախի խնդրել իրմէ։ Վստահութիւն ունենալու ենք Սուրբ Հոգւոյն վրայ որ կ’ապրի մեր մէջ մեր ծնունդէն ի վեր։ Ինքն է որ մեզի պիտի սորվեցնէ խնդրել եւ ընդունիլ այն ինչ որ Աստուած կ’ակնկալէ մեզմէ. Լաւագոյնը մեզի եւ բոլոր մարդոց համար։

Ջանանք մեր անձնական կեանքը վարել մեր օրուայ, ամսուայ եւ նոյնիսկ տարուան տօնացոյցին համաձայն, որուն մէջ դնենք մեր աղօթքներուն ու ջերմեռանդութիւններուն դիտաւորութիւնները, ինչպէս կ’ընեն ընդհանրապէս Սրբազան Քահանայապետերը, որոնց կը միանան աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր հաւատացեալներ, որովհետեւ աղօթքի դիտաւորութիւնը կ’օգնէ մեզի շարունակելու հոգեւոր կեանքին մէջ մնալ, շարունակելու պայքարը մեղքի ու փորձութիւններուն դէմ։

Երեք առիթներ կ’օգնեն մեզի քաջութեամբ Աստուծոյ ներկայացնելու մեր խնդրանքները։

Ա) Սուրբ Պատարագը։

Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագը լաւագոյն պահն է հաւատացեալին համար Աստուծմէ սորվելու աղօթելու ձեւը։ Մանաւանդ ՀԱՅՐ ՄԵՐ-ը արտասանելու պահը, որովհետեւ այս աղօթքին մէջ ամփոփուած են մեր խնդրանքներն ու մաղթանքները։ Հոն Եկեղեցին է որ մեզի կու տայ գեղեցիկ խօսքերով մեր Հօր հետ միանալու առիթը։

Բ) Անձնական Աղօթքը։

Անձնական աղօթքը ուրիշ պահ մըն է ուր իւրաքանչիւրը կը փորձէ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ եւ փորձել զինք համոզել որ ընդունի մեր իղձերը։

Գ) Աղօթքի դիտաւորութիւնները։

Աղօթքի դիտաւորութիւնները զորս Սրբազան Քահանայապետը կը դնէ բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալներուն առջեւ։

Աստուծոյ դիմելու այս երեք առիթները մեր հոգեւոր պարտականութիւնը կատարելու լաւագոյն պահեր են, որովհետեւ ամփոփումի այս սուրբ պահերու ընթացքին կը սորվինք ինչպէս աղօթել, ինչպէս հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ, ինչ խնդրել եւ ինչ ձեւով ու հանգիստ մտքով ու սրտով երկխօսութեան մէջ մտնել մեր Տիրոջ հետ։

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ