Երեքշաբթի, 1 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նորընտիր մեծաւոր` հայր Նարեկ Նաամոյեանի գերյարգելիական գաւազանի ու մատանիի տուչութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան սիւնհոդոսական հայրերուն, վարժարանի կղերաց եւ ժառանգաւորաց դասին, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը։
Աւանդական երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կոկիկ արարողութեան մը ընթացքին, Հայր Նարեկ Նաամոյեանին շնորհեց գերյարգելիի տիտղոսը, անոր յանձնելով գերյարգելիական գաւազանն ու մատանին։
Ապա, Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհի. Տէր Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան ընթերցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական Կոնդակը ուր ըսաուած է.- ՚՚… Ապաւինելով նախ Աստուծոյ շնորհքին եւ ապա վստահելով քու բարի կամքիդ ու առաքելական եռանդիդ, յոյսով ենք որ դուն պիտի համապատասխանես քու վրադ դրած մեր ակնկալութիւններուն եւ հանգամանօրէն ու արդիւնաւոր կերպով պիտի վարես քեզի վստահուած այս պաշտօնը…։ Ի նշան Մեր հայրական գնահատանքին ու վստահութեան, այս Հայրապետական Կոնդակով քեզի կը շնորհենք Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոս եւ միանգամայն իրաւունք` Լանջախաչ ու Վարդապետական Գաւազան կրելու՚՚։
Իր կարգին գերյարգելի հայր Նարեկ վրդ. Նաամոյեան շնորհակալական խօսք մը ուղղելով Հոգեւոր Տիրոջ ըսաւ.- ՚՚Այսօր եւս խոնարհութեամբ կը տրամադրեմ իմ բոլոր մտային եւ հոգեկան կարողութիւններս, ի սպաս այս պաշտօնի ծառայութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ՚՚:
Գերյարգելի վարդապետը ապա մէջբերեց երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի խօսքերը ու զանոնք որդեգրելով ըսաւ․ ՚՚Աշխատանքը ինծի, փառքը Աստուծոյ եւ պայծառութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ՚՚ ։
Արարողութենէն ետք, Հոգեւոր Տէրը, սիւնհոդոսական հայրերն ու գերյարգելի Նաամոյեանը շնորհաւորութիւնները ընդունեցան վարժարանի դահլիճին մէջ ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։