Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 7 փետրուար 2016, կիրակի իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն։ Այս առթիւ, Եկեղեցին եւ շրջաբակը զգեցած էին տօնական մթնոլորտ։ Ժողովրդապետութիւն ժամանումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներով՝ զորս հնչեցուց Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբը, ապա աւանդական հաց ու աղով՝ զոր հայկական տարազով պատանուհիներ հրամցուցին Հայրապետին։
Ժամը 10.30¬ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ուղեկցութեամբ արհիապատիւ տեարք Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանին եւ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, հանդիսաւոր թափօրով եւ երգչախումբին «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի մատուցանելու համար հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը առընթերակայութեամբ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ փոխ ժողովրդապետ հայր Աւետիք Յովհաննէսեանի։ Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած հոգեշունչ քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ արտայայտեց իր ուրախութիւնը Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն հանդիպելու այս առիթին համար՝ վստահեցնելով որ երբեք անոնցմէ հեռու եղած չէ, ապա անդրադարձաւ Մեծ Պահքի խորհուրդին։ Ան ըսաւ որ Մեծ Պահքը մեզ կը վերադարձնէ էականին, այսինքն Հայր Աստուծոյ, մեր Փրկչին եւ կը հանդիսանայ առիթ մը մոռնալու երկրորդականը, ֆէյսպուքներու նման զբաղումները՝ որոնցմով կլանուած ենք յաճախ, եւ վերահաստատելու մեր մտերմութիւնը Աստուծոյ հետ։ Ան ըսաւ որ Հայր Աստուած իր որդին մղեց անապատ՝ որպէսզի մեկուսանալով խոկայ ու մտածէ իր Հօր կամքի մասին քառասուն օրեր զրկանք ապրելով։ Հայրապետը շեշտեց Քրիստոսի օրինակին հետեւելու անհրաժեշտութիւնը նախապատրաստուելու համար մեծ օրուան, հրաշափառ Յարութեան, աղօթելով, կարդալով Սուրբ Գիրքը, սուրբ գրութիւնները որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ Աստուած մեզի հետ է ու կը զօրացնէ մեզ՝ քրիստոնեաներու շրջապատէն ներս թափանցած սատանայական ուժերուն դէմ մեր պայքարին մէջ։ Պէտք չէ վախնալ անոնցմէ երբ Աստուած մեզի հետ է։ Ան մեր մէջն է, կը բնակի մեր մէջ մեր մկրտութեամբ, մեր խոստովանանքով։ Հետեւաբար, աղօթենք եւ խնդրենք որպէսզի զօրացնէ մեզ սատանայական ուժերուն դէմ։ Աղօթենք որպէսզի այդ ուժերը դարձի գան եւ հրաժարին իրենց սատանայական ծրագիրներէն։Պէտք է հաւատանք մեզ զօրացնելու Յիսուսի կարողութեան։ Զօրանանք մեր հաւատքին մէջ։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ժողովրդապետ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր օրհնաբեր այցելութեան համար եւ հրաւիրեց զինք վառելու այս յիշարժան օրուան նուիրուած յատուկ մոմը։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պետողլեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան մը ընթացքին, ներկաները առիթը ունեցան շնորհաւորելու Հոգեւոր Տէրը եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։