Կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Զատկուան հանդիսաւոր Ս. պատարագ, հանդիսապետութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի:
Պատարագի ընթացքին գերապայծառ հայրը փոխանցեց Ս. Յարութեան տօնին պատգամը, որուն մէջ մասնաւորաբար նշեց, թէ «Զատիկը իմաստալից օր մըն է մեզի` քրիստոնեաներուս համար, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ անցքը մեղքէն դէպի ապաշխարութիւն, մահէն դէպի յարութիւն, խաւարէն դէպի լոյս:
«Յարութեան տօնը կը լուսաւորէ մեր կեանքին այն բոլոր հանգրուանները, որոնք կը բնորոշեն մեր էութիւնը: Յիսուսի մահէն դէպի կեանք անցքը մեր առջեւ կը բանայ մեզի աւելի հեռուն տանող ճանապարհը: Այսօր հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կրնանք երգել մեր «Ալէլուիա»ն, իրեն շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր գեղեցիկ շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս մեզի կը պարգեւէ:
«Քրիստոսի յարութեան առաջին վկաները եղան կիները եւ ոչ թէ առաքեալները, որովհետեւ անոնք զինք չլքեցին մինչեւ խաչը եւ պատիւը ունեցան յարութեան աւետիսը տալու առաքեալներուն եւ համայն մարդկութեան:
«Այսօր հրաւիրուած ենք մեր կարգին մեզի փոխանցուած «ջահը» հասցնելու մեր ժողովուրդին եւ բարձրաձայն յայտարարելու յարութեան հաւատքը:
«Այս տօնը կը տեւէ 50 օր: Այս ժամանակամիջոցը առիթ է հրաւէրը բոլորին հասցնելու քաջութիւնը գտնելու, որպէսզի բոլորը նոր կեանք մը ունենան:
«Փա՛ռք քեզի, ո՛վ Տէր Յիսուս, որ մեռած էիր եւ հիմա յարուցեալ: Պաշտպանէ կեանքս եւ զիս միշտ պահէ քու շնորհիդ մէջ»:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, որուն երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, Ս. Յարութեան տօնին շնորհաւորութիւնները ընդունուեցան եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ: