Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը գուժեցին վախճանումը, եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներով զօրացած, հայր Յովհաննէս ծ.վ. Սէֆէրեանի, անդամ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի 20 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ:
Հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ 9 մարտ 1919ին: Ան իր նախնական ուսումը Զմմառու վանքին մէջ աւարտելէ ետք, մեկնած էր Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան, ուր հետեւած էր իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքներու: Քահանայ ձեռնադրուած էր Հռոմ 1 ապրիլ 1945ին: Երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Լիբանան, Յորդանան, ապա Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը, որպէս հոգեւոր հովիւ: Յաւիտենական հանգիստ բարի առաքեալին:
Յուղարկաւորութիւն եւ Թաղման Կարգ
Հոգելոյս Հ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սէֆէրեանի
Չորեքշաբթի 27 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու վանքի Մայր տաճարին մէջ, կատարուեցաւ նորօք հանգուցեալ Հ. Յովհաննէս ծ. վ. Սէֆէրեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը:
Թաղման կարգը գլխաւորեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Հ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Գերապայծառ եպիսկոպոսներու, առաջնորդներու, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Հ. Գէորգ Ասատուրեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի, գերապատիւ վարդապետներու, Զմմառու վանքի վարչական հայրերու, արժանապատիւ քահանաներու, առաքինազարդ Քոյրերու: Թաղման ներկայ գտնուեցան նաեւ Զմմառու շրջակայ գիւղերէն ժամանած մայրապետներ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ «Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքի սաներ եւ հանգուցեալ վարդապետին հարազատներ:
Հոգեւոր Տէրը համապատարագ մատուցանեց բոլոր ներկայ հոգեւոր հայրերուն հետ, ի հանգիստ հանգուցեալին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հ. Յովհաննէս ծ. վ. Սէֆէրեանի քահանայական կեանքին, ըսելով. «Առաքինի վարդապետը իր քահանայական կեանքի 70 տարիներուն ընթացքին քսան եւ հինգ հազար սուրբ պատարագ մատուցած է մեծ ջերմեռանդութեամբ, որուն համար ուզեցի պատարագով սկսիլ թաղման կարգը»: Հոգեւոր Տէրը աւելցուց թէ «հանգուցեալը փոքր հասակէն սրբակեաց կեանք մը ապրած էր եւ իր շուրջիններուն բարի օրինակ հանդիսացած էր: Այս օրերուն եթէ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին անոր նման անձնուէր, հնազանդ քահանաներ ունենար, մեր գաղութներուն իրավիճակը բոլորովին բարգաւաճ կը դառնար»:
Պատարագէն ետք սկսաւ թաղման եկեղեցական կարգը, որուն ընթացքին կարդացուեցան Մարգարէական ընթերցուածներ, առաքելական թուղթեր եւ Աւետարանական հատուածներ: Որոնցմէ ետք՝ երգուեցաւ միաբան Հայրերու կողմէ «Ողջոյն քեզ Ս. Եկեղեցի» շարականը, որուն ընթացքին միաբանները իրենց վերջին յարգանքի տուրքը տուին հանգուցեալին: Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ, միաբան Հայրերը թափօրով ուղղուեցան միաբանական դամբարան, ուր ողբաձայն երգուեցաւ «Դարձ, անձն իմ, ի հանգիստ քո, զի Տէր կոչեաց զքեզ» սաղմոսը եւ կատարուեցաւ գերեզմանակարգը, միաժամանակ օրհնուեցաւ Տիրոջ ծառային՝ Հ. Յովհաննէսի հանգստեան հողը: Որմէ ետք աստուածային օրհնութեամբ դագաղը գերեզմանին մէջ զետեղուեցաւ: Հնչեցին եկեղեցւոյ սգոյ զանգերը, մինչ վարդապետները կ՚երգէին «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»:
Հանգուցեալ Հ. Յովհաննէսի թաղման կարգէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Զմմառու վանքի մայր դահլիճ, ուր ընդունուեցան ցաւակցութիւնները: