Ազգէն եւ Ազգին – Յովսիա Թագաւորը, Դուն եւ Ես

Ազգէն եւ Ազգին – Յովսիա Թագաւորը, Դուն եւ Ես

Սիրելի ընթերցող հայրս եւ մայրս, քոյրս եւ եղբայրս,

Նախորդ թիւերուն մէջ տեսանք եւ եզրակացութեան հասանք թէ կղերականը Ազգէն է եւ միշտ պիտի պատկանի Ազգին: Այժմ, նկատի ունենալով 21-րդ դարը եւ այն որ այսօր, հայ ազգը աւելի կարիքը կը զգայ Եկեղեցւոյ գուրգուրանքին եւ Եկեղեցին ալ իր կարգին կը զգայ այն կարօտը զոր ունի իր հայ ազգի որդիներուն հանդէպ, այսօր, սոյն փոքրիկ էջերուն եւ տողերուն ընդմէջէն պիտի փորձենք մտնել Հայ Եկեղեցւոյ Սրբութիւն Սրբոցին մէջ, մեր դիմաց ունենալով հետեւեալ հինգ կարեւոր հարցերն ու հարցումները:

1. Արդեօք մեր Հայկական սուրբ Ծէսն ու Պատարագը պէ՞տք է փոփոխութեան ենթարկուին:

2. Միթէ իսկապէ՞ս մեր սուրբ Պատարագը երկար է, թէ՞ մեր սրտերը համբերութիւն չունին այլեւս, եւ աւելին` հաճոյքը չեն զգար ներկայ գտնուելու Քրիստոսի Սուրբ Խաչին եւ Սուրբ Զոհին առջեւ:

3. Արդեօք ո՞ւր է այսօր Քրիստոսի կատարեալ եւ ամբողջական ներկայութիւնը. Սուրբ խորանին վրա՞յ, թէ կախում ունի մեր բոլորին անձնական շահերէն ու հաշիւներէն:

4. Ո՞րն է Քրիստոսի ճշմարիտ փարախը. Մեր Մայրը` Սուրբ Եկեղեցի՞ն, թէ՞ անոնք որոնք կ՛ըսեն թէ « հոս է Քրիստոս» եւ կամ « հոն է Քրիստոս»:

5. Ո՞վ է Սուրբը. Եկեղեցի՞ն թէ Եկեղեցւոյ վարձկանները:

Ահաւասիկ հարցումներ ու մտահոգութիւններ որոնք Ազգէն մեզի հասան, եւ որոնք կրկին պիտի փորձենք Ազգին դարձնել, անշուշտ՝ այդ բոլորին պատասխանելով եւ զանոնք վերլուծելով այժմու եւ յաջորդող թիւերուն մէջ:

1. ժամանակաւո՞ր պատրաստութիւն թէ հանապազօրեայ պատրաստութիւն:

Յաճախ, երբ կիրակի օրերը եկեղեցի կը յաճախենք սուրբ եւ անմահ Պատարագի մասնակից դառնալու, կը նշմարենք թէ սուրբ խորանի կողքին փոքրիկ սենեակ մը կայ, ուրտեղ պատարագիչ քահանան կը պատրաստուի որպէսզի այդտեղէն դուրս գալով` մեր բոլորին դիտաւորութեանը համար Պատարագ մատուցանէ:

Այս սենեակը` որ կը կոչուի աւանդատուն, պարզապէս մեծ խորհուրդ մըն է ամէն մէկ հայ հաւատացեալի համար, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ, այն ինչ որ տեսանելի չէ կը դառնայ ցանկալի ու հետաքրքրութիւնը գրգռող իրականութիւն մը: Եւ որպէսզի այս բոլորը հասկնալի եւ մատչելի դառնայ, մեր մէջ կը հրաւիրենք Յովսիա թագաւորը, որպէսզի ան իր բացատրութեամբը եւ մեկնութեամբը մեզ լուսաբանէ, եւ յատկապէս քօղազերծ ընէ աւանդատան մէջ կատարուած արարքները եւ այսպէս ասաց` գաղտնիքները:

Ես. Տէր արքայ, եթէ ձեր ծառան շնորհք կը գտնէ ձեր առջեւ, ան պիտի փափաքէր ձեզի հարցում մը ուղղել.

Յովսիա Թագաւոր. Հարցո՛ւր եւ վստահաբար պատասխան մը պիտի ունենաս.

Ես. Տէր արքայ, նկատի ունենալով որ աւանդատան մէջ առաջին սաղմոսը (131) զոր կ՛արտասանէ պատարագիչ քահանան, ձեր խօսքերն ու աղօթքներն են որոնք երկինք բարձրացան նախ՝ երկնային մարմիններէն օգնութիւն խնդրելու նեղութեան ժամանակ,ապա շնորհք հայցելու եւ ստանալու բոլոր այն քահանաներուն համար, որոնք կը զգեստաւորուին միայն ֆիզիքական խեղճ զգեստով, եւ կը մոռնան անոր հետ զգեստաւորուելու ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ փառաւոր զգեստով:

Միթէ կարո՞ղ էք մեզի բացատրել այն կապը որ կը գտնուի ձեր արտասանած սաղմոսին եւ պատրաստութեան արարողութեան միջեւ:

Յովսիա թագաւոր. Սիրելի Քահանաներ եւ շատ սիրելի հաւատացեալ զաւակներ, կ՛ուզեմ շատ լաւ հասկնաք թէ սուրբ Պատարագը սկիզբ կ՛առնէ աւանդատան մէջ եւ ոչ թէ երբ քահանան աւանդատունէն ելլելով ներս կը մտնէ: Ինչպէս արդէն ըսինք, այս պահը կը կոչուի ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ:

Երբ պատրաստութիւն կ՛ըսեմ, այդ չի նշանակեր թէ մարդս իրաւունք ունի շաբաթը 6 օր կամեցածը ընելու, իսկ 7-րդ օրը լրջանալու եւ կամ ժամանակաւոր անդրադարձման պահ մը ունենալու: Պատարագիչ քահանան, արդէն իսկ իր ձայնաւոր եւ կամ թիւ Պատարագէն մէկ օր առաջ, ինքզինք կը դնէ իր խղճին դիմաց եւ կ՛աշխատի մաքրել իր հոգւոյն ու մարմինին մէջ եղած բոլոր աղտեղութիւններն ու մեղքերը, որպէսզի կարենայ լաւագոյն կերպով ներկայանալ երկնքի եւ երկրի Թագաւորին դիմաց: Աւանդատունը, այժմու բարբառով, կը նմանի backstage-ի, ուր քահանան կարող է միայն ու միայն փոքր – փոքր պատրաստութիւններով զբաղիլ որովհետեւ մեծ պատրաստութիւնը պէտք է ըլլայ ամէն օր, ամէն ժամ եւ ամէն վայրկեան:

Դուն. Տէր արքայ, իսկ մենք՝ որպէս հաւատացեալ ժողովուրդ եւ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ արգանդէն ծնած զաւակներ, այս պատրաստութեան հանգրուանին մեր դերը ի՞նչ է:

Յովսիա թագաւոր. Այս հանգրուանին, սիրելիներս, ձեզի պիտի տայի միայն չորս շատ կարեւոր խրատներ ու գործնական պարտականութիւններ:

1. Նախ եւ առաջ միշտ զգո՛յշ եղիր որպէսզի դուն քեզ մաքուր պահես հոգեպէս եւ մարմնապէս, որովհետեւ ինչպէս կարող չես իմանալ թէ ե՞րբ քու Տէրդ երկրորդ անգամ աշխարհ պիտի գայ, նոյնպէս ալ չես գիտեր թէ ե՞րբ քու Աստուածդ կը փափաքի իր ամբողջական մարմինով եւ արիւնով քու մէջդ մտնել:

2. Երբ Աստուծոյ տունը կը մտնես, չմոռնաս ձեռքէդ ժամացոյցը հանելու, որովհետեւ զԱստուած կարելի չէ չափել եւ կամ սահմանել մեր գործիքներով եւ կամ մեր կարճ չափանիշներով: Երբ պատարագի ներկայ պիտի ըլլաս, նախընտրելի է քու միտքդ սեւերես միայն ու միայն մէկ բանի եւ մէկ անձի վրայ որ է՝ Քրիստոս: Ի՞նչ պիտի ըլլար քու բարեկամիդ զգացումը, երբ հիւրութեան երթայիր անոր տունը, եւ անդադար եւ առանց հոգնելու աչքերդ ըլլային միայն ժամացոյցին վրայ: Յիշէ՛ որ Աստուծոյ տունը եղած է հանգիստ գտնելու եւ բոլոր վաղանցուկ հոգերը մոռնալու (անշուշտ Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսով), եւ ո՛չ թէ զայն սեպելու որպէս ժամանակի կորուստ եւ կամ ձանձրոյթի պատճառ:

3. Բոլոր տիկիններէն եւ օրիորդներէն պիտի խնդրէի որ ծածկէին իրենց գլուխները եւ ներկայանային Աստուծոյ գահին առջեւ մեծ երկիւղով, որովհետեւ գլուխը մարդուս ամենակարեւոր բաժինն է, այլ խօսքով, գլուխն է (խելքը, միտքը, տրամաբանութիւնը) որ մարդս կարող է առաջնորդել կա՛մ յաւիտենական կեանքի, եւ կամ ալ՝ յաւիտենական չարչարանքի: Հետեւաբար, քօղով ծածկելը կը նշանակէ յարգանք ցուցաբերել երկնքի եւ երկրի ստեղծիչին, եւ միաժամանակ մերժել այն բոլոր մտածումները եւ կամ գաղափարները որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն հոգիի եւ մարմնի փրկութիւնը: Իսկ տղամարդոցմէ պիտի խնդրէի որ միայն իրենց տիկինները չուղարկէին սուրբ Պատարագի մասնակցելու, որովհետեւ այս սուրբ Զոհին մասնակցութեան հրաւէրը միայն ու միայն 80 կամ 90 տարի է… 90 տարիներ ետք, արդէն իսկ շատ ուշ կ՛ըլլայ թէ փափաքիլը եւ թէ ալ հրաւէր ստանալը: Ականջ ունեցողը թող լսէ:

4. Ի վերջոյ, յիշէ՛ ով հայ ազգի զաւակ, որ երբ եկեղեցի կը մտնես չմոռնաս կողմնորոշուելու թէ որո՞ւ հետ եկած ես խօսելու: Եթէ եկած ես քու Տէր Աստուծոյդ հետ խօսելու, վստահ եղիր որ Սուրբ Պատարագի հզօր խորհուրդէն ետք վերանորոգուած դուրս պիտի գաս, իսկ եթէ եկած ես բջիջային հեռաձայնդ բոլորին ցոյց տալու եւ անով զբաղուելու՝ զանգերուն պատասխանելով, կրկին վստահ եղիր որ Աստուած ինչ որ ալ խօսի քեզի, զԻնք անկարող պիտի ըլլաս լսելու, որովհետեւ չմոռնաս որ մեր Աստուածը նախանձ Աստուած մըն է եւ կ՛ուզէ այն պահը որ Իրեն տրամադրած ենք՝ ըլլայ ամբողջովին եւ միայն ու միայն Իրեն: Հետեւաբար, երբ հասնիս եկեղեցւոյ դրան առջեւ, նախքան մտնելդ, հետեւեալ հարցումը ուղղէ՛ դուն քու անձիդ. ԵՍ ՈՐՈ՞Ւ ՔՈՎ ԵԿԱԾ ԵՄ…:

Ես. Տէր արքայ, վստահ եմ որ տակաւին շատ բաներ ունիք ըսելիք, արդե՞օք կարելի է մեզ բացատրել131-րդ սաղմոսին պարունակութիւնն ու իմաստը.

(Շարունակութիւնը՝ յաջորդ թիւով)

 

ԽԱՉԻԿ կիս. սրկ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ