Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Իրանի հայ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Նշան արք. Գարաքէհեանը, Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութիւնը եւ Թոսունեան ընտանիքը գուժեցին գերյագելի հայր Ներսէս ծ.վ. Թոսունեանի մահը, որ պատահեցաւ կաթուածի մը հետեւանքով կիրակի 18 մայիս 2014-ին Թեհրանի մէջ:
Հանգուցեալ հոգեւորականին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ եւ սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Թեհրանի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի 22 մայիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, որմէ ետք մարմինը փոխադրուեցաւ «Նոր Բուրաստան» գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգը:
Հանգուցեալ գերյարգելի հայր Ներսէս ծ.վ. Թոսունեան ծնած է Մուսա Լերան Խտրպեկ գիւղը 6 մայիս 1932-ին: Պատանի հասակին մտած է Զմմառու նորընծայարանը, ապա քահանայ ձեռնադրուած է, որպէս Զմմառու Միաբանութեան անդամ, ձեռամբ վսեմաշուք կարդինալ Գիրգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ, 28 մարտ 1959-ին, ձեռնադրակից ունենալով արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպս. Ղապրոյեանը եւ հանգուցեալ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Ճուրեանը: 1959-էն 1963 պաշտօնավարած է Զմմառու նորընծայարանին մէջ որպէս օգնական տեսուչ: Իր աշակերտները մեծ գնահատանքով կը յիշեն իրենց հայերէնի եւ հայ մշակոյթի ուսուցիչը: Ան նորընծայարանին մէջ հիմնած է նաեւ քառաձայն երգչախումբ մը:
1963-ին Պարսկաստան կը մեկնի հնազանդելով երջանկայիշատակ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, եւ հոն կը մնայ մինչեւ իր մահը:
Պարսկաստանի մէջ հիմնած է «Հայաշէն» համալիրը, Կասպից ծովու ափերուն: Հիմնած է նաեւ հայկական մշակութային կեդրոն մը Թեհրանի մէջ:
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը անոր պարգեւած է ծայրագոյն վարդապետի պատրիարքական աստիճանը: Ան պաշտօնավարած է Թեհրանի մէջ որպէս ժողովրդապետ, ապա որպէս ընդհանուր փոխանորդ տեղւոյն թեմի առաջնորդութեան: Իր կեանքին վերջին տարիներուն հետզհետէ կը հրաժարի առաքելական եւ հասարակական գործունէութիւններէն մինչեւ իր մահը:
«Որ պսակիչդ ես քոց սրբոց եւ անվախճան բարեաց բաշխող, թողութիւն շնորհեա՛ ննջեցելոց քոց ծառայից» (Շարական):