Սէր, հաւատք եւ գործ

Սէր, հաւատք եւ գործ

Ուր են սէրը, Հաւատքն ու Գործը մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ: Արդեօք մինակ Սէրը բաւարա՞ր է, թէ պէտք է ուղեկցուի հաւատքով: Կամ, Հաւատքը միայն բաւարա՞ր է թէ պէտք է զուգորդուած ըլլայ գործերով եւ կամ Սէրը միայն բաւարա՞ր է թէ պէտք է զուգորդուած ըլլայ գործով:

Եռաչափ հիմնախնդիր մը կը դիմակալէ մեզ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ շատ անգամ, մարդը անզօր կը կանգնի անոր ընդառաջ: Ինչպէ՞ս պէտք է ան վարուի անոնց նկատմամբ: Ինչպէ՞ս կրնայ զանոնք հաշտ պահել միմիանց հետ…: Պատասխանը կը գտնենք, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի քով: Նախքան Անոր իմանալը որ Հայրը դասած է զինք ըլլալու մայր իր միակ որդւոյն, ինչ էր իր դիրքորոշումը, եւ իր վարմունքը ամբողջ ընթացքին, երբ ուղեկից եղաւ իր Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի, Անոր տառապանքներուն եւ խաչի վրայ մահուան, թաղման եւ յարութեան ընթացքին, եւ անոր երկինք համբարնալէն ետք:

Ղուկաս աւետարանիչը իր առաջին համարի 26-րդէն մինչեւ 38-րդ հատուածին մէջ, Գաբրիէլ Հրեշտակի եւ Մարիամ Աստուածածնի միջեւ կայացած երկխօսութիւն մը կը պատմէ, թէ ինչպէս Ս. Կոյսը ընկալեց աւետումը. Արդեօք բոլոր Երուսաղէմի մէջ իրմէ զատ ուրիշ կոյս չկա՞ր: Եւ ինչո՞ւ ի՛նքը մասնաւորապէս: Այս մէկը մեզի կը յանգեցնէ խոստովանելու թէ անկասկած, որ Մարիամ մաքուր սիրտ եւ Աստուծոյ հանդէպ աննենգ սէր ունէր եւ ի հարկէ, որ վախն ու կասկածը պարուրեցին Մարիամը սկիզբը, սակայն, վերջաւորութեան ան ըսաւ. «Ահա, ես եմ աղախինը Տիրոջ, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»: Այս խօսքէն կ՚եզրակացնենք թէ Ս. Կոյսը իր անձը դրաւ Տիրոջ ձեռքերուն մէջ, առանց կասկածի, եւ առանց հարցնելու թէ ինչ կը սպասէ զինք: Այս է մաքուր սէրը, որ մեզի սորվեցուց Ս. Կոյսը. ան որ կը սիրէ զԱստուած` պէտք է անոր սէրը ըլլայ կոյր Սէր եւ ամբողջութեամբ յանձնուի Աստուծոյ: Յանձնուիլ կը նշանակէ, որ հաւատք ունիս սիրած անձիդ հանդէպ, չնայած թէ Աստուծոյ սէրը մեզի նկատմամբ անասելի է: Միւս կողմէն, կարելի՞ բան է որ Արարիչ Աստուած, որ ստեղծէր է մեզ իր պատկերով եւ նմանութեամբ, լքէ մեզ, կամ մեզ կործանումի տանի : Չէ որ Ան իր միածին որդին ղրկեց մեզ փրկելու իր Սուրբ խաչովը: Այս իրողութենէն մեկնած կրնանք ըսել, որ այն որ իր ամբողջ սրտէն բխած անկեղծ սիրով կը սիրէ, ասոր հետեւանքը պէտք է ըլլայ ամուր հաւատք միանշանակ. Միւս կողմէ, մենք կրնանք տալ հետեւեալ հարցը. ինչպէ՞ս կրնամ ես հաւատք ունենալ անձի մը հանդէպ առանց սէր ունենալու անոր նկատմամբ: Այնպէս որ բացարձակ սէրը լիակատար հաւատք կ՚առաջացնէ, արդ անոնք անքակտելիօրէն իրարու կապուած են.

Թէ ինչպէս հաւատքը կը միանայ գործին, մենք պատասխանը կը գտնենք, Կանայի մեծ հարսանիքին ժամանակ: Հասկնալի է, որ Մարիամ Աստուածածինը կը հաւատար իր Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի, Աստուածորդւոյն: Բոլորս գիտենք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ հարսանիքի ընթացքին եւ ինչպէս գինին սպառեցաւ: Ս. Կոյս Մարիամը իսկոյն խնդրեց իր որդիէն հրաշք մը գործել դուրս գալու համար այս միջադէպէն, եւ Յիսուսի պատասխանը եղաւ այն, որ իր ժամը դեռ չէ եկած: Յիսուսի խիստ ու յստակ պատասխանը ենթադրել կու տայ մեզի, որ իրեն կրկին դիմելու հարց չէր կրնար ըլլալ: Սակայն Մարիամ Աստուածածինը` ծառաներուն դառնալով ըսաւ «ըրէք ինչ որ կը հրամայէ ձեզի»: Եւ հրաշքը կատարուեցաւ:

Ճիշդ է որ Յիսուսի պատասխանը խիստ էր, բայց այստեղ կը տեսնենք թէ ինչքան Ս. Կոյսը հաւատք ունէր իր Որդւոյն, ամուր եւ ազնիւ հաւատք` լի սիրով: Կարիք չկար կրկին դիմում կատարելու, քանի որ ան համոզուած էր, որ ամէն ինչ որ ինք կը պահանջէ չի մերժուիր: Ինչ կը վերաբերի Ս. Կոյսի գործին, ան ծառաներուն միջոցաւ վեց սափորները լեցնել տուաւ եւ մեկնեցաւ:

Ս. Կոյս Մարիամէն կ՚առնենք օրինակը սէրը գործին կապելու, քանի որ Ան բոլոր խօսքերը կը պահէր իր սրտին մէջ, ըստ Ղուկասի (2:51) Աւետարանի: Ուրիշի խօսքերը պահելը ցոյց կու տայ, թէ ինչքան սէր ունի անձը այլ անձին նկատմամբ: Եւ այդ խօսքերը յիշելը ցոյց կու տայ ինչպէս կիրառել այս խօսքը: Եթէ մենք, իրօք կը սիրենք Քրիստոսը եւ առանց կեղծաւորութեան, ուրեմն մենք պէտք է լսենք Անոր խօսքերը, ապա պահենք եւ կիրառենք զանոնք. Ս. Պօղոս Կոռնդացիներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ
(13: 1-3) կ՚ըսէ.-

«Եթէ խօսիմ մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուները՝ բայց սէր չունենամ, ես հնչող պղինձի պէս կ՚ըլլամ, կամ ղօղանջող ծնծղայի պէս: Ու եթէ ունենամ մարգարէութեան պարգեւը, հասկնամ բոլոր խորհուրդները եւ ամբողջ գիտութիւնը, ու եթէ ունենամ ամբողջ հաւատքը՝ որ կարենամ լեռներ տեղափոխել, բայց սէր չունենամ, ես ոչինչ եմ: Եւ եթէ սնուցանեմ աղքատները՝ իմ ամբողջ ինչքովս, ու մարմինս այրուելու ընծայեմ, բայց սէր չունենամ, ես օգուտ մը չեմ ունենար»:

Այստեղ է, որ մենք պէտք է մեր գործերով ցոյց տանք, թէ որքան է մեր սէրը Քրիստոսի հանդէպ: Ինչքան որ մեր գործերը բարի ըլլան` այնքան կ՚արտացոլայ պայծառ պատկերը մեր սիրոյ Քրիստոսի նկատմամբ: Միթէ Քրիստոս չըսա՞ւ «Ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի»: Այն բոլոր աշխատանքները զորս մենք կը կատարենք, սակայն ոչ հիմնաւորուած սիրով, կը մնայ թերի, այլ խօսքով` գործը ստացողը համ չ՚առներ, քանի որ այս աշխատանքը անկատար է, քանի որ մենք որոշ ժամանակ անց կը զգանք, որ մենք ոչինչ կատարած ենք:

Մարիամ Աստուածածնի ամենահիասքանչ պատկերը դրսեւորուեցաւ Յարութեան օրը: Մենք կը կարդանք, որ կիրակի առաւօտ կանուխ, գացին գերեզման իրենց հետ ունենալով խունկ: Բայց Մարիամ Աստուածածինը իրենց հետ չէր: Մեզմէ ով, իբր մարդ արարած, չերթար գերեզման ննջեցեալները այցելելու: Ինչու Մարիամ Աստուածածինը, իր որդւոյն մահը սգացող մայրը, չէր գացած միւս կանանց հետ: Կրնա՞նք ըսել, որ ան չէր սիրեր իր որդին: Քաւ լիցի, Մարիամ Աստուածածինը կը սիրէր իր որդին մեծ սիրով, եւ կը հաւատար որ Ան մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէ: Իր գործը առաքեալներուն հետ էր, քանի որ ան կը յորդորէր անոնց հաւատալու ամէն մէկ բառին որ արտասանած էր իր որդին: Միթէ Ան առաքեալներուն հետ չէ՞ր որոնք վախցած ու հաւաքուած էին վերնայարկին վրայ, այն օրը երբ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ: Այստեղէն մեկնելով, կրնանք ըսել, որ Մարիամ Աստուածածինը կրցած է համատեղել երեք բաղադրիչները` սէր, հաւատք եւ գործ:

Վերջապէս, աղօթենք Մարիամ Աստուածածնին՝ Աստուածամօր եւ մեր երկնաւոր մօր, մեր մշտական բարեխօսը եւ պաշտպանը բոլոր պարագաներուն, որպէսզի ուղեկցի մեզի մեր բոլոր օրերուն, ծննդեան օրէն մինչեւ մահ, եւ թող մեր գործերը ըլլան այնպէս ինչպէս որ սորվեցուց մեզի Մարիամ Աստուածածինը, զուգորդուած սիրով եւ բխած մեր հաւատքէն եւ դրսեւորուած մեր գործերով:

 

ՌԱՖԱՅԷԼ սրկ. ԺԱՈՒՀԱՐԺԻ