Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան

Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան

26 մարտին, Քեսապի գրաւումին եւ հայութեան տեղահանումի տխուր լուրին որպէս արձագանգ, Վսեմաշուք Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի՝ Նախագահը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, Հռոմէն հեռաձայնային կապով մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի տեղահանուած հայ ժողովուրդին ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Ան փոխանցեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութեան խոր զգացումները եւ վստահեցուց Սրբազան Պապին եւ իր աղօթքները հայ ժողովուրդին, տառապալի այս պահուն:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կարդինալին ներկայացուց քեսապահայութեան այսօրուան իրավիճակը (Լաթաքիա կամ Պէյրութ), եւ այն բոլոր աշխատանքները որոնք կը կատարուին հայկական եկեղեցական կամ ընկերային կառոյցներուն կողմէ, օգնութեան հասնելու համար այսօրուան կարիքաւորին, որ երէկ իր հողին վրայ, գարնանամուտին, կը սպասէր տարւոյն բերքին, պատառ մը հաց բերելու համար քրիստոնեայ ընտանիքներու սեղանին, առանց մոռնալու խորանին նշխարը: Կարդինալ Սանտրի տեղեկացաւ նաեւ թէ Քեսապի՝ կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն աղօթավայրերը գրաւուած են Թուրքիայէն խուժած զինեալներու կողմէ, եւ թէ այսօր Քեսապի հետ կապ կարելի չէ հաստատել:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իմացաւ նաեւ թէ վատիկանեան բարեսիրական հաստատութիւններ արդէն օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին միջոցաւ պիտի զօրակցին նաեւ քեսապահայութեան: