Քեսապցին պիտի վերադառնայ, բայց…

Քեսապցին պիտի վերադառնայ, բայց…

Համաձայն գտնուինք կամ ոչ այն հաւաստիացումին թէ 21 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Քեսապի վրայ սկսած սանձազերծումը ցեղասպանութիւն որակելով` Մեծ Եղեռնի ոճիրը նսեմացուցած կ՚ըլլանք, ես` իբր ականատես եւ զոհ մը այդ եղելութեան, կրնամ ըսել թէ ոճրային մեծ արարք մըն էր, մեղսակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ նոյն թշնամիին, որ ծրագրած էր եւ իրագործած 1915-ի ցեղասպանութիւնը:

Հայաշրջան մը ամբողջութեամբ տեղահանուեցաւ, անոր բնակչութիւնը գաղթականութեան ճամբան ինկաւ եւ բազմահարիւր տարիներու պատմութիւնն ու աշխատանքը ետին թողելով, այսօր ապաստան գտած է հիւրընկալող քաղաքներու մէջ՝ Լաթաքիա,Պէյրութ, Այնճար կամ նոյնիսկ մինչեւ Երեւան :

Վերոնշեալ քաղաքներուն մէջ ամէն տեսակ օժանդակութիւններու ձեռնարկուեցաւ՝ բարեսիրական եւ մարդասիրական հաստատութիւններու կողմէ. եղան դրամահաւաքի աշխատանքներ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կազմուեցան շտապ օգնութեան մարմիններ եւ Լաթաքիոյ մէջ կը գործէ նոյնիսկ «Քեսապի վերականգնումի մարմին» մը, որ կը ծրագրէ լաւագոյնս մատակարարել հասած գումարները երբ ժամանակը գայ Քեսապ վերադառնալու :

Քեսապի վերջին հարիւր տարիներու պատմութեան վրայ եթէ ուզենք յետադարձ ակնարկ մը նետել պիտի տեսնենք, որ այսօրուան տեղահանութիւնը չորրորդն է, թէեւ ամէն մէկը ձեւով տարբեր իր նախորդէն, բայց նպատակով` միշտ նման իրարու: Թուենք զանոնք.-
1909-ին՝ Կիլիկիոյ գաւառներուն կոտորածները: Ասոնց մէկ մասն էր Քեսապը, որ կրեց այդ օրերու արհաւիրքները, սպանդ, տեղահանութիւն, թալան եւ հրկիզում բոլոր բնակարաններուն:

1915-ի Մեծ Եղեռնին ամբողջ դառնութիւնները կրկին անգամ համտեսեց քեսապցին, քշուեցաւ դէպի անյայտը եւ երեք տարիներու թափառումէ ետք վերադարձաւ իր հայրենի գիւղը բնակչութեան երկու երրորդը զիջելով անապատի աւազներուն:

1938-ին՝ Ֆրանսական պետութիւնը Սանճաքը, որուն աշխարհագրական սահմաններուն մաս կը կազմէր Քեսապը, շնորհեց Թուրքիոյ՝ անոր չէզոքութիւնը ստանալու համար մեծ պատերազմին: Քեսապը մաս կազմեց թշնամի պետութեան, եւ իբր հետեւանք այդ դրութեան, բազմաթիւ քեսապցի հայ երիտասարդներ, դարձեալ լքեցին պապենական տուն եւ հող ու ապաստան գտան՝ Հալէպ եւ Պէյրութ:

kessab1

2014-ին, նոյնանման եւ զանգուածային տեղահանութիւնը սկսաւ Մարտ ամսուան 21-ին, դէպի նոյն գաղթի ճամբան՝ դէպի Լաթաքիա, ապա այլ ապահով քաղաքներ: Արդէն այս վերջին տեղահանութեան հետեւանքները սկսած են ծանր կշռել իրենց տուներէն եւ կալուածներէն բռնի հեռացուած քեսապցիներուն սրտերուն եւ հոգիներուն վրայ: Թէեւ օգնութիւններն ու բազմապիսի օժանդակութիւնները մասամբ կը մեղմացնեն այդ ծանրութիւնը, բայց քեսապցիին հիմնական պահանջն է վերադառնալ եւ վերատիրանալ իր պապենական բնօրրանին :

Առաջին օրերուն արցունք շատ թափուեցաւ, ամէնքս արտասուեցինք ի տես մեծ դիպուածին: Շատ լացած է հայ ժաղովուրդը իր պատմութեան ընթացքին: Բայց լացը մեզ շօշափելի արդիւնքի բնաւ չէ հասցուցած եւ արդիւնք չէ տուած նաեւ մեր թուղթէ շերեփն ալ:
Այսօր քեսապցին կոչ մը ունի համայն հայ ժողովուրդին:

Կոչ մը, որպէսզի իր վերադարձը ըլլայ այս անգամ նախ ապահով, ապա վերջնական եւ հաստատ հիմերու վրայ ամրացած:

Կոչ մը ուղղուած հայկական երեք մեծագոյն եւ համազգային հաստատութիւններուն եւ իշխանութիւններուն:

Նախ՝ մեր ազատ Հայաստանին եւ անոր պետական իշխանութիւններուն, ապա՝ մեր հայկական սփիւռքին, անոր կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ լոպպիներուն, եւ երրորդ՝ մեր եկեղեցական երեք իշխանութիւններուն: Արդեօք ժամը հասած չէ՞, որ մեր այս երեք գլխաւոր եւ միակ ուժերը հասնին համաշխարհային մեծագոյն որոշման սեղանին եւ պահանջեն այդ երաշխաւորութիւնը, զոր կը խնդրէ քեսապցին, որպէսզի վերադառնայ իր պաշտած բնօրրանը եւ այդ ըլլայ այս անգամ վերջին եւ մնայուն վերադարձ մը:

Ժամը հասած չէ՞, որ մե՛նք աշխարհի ամենահին ժողովուրդներէն մին, մե՛նք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը, մե՛նք աշխարհի ամենահարուստ մշակոյթը ունեցող ժողովուրդներէն, մե՛նք, մե՛նք, մե՛նք…ըլլանք նաեւ կարող ներկայանալ մեր երկաթէ շերեփով մեծ պետութիւններու դիմաց եւ ըսենք որ մեր «հերիսայի» առաջին բաժինը կ՚ուզենք տալ մեր Քեսապէն տեղահանուած ժողովորդին եւ ստանալ այդ պահանջուած երաշխաւորութիւնը՝ ապահով եւ մշտական վերադարձի:

Եթէ տակաւին ժամը հասած չէ, որ ունենանք այդ դիւանագիտութիւնն ու կարողութիւնը կրելու մեր հետ երկաթէ շերեփ, եկէք բոլորս միատեղ լանք եւ ողբանք մեր հայու ճակատագրին վրայ:

 

ՌԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ