Վարդանանց Ոգեկոչական Հանդիսութիւն Հալէպի Մէջ

Վարդանանց Ոգեկոչական Հանդիսութիւն Հալէպի Մէջ

Հակառակ երկրիս մէջ տիրող քաղաքական տագնապալից վիճակին, անապահովութեան ու քաղաքիս զանազան թաղամասերուն մէջ արկերու անկանխատեսելի պայթումներուն, ազատասէր հալէպահայութիւնը այս տարի եւս մեծ շուքով տօնեց ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Հերոսներուն խնկելի յիշատակը, վերյիշելով իր գոյութեան «ՎԱՍՆ ԿՐՕՆԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ, ՎԱՍՆ ՊԱՏՈՒԻ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ» մղուած ազատագրական պայքարի ողջ պատմութիւնը։

Կիրակի, 2 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ս․ Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հերոսներու յիշատակի տօնակատարութիւն եւ ոգեկոչական հանդիսութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի հայ երեք համայնքներուն կազմակերպութեամբ՝ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։

Հանդիսութեան ներկայ էին եկեղեցականներ, ազգային, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալ եւ հայրենասէր հանրութեան։

Յայտագիրը սկսաւ օրուան հանդիսավարուհի Տիկին Սիլվա Տարագճեանի հակիրճ խօսքով։ Ան նախ ողջունեց ներկաները եւ ապա վեր առաւ Վարդանի եւ իր քաջ զինակիցներուն հերոսական ոգին եւ անխախտ հաւատարմութիւնը դէպի կրօնք եւ հայրենիք։ Ան բարձր գնահատեց հաւատքը եւ ամրակուռ ոգին հալէպահայութեան, որ հակառակ քաղաքիս ճգնաժամային եւ գերճնշող պայմաններուն եկաւ յարգելու յիշատակը Աւարայրի մարտիրոսներուն, ապա հրաւիրեց Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը, համայնքապետ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքին, որպէսզի արտասանէ բացման խօսքը։

Վերապատուելին հաստատումներ կատարեց ըսելով, թէ Վարդանանց պատգամը նոր աւիշ կը ներմուծէ մեր պատմական ազգային իրականութեան մէջ եւ անդրադառնալով անոնց ոգիին ըսաւ․ «Անոնք, թարգմանիչներու ոգիով, ազգային լինելութեան ճանապարհին վրայ պայքար մղեցին, որպէսզի ազատութեան դրօշը կանգուն մնայ»։

Վերապատուելիին խօսքէն ետք, հանդէս եկաւ Դաւիթ Մելքոնեան, Նշան Փափազեան, Ճորճ Մուպայէտ եւ Ֆէտի Թօրօ քառեակը, որ յաջորդաբար լսելի դարձուց Կոմիտասի «Քելէ Քելէ»ն եւ Ա․ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն»ը։

Այնուհետեւ, հանդիսավարուհին հրաւիրեց օրուան բանախօս՝ արժ․ Կոմիտաս քհնյ․ Տատաղլեանը, որ եկեղեցական հանգամանքով ազգայնաշունչ պատգամ մը փոխանցեց ներկաներուն։

«Նախեաց ոգիով ու նախնեաց շաւիղով, մենք պատրաստ ենք մեռնելու ի պաշտպանութիւն մեր նախնեաց մեզի կտակած սուրբ հաւատքին, պատիւին ու ազգին»։ Եղիշէի այս հաստատումէն մեկնելով, Տէր Կոմիտաս շարունակեց.-

«Կ՛արժէ որ բոլորս անդրադառնանք այս տողերուն իմաստին եւ արժէքին, երբ նուիրական այս ժամուն հաւաքուած ենք, եկեղեցական ու աշխարհական դասով, ոգեկոչելու խնկելի յիշատակը Վարդանանց նահատակներուն, որոնք կը հանդիսանան հայ ժողովուրդին այն հիմնակռուանը, որ վերապրելու եւ գոյատեւելու ոյժ ու մղում տուած է, կենսաւորելու ու լիցքաւորելու աւիշ եւ աւիւն ներարկած է»։ Անդրադառնալով Ե․ դարուն Հայ ազգը շրջապատող սպառնալի իրավիճակին, ան ըսաւ․ «Հայ ժողովուրդը ենթարկուած էր անել կացութեան։ Ժամանակի երկու տէրութիւններու՝ Պարսկաստանի ու Բիւզանդիոնի միջեւ կը խորտակուէր հայկական պետականութիւնը եւ եկեղեցին, վտանգուած էր ամբողջ ազգին գոյութիւնը։

«Այդ օրհասական ժամանակներուն, մինչ Հայ ժողովուրդին զաւակները իրենց ջանքերը լարած էին ազգին գոյութեան հիմքերուն՝ լեզուին, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն պահպանութեան ի խնդիր, ստեղծուեցաւ Հայոց Գիրը, թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը եւ գրուեցաւ հայոց պատմութիւնը։

«Լուսաւորչեան ու Մեսրոպեան իրագործումներով նուիրագործուած հայուն դիմագիծն էր որ խնդրոյ առարկայ կը դառնար յազկերտեան մարտահրաւէրով։ Ասպետական ոգիով սնած ու սաղմոսերգութեամբ հասակ առած Քաջն Վարդան նախընտրեց մահը դիմաւորել։

«Ինկան հայ քաջերը, բայց եւ տարին յաղթանակներու մեծագոյնը։ Ճակատամարտը շահեցան Պարսիկներ, բայց պատերազմը՝ մենք հայերս։ Որովհետեւ շարունակուեցաւ Հայ ազատագրական պայքարը, որուն հունձքը քաղուեցաւ Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարիներ յետոյ՝ 484 թուականին՝ Վահան Մամիկոնեանի կնքած Նուարսակի յաղթական դաշինքով։

«Այսպէս է որ ապրեցաւ Հայ ժողովուրդը 15 դարեր ամբողջ, Աւարայրի մշտաճաճանչ ռազմադաշտը վերածելով փարոսի՝ որ լուսաւորեց մեր պատմութեան ամենամութ բաւիղները։

«Մօտիկ անցեալին՝ Սարդարապատն էր Նոր Աւարայրը։ Իսկ այսօր Արցախն է։ Եթէ կայ Նոր Աւարայր՝ բռնահոգի ազերին թո՛ղ լաւ գիտնայ, որ կան նո՛ր Վարդաններ ու նո՛ր Վահաններ։

«Սակայն այս օրերուն, նոր Աւարայր մը, գոյապայքար մը կը մղենք նաեւ մենք, սուրիահայութիւնը եւ ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը, երկրէն ներս ընթացող քաղաքական դաժան պատերազմին հետեւանքով եւ մեր երէկուայ թշնամիին դերակատարութեամբ։ Բայց գաղութը եւ մանաւանդ Հայ երիտասարդութիւնը Աւարայրի հերոսներուն տեսիլքով, արիացած քրիստոնէական հաւատքով՝ դիմագրաւեց դժուարութիւնները եւ մշտարթուն՝ եղաւ պաշտպանը եկեղեցւոյ, ազգին ու դպրոցին, եղաւ թարգմանը բանաստեղծին բառերուն՝ սրտերը մեր քովէ քով, կ՛ըլլան այսօր մէկ խորան, հովանաւորութեամբ Վարդանանց Դպրոցի անզուգական ուսուցիչներուն՝ թեմիս երեք համայնքապետերուն, ի խնդիր մեր ազգային հաւաքական գոյութեան եւ գոյատեւման։

«Պէտք չէ յուսահատինք, պէտք չէ վարանինք, մենք զօրաւոր ժողովուրդ ենք, որովհետեւ չի՛ կրնար զօրաւոր չըլլալ ժողովուրդ մը, որուն զաւակները կը գիտակցին իմացեալ մահի վեհութեանը»։

Յետ բանախօսութեան, օրդ․ Նայիրի Օհանեան ապրումով եւ ինքնավստահ հաղորդականութեամբ ասմունքեց «Խորհուրդ Վարդանանց»ը։

Գերաշնորհ Տ․ Շահան եպս. Սարգիսեան, իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանց հաւատքի վկաներու սխրագործութեան ներշնչող իրականութեան մասին։ Ան ըսաւ որ հաւատամարտի զինուորագրեալ հերոսներուն կեանքի օրինակին հետեւիլը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ Աւարայրի ճակատամարտը կը շարունակուի․ բազմաբնոյթ տագնապներուն դիմաց կառչելու ենք մեր հոգեւոր արժէքներուն, որպէսզի մեր դիմադրելու կարողականութիւնը երբեք նահանջ չունենայ։

Սրբազան հօր խօսքէն ետք, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեւոյ Ալեմշահ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ տիկին Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտակի, յաջորդաբար երգեց «Նորահրաշ Պսակաւոր»ը, «Գողթնի Քնարք»ը, «Հոգի Աստուծոյ»ն եւ «Հիմի Է՞լ Լռենք»ը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ օրդ․ Ալինա Թահմիզեանի։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասնելով, հանդիսավարուհին հրաւիրեց արհիապատիւ Պետրոս արք․ Միրիաթեանը կատարելու փակման խօսքը։ Գերապայծառ տէրը հաստատեց որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, տարբեր տեղերու մէջ, տարբեր տուեալներով, բայց միշտ նոյն պատմութիւնն է հալածանքի քրիստոնէական հաւատքի դէմ։ Հռիփսիմեանց կոյսերէն մինչեւ Վարդանանց ազատամարտիկները, Մեծ Եղեռնի զոհերէն մինչեւ այսօրուայ սուրիական տագնապը, նահատակութիւնն է որ կը բնորոշէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը դարերու հոլովոյթին»։ Ապա ան յիշեցուց Պօղոս առաքեալի խօսքերը որոնք այժմէական կը մնան․ «Ճնշուած ենք, բայց ոչ ընկճուած, տագնապած ենք բայց ոչ յուսահատ, հալածուած ենք բայց ոչ լքուած, չարչարուած ենք բայց ոչ մեռած»։ Ապա Գերապայծառը հրաւիրեց ներկաները որ Վարդանանցի շունչով ու հոգիով ընդունին այսօրուայ ուղղակի կամ անուղղակի հալածանքները որպէս մասնակցութիւն Քրիստոսի չարչարանքներուն, ինչպէս նաեւ որպէս քաւութիւն մեր մեղքերուն եւ ապա որպէս վկայութիւն մեր աննկուն հաւատքին։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ եւ երեք համայնքապետերու օրհնութեամբ։

ԿՈՄԻՏԱՍ քհնյ․ ՏԱՏԱՂԼԵԱՆ