Տարածաշրջանի մասին աշխարհաքաղաքական ընդհանուր ծանօթացում

Տարածաշրջանի մասին աշխարհաքաղաքական ընդհանուր ծանօթացում

Դարերու ընթացքին, Միջերկրականի տարածաշրջանը ռազմական կարեւոր դիրք գրաւած է արեւմտեան եւ արեւելեան մշակոյթներու հակամարտութեան պատմութեան մէջ, հանդիսանալով աշխարհաքաղաքական միջանցք մը Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի ցամաքամասներուն միջեւ: Ըստ արդի քաղաքակատնտեսական տրամաբանութեան, Միջերկրականի հսկայական տարածքը ռազմաքաղաքական գօտի մը կը հանդիսանայ ճարտարարուեստի աշխարհին եւ աճող տնտեսութիւններուն միջեւ, յայտնաբերելով մեծ տարբերութիւններ եւ անհաւասար չափանիշներ Հիւսիս-Հարաւ շրջագիծին մէջ՝ ընկերատնտեսական, ֆինանսական, ժողովրդագրական եւ արուեստագիտական մակարդակներու վրայ: Անվտանգութեան իմաստով՝ մեծ սպառնալիքներ կրնան յառաջանալ այս անհաւասարութենէն եւ ներկայիս շրջանին մէջ տիրող անկայուն պայմաններէն:

Հետեւաբար, Միջերկրականին շուրջ ապահովութեան հարցը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է, նկատի առած շրջանի անվտանգութեան վրայ ազդող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ուժանիւթի գործօնները:

1990-էն ետք, միջազգային հակակշռող գերուժերու մեծ փոփոխութեան հետեւանքով (Արեւմուտք-Արեւելք միջազգային հակամարտութեան աւարտը) տեղի ունեցաւ միջերկրականեան ծովափին աշխարհաքաղաքական վերակարգաւորումը, որ առիթ ընծայեց նոր մօտեցում մը որդեգրելու տարածաշրջանին նկատմամբ, հետեւաբար դիւրացնելով անվտանգութեան խնդիրներու ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծումը: Մեկնելով միջերկրականեան ծանրակշռող տուեալներէն, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային յարաճուն տագնապներէն, կարելի՞ է արդեօք նոր պատկերացում մը կազմել Միջերկրականին շուրջ՝ որպէս անվտանգութեան նոր սահմանագիծ մը Հիւսիս-Հարաւ հակամարտութեան շրջագիծէն ներս: Որո՞նք են շրջանին անվտանգութեան նոր չափանիշները, նկատի առնելով մանաւանդ հարաւային ծովափին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական յեղաշրջումները եւ միւս կողմէ Եւրոպայի տնտեսական ծանր տագնապը:

Այս խնդիրները կարելի է շօշափել, նախ շրջանի ապահովութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները վերլուծելով, ապա ուսումնասիրելով Եւրոմիութեան դերակատարութիւնը անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալով Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան (NATO) նախաձեռնութիւններուն, ի խնդիր Միջերկրականի անվտանգութեան ամրապնդման:

Մարտահրաւէրը այսօր հսկայական է, որովհետեւ ան կ՚առընչուի հիւսիս եւ հարաւ ծովափերու միջեւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ազատութեան հիմնահարցերուն հետ կապուած ապագայի տեսլականին, նուազեցնելու համար լարուածութիւնը, անհասկացողութիւնը եւ անհամաչափ տարբերութիւնները, քաղաքական, տնտեսական կամ մշակութային:

Միջազգային յարաբերութեանց քաղաքական եւ ընկերատնտեսական անորոշութեամբ յատկանշուած այս դժուար ժամանակաշրջանին, ապահովութեան հիմնախնդիրը աւելի կը բարդանայ՝ յատկապէս վերջերս յայտնուած կրօնական ծայրայեղ երեւոյթներու եւ անոնց անընդհատ տարածումին հետեւանքով:

Տարածաշրջանին ռազմաքաղաքական դիրքն ու կարեւորութիւնը

Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանէն սկսեալ, Միջերկրականի շրջանը կը հանդիսանայ արեւելեան եւ արեւմտեան բազմազան քաղաքակրթութիւններու բնաշխարհը: Անոր աշխարհագրական յատուկ դիրքը գրաւեց գերտէրութիւններու մնայուն ուշադրութիւնը:

Մինչեւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմը, Միջերկրականը կը գտնուէր բրիտանական եւ ֆրանսական գերուժերու հակակշռին տակ: Սակայն կացութիւնը փոխուեցաւ 1945-էն ետք, երբ ան հանդիսացաւ Ամերիկեան-Սովետական սուր հակամարտութեան համաշխարհային դաշտը, եւ դարձաւ երկրագունդի ամենավտանգաւոր շրջաններէն մին: Այս համաշխարհային հակամարտութեան ընդմէջէն հանդէս եկան զանազան բարդ տագնապներ, որոնք սպառնացին Միջերկրականի եւ մանաւանդ անոր հարաւային ծովափի անվտանգութեան: Այս խնդիրներուն առանցքը կազմեց եւ կը շարունակէ կազմել Միջին Արեւելքի տագնապը, որ մինչեւ օրս անլուծելի կը մնայ, մասնաւորաբար իսրայէլեան պետութեան ստեղծումէն ի վեր՝ 1948-ին:

Հակառակ պաղ պատերազմի աւարտին եւ համայնավար վարչակարգի փլուզումին, տագնապները տակաւին կը շարունակուին եւ որոշ շրջաններու մէջ աւելի կը սաստկանան, ինչպէս արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը, Ափրիկէի արեւմտեան Սահարայի յարատեւ տագնապը, իսլամ ծայրայեղականութեան զարգացումը Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի շրջաններուն մէջ, մասնաւորաբար 2011-ի արաբական աշխարհի յեղաշրջումներէն ետք (Թունուզ, Լիպիա, Եգիպտոս, Եմէն եւ Սուրիա): Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին դանդաղեցումը կամ սառեցումը աւելի բարդացուց շրջանային տագնապը, յառաջացնելով նոր սպառնալիքներ համընդհանուր ապահովութեան եւ կայունութեան ծիրին մէջ: Այս ուղղութեամբ նաեւ Թուրքիոյ ապակառուցողական դիրքորոշումը եւ անոր յարատեւ կռիւը քիւրտերուն եւ յոյներուն հետ (մասնաւորապէս՝ Կիպրոսի հարցը) յաւելեալ ժխտական գործօններ են Միջերկրականի անվտանգութեան հիմնախնդրին համար:

Նկատի առնելով անապահովութեան եւ անկայունութեան այս տուեալները, որոնք կը զարգանան Միջերկրականին շուրջ, անվտանգութեան հիմնախնդիրը ալ աւելի ռազմաքաղաքական բնոյթ կը ստանայ, յառաջացնելով ապահովական բարդ հարցեր՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այս հարցերը կ՚ընդգրկեն ընկերատնտեսական բազմատեսակ դժուարութիւններ հիւսիս եւ հարաւ ծովափերուն միջեւ, ուժանիւթի մարզին մէջ ամբարումի եւ կարգաւորման խնդիրներ, անհամաչափ ընկերային պայմաններ (աղքատութեան վատթարացումը հարաւային շրջաններուն մէջ եւ ապօրինի արտագաղթը դէպի հիւսիս), ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու խնդիրները, ինչպէս՝ Քիւրտերը Միջին Արեւեքի մէջ:

 

ՀԱՄԲԻ ԷԼՄԱՃԵԱՆ