Սուրիոյ Հայ Գաղութը Տագնապի Օրերուն

Սուրիոյ Հայ Գաղութը  Տագնապի Օրերուն

Սոյն թղթակցութեամբ նախ եւ առաջ մեծապէս կ’ողջունենք մեր սիրելի «Մասիս» շաբաթաթերթի վերահրատարակումը եւ կը մաղթենք որ ինչպէս միշտ՝ ան ըլլայ մեր հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան ու համայնքի ճշմարիտ ձայնը՝ օգտակար ու կարեւոր նիւթերով մնալով հայ ընթերցողի ուշադրութեան կեդրոնը։

Տարիներ շարունակ «Մասիս»ի էջերուն մէջ լոյս տեսած են թղթակցութիւններ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան գործունէութիւններու, ազգային եւ կրօնական տօներու ու դամասկահայ գաղութին մէջ տեղի ունեցող կարեւոր միջոցառումներուն մասին։ Միշտ ալ այս սիրելի շաբաթաթերթին էջերը բաց եղած են մեր թղթակցութիւններուն առաջ, որուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք ու կը յուսանք որ ապագային ալ նոյն համագործակցութիւնը շարունակուի:

b

18 sebdemper rempagodzoum hg aratchnortarani

Խաղաղ ու ապահով օրեր էին Սուրիոյ մէջ ուր հայութիւնը առիթը ունէր աշխատելու պահպանելու համար իր ինքնութիւնը՝ եկեղեցիներու ու միութիւններու շուրջ խմբուած։ Մայր գաղութ Հալէպ, ինչպէս նաեւ Դամասկոս, Քամիշլի, Քեսապ եւ Լաթաքիա, ձեռնարկներ ու միջոցառումներ իրար կը խաչաձեւէին ու գաղութը կ’ապրէր կենսունակ, միշտ նպատակ ունենալով պայքարիլ ձուլումի դէմ ու նոր սերունդներու մօտ վառ պահել հայկականութիւնը ու հայրենասիրութիւնը։ Ափսոս սակայն, 2011 թուականին սկսած դէպքերը, աստիճանաբար զարգանալով ցաւալի ազդեցութիւն ունեցան երկրի բնակչութեան վրայ։ Անապահովութիւնն ու գրեթէ ամէն տեղ ընթացող մարտերն ու ռմբակոծումները, ստեղծուած անիշխանական վիճակը շատ մը շրջաններու մէջ, անբաղձալի իրավիճակ մը յառաջացուցին։ Շատեր կորսնցուցին իրենց բնակարանները, գործատեղիներն ու աշխատանքը։ Գաղթականութեան մեծ ալիք մը առաջ եկաւ։ Հայութիւնը անմասն չմնաց այս տառապանքներէն։ Շատ մը հայորդիներ զոհուեցան իբրեւ հետեւանք ռմբակոծումներու ու ահաբեկչական գործողութիւններու։ Հայ զինուորներ նահատակուեցան իրենց պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ։ Տնտեսական տագնապը, սուրիական դրամանիշի արժէքազրկումը, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, համացանցի եւ հեռաձայնային կապերու եւ  հիմնական սնունդի երկարատեւ եւ յաճախ կրկնուող տագնապները  յուսահատութեան մթնոլորտ ստեղծեցին։ Մեծ թիւով հայրենակիցներ մեկնեցան երկրէն դէպի Լիբանան, Հայաստան եւ այլուր։ Շատեր այն համոզումը ունէին որ շուտով խաղաղութիւն  կը  հաստատուի  եւ  կը  վերադառնան իրենց տուները, սակայն ափսոս որ յառաջադէմ աշխարհի աչքերուն առաջ կը շարունակուի եղբայրասպան պատերազմը եւ ոչ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի առաջքը առնելու աւելի վատին ու խաղաղութիւն հաստատելու։ Սուրիան դարձած է շրջանային եւ համաշխարհային ուժերու  բախման կէտ։ Անշուշտ թէ այս իրավիճակը մեծապէս ազդեց հայկական միութիւններու, դպրոցներու եւ եկեղեցական ու  համայնքային գործունէութիւններու բնականոն ընթացքին  վրայ,  սակայն սուրիահայութիւնը կը մնայ հաստատակամ դիմադրելու ու տոկալու, որպէս հարազատ մասնիկը այս երկրի ժողովուրդին։ Տագնապի առաջին օրէն հայութիւնը իր եկեղեցական ու միութենական մարմիններով դէմ էր բռնութեան ու կողնակից երկխօսութեամբ լուծելու բոլոր խնդիրները։ Ասպնջական Սուրիան էր որ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայորդիներուն տուաւ ամէն կարելիութիւն ապրելու, զարգանալու ու գոյատեւելու։ Այս սիրալիր վերաբերմունքն է որ այսօր ալ կը մղէ հաւատալու որ հայ համայնքը կարելիութիւնը ունի պահելու իր գոյութիւնը այս երկրին մէջ ու իր կարեւոր ներդրումը պէտք է ունենայ վերաշինելու ու երկիրը  անգամ մը եւս ծաղկեցնելու աշխատանքներուն։

Taghoum tarkmantchatsi nahadagneroun

Գնահատելի նախաձեռնութիւններ կան այսօր աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ նեցուկ կանգնելու սուրիահայութեան։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր կարգին կարելի ամէն միջոցի կը դիմէ օգտակար դառնալու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, նաեւ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիա մնացած հայորդիներուն։ Նոյնպիսի բարի տրամադրութիւններով կը մօտենան Լիբանանի ազգային կառոյցները։ Այս իմաստով ողջունելի է դերը մեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան որ իր կարելին կ՝ընէ Լիբանան ապաստանած սուրիահայերուն օգնութեան համար։ Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներուն մէջ արդէն մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգման մարմինը, որ կը համադրէ ու կը կազմակերպէ ընդհանրական ու միասնական ջանքերով ամէն տեսակի աշխատանք որ կը միտի օգնելու դժուարութեան մատնուած հայրենակիցներուն եւ կը նպատակադրէ վերակառուցել քանդուածը ու պահել գաղութին հիմնական կառոյցը։

2 փետրուար 2014 տեառնընդառաջի տօնը Դամասկոս Հայկաթողիկէ եկեղեցի

Հալէպ քաղաքին մէջ, ուր ամենադժուար իրավիճակին մատնուած է ժողովուրդը, պաշարման ու ընթացող մարտերու հետեւանքով, տակաւին կը տրոփէ հայկականութիւնը։ Մեծ զոհողութիւններով մեր հայրենակիցները կը կազմակերպեն մշակութային ձեռնարկներ։ Բաց կը պահեն դպրոցները ու հաստատուն կամքով կը պայքարին որպէսզի կենսունակ պահեն գաղութը։ Նոյնը կը պատահի Դամասկոս, Քեսապ, Լաթաքիա եւ այլուր։ Դժուարութիւնները շատ են, վտանգը մեծ, սակայն ապաւինելով Աստուծոյ անսահման ողորմութեան, սուրիահայութիւնը կը ջանայ տոկալ ու դիմանալ։ Այսօր ամէն ազդեցիկ ուժ պէտք է լուրջ աշխատանք տանի վերջ տալու այս պատերազմին։Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առումով մեծ աշխատանք կը տանի։ Կը սպասուի նաեւ որ մեր հայկական սփիւռքի ազդեցիկ անձնաւորութիւններն ու կազմակերպութիւնները ճնշում բանեցնեն իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ շեշտելով անհրաժեշտութիւնը անյապաղ խաղաղութիւն հաստատելու Սուրիոյ մէջ։

Տեառնընդառաջ

Յոյսով ենք որ մեր յաջորդ թղթակցութիւնները կ’ըլլան աւելի լաւատեսական ու մեր սիրելի «Մասիս»ի ընթերցողները տեղեակ կը պահենք Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.-ի մասնաւորապէս եւ դամասկահայ կեանքի ձեռնարկներու ու գործունէութիւններու մասին։

Աստուած ողորմի Սուրիոյ բոլոր անմեղ զոհերուն եւ նահատակներուն, կամք եւ ուժ պարգեւէ մնացողներուն շարունակելու գոյատեւման պայքարը։

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ