Թէեւ շատ կը սիրենք Լիբանանը, եւ պատիւ կը զգանք մեր լիբանանցիութեամբ, սակայն կարելի չէ լռել ի տես անհանդուրժելի վիճակի մը, զոր կ՛ապրինք մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ: Վաղ մանկութեանս օրերէն ի վեր կը լսեմ «Լիբանանը օր մը լաւ պիտի ըլլայ» յանկերգը, որ կը կրկնուի բոլոր կողմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ: Շուրջ 30 տարիներ անցան եւ դեռ «լաւ պիտի ըլլայ»: Սերնդակիցներս` ծնանք պատերազմի պայմաններու մէջ, մեծցանք վախի ու սարսափի զգացումներով, եւ կը թուի թէ յուսաhատ արցունքներով պիտի փակենք մեր աչքերը: Մտահոգ ենք, որովհետեւ կը սիրենք Լիբանանը, կը ցաւինք Լիբանանի համար: Յաճախ հեռատեսիլի կայաններէն ծանուցումներ կը կատարուին, մանաւանդ ամառնային շրջանին, դրուատելու համար Լիբանանի գեղեցկութիւնը: Սակայն այսօր հարց կու տամ. Լիբանանին ի՞նչը գեղեցիկ է: Լեռ եւ ծո՞վ ունի, կանանչ բնութի՞ւն ունի (թէեւ բնութենէն ալ բան մը չի ձգեցին), հիւրասէ՞ր է: Եւ կարծէք թէ ուրիշ երկիր մը չունի այս բոլորը, որ Լիբանանի պարագային բաւարար չէ երջանկացնելու համար լիբանանցին, ժողովուրդը:
Դժբախտաբար, պետութիւնը եւ պետական անձնաւորութիւնները ոչ մէկ ձեւով հետաքրքրուած են ժողովուրդով: Հետաքրքրուիլ կը ձեւանան, բայց իրականութեան մէջ իւրաքանչիւրը իր անձնական շահերուն ետեւէն վազելով, լքած է երկիրը՝ որբ ու մինակ: Տագնապները բազմաթիւ են՝ ելեկտրականութեան, ջուրի, տնտեսական, անբարոյականութեան, աղքատութեան, անօթութեան, անապահովութեան, եւն: Եւ այս բոլորը անշուշտ պատճառ կը դառնան հիւանդագին վիճակ մը ստեղծելու լիբանանցիներուն մօտ: Օրէ օր աւելի զարմանք կը պատճառէ լիբանանցիին ուղղուած «Ի՞նչպէս ես» հարցումը: Ինչպէս կ՛ուզէք որ ըլլայ ան: Այս բոլոր իրողութիւնները տեսնելով կը տարուինք մտածելու թէ լիբանանեան իշխանութիւնները որդեգրած են քաղաքացին աղքատացնելու եւ հիւանդացնելու քաղաքականութիւն մը, եւ հարց տալու թէ ի՞նչ է արդեօք այս սոսկալի իրավիճակին ստեղծման նպատակը: Լիբանանցին վռնտել Լիբանանէ՞ն:
Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական իրավիճակին, կը նկատենք նաեւ թէ, ոչ միայն կ՛աշխատին ժողովուրդը արհամարհել, այլեւ ջանք կը թափեն դաշունահարելու լիբանանեան քաղաքականութիւնն իսկ: Տարիներէ ի վեր, եթէ տեղական լուրերու հետեւած ըլլանք, պիտի նկատենք թէ միեւնոյն բառերը կը կրկնուին՝ պարտք, անդամալուծում, հրաժարական, երկարաձգում, փախուստ, պարապութիւն: Կարծէք թէ Լիբանանի փառապանծ պատմութիւնը, անցեալէն մինչեւ օրս, զոհ գացած է այս մի քանի բառերուն: Կապակցութիւնը այս բառերուն միջեւ կը կայանայ իրարու հետեւողականութեան վրայ՝ պարտքը արդիւնքն է քաղաքական եւ տնտեսական անդամալուծութեան, հրաժարականը կը մղէ պարապութիւն ստեղծելու, եւ փախուստ տալու համար պէտք է երկարաձգել:
Այս վեց բառերը բաւարար են որպէսզի ժողովուրդը հիւանդացնեն, բաւարար են նաեւ որպէսզի քանդեն Լիբանանը: Աշնանային իրադարձութիւններով կ՛երազենք գարնանային Լիբանան մը: Պետութիւն մը չի՛ կրնար իր որոշումները առնել հիմնուելով գողութեան, կողոպտումին, եւ մարդասպանութեան սկզբունքներուն վրայ: Միտքը մարդուն գրպանէն չի ծնիր:
Չափազանց յոռետեսութեամբ չմեղադրուելու համար, խոստովանելու ենք թէ Լիբանանը գեղեցիկ երկիր մըն է. գեղեցիկ է իր բնութեամբ, իր մշակոյթով, իր մտաւորականներով, իր համայնքային կազմուածքով, իր բացուածքով դէպի արեւելք եւ արեւմուտք. սակայն ո՞վ կ՛արժեւորէ այս բոլորը, եւ կամ ի՞նչ իմաստ ունի այս բոլորը եթէ լիբանանցիին ապրելակերպը դադրած է գեղեցիկ ըլլալէ: Աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը լաւագոյն միջոցներն են քանդելու այս ամբողջ գեղեցկութիւնը. աղքատութիւնը կը մղէ որ մշակոյթը փոխարինուի անբարոյականութեամբ, մտաւորականութիւնը՝ տգիտութեամբ, համայնքային համերաշխութիւնը՝ հակամարտութեամբ: Մէկ խօսքով, անօթին պատրաստ է բնաջնջելու հայրենասիրական բոլոր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը կտոր մը հաց ապահովելու համար: Աւաղ, բայց իրաւունքն է, պիտի ապրի:
Ս.Կ.