Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (Գարօլ Եօզէֆ Վոլթիլա‎)

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (Գարօլ Եօզէֆ Վոլթիլա‎)

Գարօլ Եօզէֆ Վոյթիլա, որ յետ քահանայապետական ընտրութեան` 1978 հոկտեմբերին կը ստանայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. անունը, ծնած է 18 Մայիս 1920ին Վատովիս գիւղը, որ Գրագովիայէն մօտ 50 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ 1929-ին կը կորսնցնէ իր մայրը։ Անդրանիկ եղբայրը՝ Էտմոն, որ ապագային բժշկութիւն կ՚ուսանի, կը մահանայ 1939 թուականին, իսկ հայրը՝ 1941-ին։ Օլկան՝ անոր քոյրը կը մահանայ Գարոլի ծնունդէն առաջ։

JP220 Յունիս 1920-ին կը մկրտուի գիւղին ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, ապա` 9 տարեկան հասակին մօտենալով սուրբ Սեղանին կը ստանայ առաջին սուրբ Հաղորդութիւնը, իսկ Դրոշմի խորհուրդը՝ 18 տարեկանին։ Դպրոցական երկրորդական բաժինը կ՚աւարտէ ու կ՚արձանագրուի Գրագովիոյ Ժակելլոն համալսարանը, ինչպէս նաեւ կը հետեւի թատրոնի դասընթացքներու։

Իսկ երբ նացիները կը գրաւեն շրջանը, տնօրէնութիւնը կը ստիպուի համալսարանը փակ պահել: Հետեւաբար, երիտասարդ Գարոլը կը ստիպուի աշխատանքի լծուիլ քիմիական ընկերութեան մը մէջ, որպէսզի կարենար ապրուստ մը ճարել, ինչպէս նաեւ խուսափիլ Գերմանիա տարագրուելէ։

1942-ին, իր մէջ կը զգայ քահանայական կոչումը, ու կը սկսի հետեւիլ Գրագովիայի գաղտնի ընծայարանի կազմաւորման դասընթացքին: Նոյն շրջանին կ’ըլլայ դարձեալ գաղտնօրէն գործող Ռաբսոտիք Թատրոնի գործիչներէն մէկը:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, ան կը շարունակէ իր ուսումը Գրագովիոյ մեծ ընծայարանէն, ինչպէս նաեւ Ժակէլլոնի համալսարանի աստուածաբանութեան կաճառէն ներս, մինչեւ քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ 1 նոյեմբեր 1946-ին, ձեռամբ կարդինալ Ատամ Սթէֆան Սաբիեհայի:

Ապա նոյն կարդինալը զինք կ՚ուղարկէ Հռոմ, ուր կը շարունակէ իր դոկտորականը ֆրանսացի տոմինիկեան հայր Կարրիկու Լակրանժի հսկողութեան տակ: 1948-ին կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը, նիւթ ունենալով սուրբ Յովհաննէս Խաչակրեցիի գործերուն մէջ «Հաւատքի Աստուածաբանութիւն»ը: Հռոմի մէջ, ուսումնական տարիներուն կը զբաղի նաեւ հովուական ծառայութիւններ մատուցելով Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի Լեհ գաղթականներու:

JP71948-ին կը վերադառնայ Լեհաստան եւ կը ստանձնէ Գրագովիոյ տարբեր ժողովրդապետութիւններու փոխանորդութեան պաշտօնը, եւ կը դառնայ ժառանգաւորներուն հոգեւոր վարիչ մինչեւ 1951, երբ կը վերսկսի իր փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսմանց: 1953-ին կը պաշտպանէ աւարտաճառ մը Լուպլինի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ: Ապա, կը դառնայ դասախօս բարոյական աստուածաբանութեան եւ ընկերային բարոյագիտութեան Գրագովիոյ մեծ ընծայարանէն եւ Լուպլինի աստուածաբանական Կաճառէն ներս:

4 Յուլիս 1958-ին, Պիոս 12-րդ Քահանայապետը զինք կ՚անուանէ տիտղոսաւոր առաջնորդ Օմպիի եւ փոխանորդ Գրագովիոյ: 28 սեպտեմբերին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը ձեռամբ արհիապատիւ Էօճէնիուս Պազիաքի, Գրագովիոյ Վավէլ մայր Տաճառին մէջ:

13 Յունուար 1964-ին, Պօղոս 6-րդ քահանայապետը զինք կ՚անուանէ Արքեպիսկոպոս Գրագովիոյ, շնորհելով անոր նաեւ Կարդինալական աստիճանը:

Իր բեղուն մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին (1962 – 1965), եւ ներդրում կ’ունենայ Ուրախութիւն եւ Յոյս (Gaudium et spes) սահմանադրութեան մշակումին ու անոր հրատարակութեան: Ինչպէս նաեւ ան կը մասնակցի Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի բոլոր ժողովներուն:

1978-ին, կարդինալական ժողովի 2-րդ նիստին, ան կ՚ընտրուի Քահանայապետ` ստանալով Յովհաննէս Պօղոս Բ. անունը: 22 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս սկիզբ կ՚առնէ անոր պաշտօնավարութիւնը որպէս 263-րդ յաջորդ Պետրոսի Աթոռին: Անոր պաշտօնաշրջանը, որ կը տեւէ 27 տարի, կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն երկարներէն մէկը:

The Pope cradles nine-month-old Natalie Crane from Meols

Անոր քահանայապետութիւնը կը յատկանշուի հովուական բարձրորակ ոգեւորա-կանութեամբ իր ժողովուրդին եւ քոյր Եկեղեցիներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ յատուկ սիրով համայն մարդկութեան հանդէպ:

Քահանայապետական 27 տարիներու ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Իտալիայէն դուրս 104 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, ինչպէս նաեւ 146 այցելութիւններ Իտալիոյ մէջ: Իսկ որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, ան կարողացաւ այցելել իր թեմին պատկան 333 եկեղեցիներէն 317 ժողովրդապետութիւններ:

Իր նախորդներէն շատ աւելի հանդիպումներ ունեցաւ Աստուծոյ հօտին եւ զանազան ազգերու պատասխանատու անդամներու հետ: Իւրաքանչիւր շաբթուան չորեքշաբթի օրերու 1166 ունկնդրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան 17,600,000 ուխտաւորներ, առանց ունկնդրութիւնները եւ կրօնական արարողութիւնները, ու հազարաւոր հաւատացեալներու հետ ունեցած իր հանդիպումները Իտալիա եւ աշխարհի մէջ կատարած իր հովուական այցելութիւններու ընթացքին։ Բազմաթիւ են այն կառավարական անձնաւորութիւնները զորս ընդունած է ունկնդրութիւններու ընթացքին։

JP1Երիտասարդներու հանդէպ իր ունեցած յատուկ սէրը զինք մղեց 1985 թուականին յայտարարելու Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրերուը, որուն առաջին 19-ին ինք անձամբ նախագահեց ու մասնակցեցաւ, իր շուրջ հաւաքելով միլիոնաւոր ուխտաւոր երիտասարդ երիտասարդուհիներ։

Այնուամենայնիւ ան իր յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուց ընտանիքը, կազմակերպելով ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպում մը 1994 թուականին։

Ան ջանք չխնայեց խաղաղութիւնը սփռելու ամենուրեք, եւ յաջող երկխօսական հանդիպումներ կատարեց հրեաներուն հետ եւ զիրենք հիւրընկալեց Ասսիզիի մէջ, միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Իր օրով Եկեղեցին 2000 թուականին տօնեց երրորդ հազարամեակի յոբելինական տարին։ Այս առթիւ, ան ժողովուրդին յղեց Առաքելական Նամակ մը որուն մէջ հաւատացեալներուն ցոյց կու տար ապագայի ճանապարհը։

Ան ազդանշանը տուաւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր վերանորոգութեան` յատկապէս հռչակելով երեք յատուկ տարիներ նուիրուած Փրկութեան, Մարիամ Աստուածածնին եւ Ս. Հաղորդութեան։

Մեծ կարեւորութիւն տալով նոր երանացումներու եւ սրբադասումներու, ան փորձեց յայտնաբերել նորանոր սրբակեաց անձերու կեանքի օրինակներ, որպէսզի քաջալերեր եւ օրինակ հանդիսանար ժամանակակից մարդկութեան։

JP3Յովհաննէս Պօղոս Բ. նախագահեց 147 արարողութեանց, որոնց ընթացքին յայտարարեց նոր 1338 երանելիներ ու 482 սուրբեր։ Յատուկէն ան «Վարդապետ Եկեղեցւոյ» յայտարարեց Սրբուհի Թերեզա Մանկան Յիսուսի։ Ան ընդլայնեց նաեւ կարդինալական դասը 231 նոր անձնաւորութիւններով։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը նախագահեց 15 եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներու։

Իր շրջանին լոյս տեսած վաւերաթուղթերը կը հաշուեն 14 շրջաբերական նամակներ, 15 առաքելական յորդորներ, 11 առաքելական սահմանադրութիւններ եւ 45 առաքելական նամակներ։

Աւանդութեան հիման վրայ, ան հրատարակեց «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւն» հատորը։ Նոյնպէս ան արդիականացուց Լատին եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օրէնսդրութեան գիրքերուն մէջ տեղ գտած կանոնները։ Հիմնեց նաեւ նորանոր կազմակերպութիւններ ու կազմակերպեց Հռոմի թեմը (Curia Romana):

Որպէս աստուածաբանական գիտութեան դոկտոր, իր ստորագրութեամբ հրատարակեց հինգ գիրքեր 1994-2005 երկարող տարիներուն:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. իր մահկանացուն կնքեց Վատիկանի մէջ, 2 Ապրիլ 2005ին, երեկոյեան ժամը 9։37ին։

 

Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 8 ապրիլ 2005ին։ Մինչ այդ, շուրջ երեք միլիոն անձ այցելեց սուրբ Պետրոսի Տաճառը անոր վերջին հրաժեշտը տալու համար։

VATICAN CITY - DECEMBER 17:  Pope John Paul II waves during his weekly audience December 17, 2003 in  Vatican City.  (Photo by Franco Origlia/Getty Images)

Ապրիլի 28ին, նորընտիր Քահանայապետը՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.`, հրամանագիրով մը արտօնեց անոր երանելիութեան դատին բացումը մահուան հինգերորդ տարելիցին։ Իսկ դատական աշխատանքները սկիզբ առին 28 Յունիսին Հռոմի թեմի ընդհանուր փոխանորդ Կարդինալ Գամիլլօ Րուինիի նախագահութեամբ։ 1 Մայիս 2011-ին, ան երանելի հռչակուեցաւ, Ս. Պետրոսի հրապարակը խճողած մէկ միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեամբ: իսկ 27 ապրիլ 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զինք հռչակեց սուրբ: