Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին այցը Յորդանան եւ Հայաստան

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին այցը Յորդանան եւ Հայաստան

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը` 23 մայիս 2014-ին մեկնեցաւ Յորդանան, մասնակցելու համար Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութեան, եւ հանդիպելու համար տեղւոյն հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ: Իսկ 26 մայիս 2014-ին, Հոգեւոր Տէրը մեկնեցաւ Հայաստան, մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին:

 

Հայրապետական Պատարագ եւ աջահամբոյր Ամմանի մէջ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ուրբաթ՝ 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 5֊ին, Ամմանի հայ կաթողիկէ «Վերափոխման» եկեղեցիին մէջ մատուցանեց սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ գերապայծառ հայր Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեանի, գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ արժանապատիւ տէր Պօղոս քհն. Նահապետեանի:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, հաւատացեալներուն ուղղած իր քարոզին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց նաեւ նորանշանակ առաքելական կառավառիչը՝ գերապայծառ հայր Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեանը, անդրադառնալով անոր եկեղեցական կեանքին ու ծառայութիւններուն մասին, ապա իր հայրական մաղթանքներն ու օրհնութիւնը տուաւ անոր: Գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ իրեն վստահուած այս պատասխանատու առաքելութեան համար։ Ան հայցեց Աստուծոյ օգնութիւնը, որպէսզի կարենայ նախանձախնդրութեամբ կատարել իր առաքելութիւնը, ապա խրախուսեց հաւատացեալ հայորդիները, գործելու ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառացումին:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները շնորհաւորեցին նորանշանակ կառավառիչը եւ տեղի ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ աջահամբոյր:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի նիստին

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը` երկուշաբթի, 26 մայիսին Ամմանէն վերադարձաւ Պէյրութ, ուրկից միեւնոյն երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, որ պիտի գումարուէր յաջորդ օրը, մայիսի 27-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանար գերապատիւ հ.Վարդան վ. Գազանճեան:

Նախքան այս նիստին բացումը, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն հետ նախագահական պալատին մէջ նախաճաշի հիւրը եղաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

 

ՀՀ նախագահին հանդիպումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ին հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ:

Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ՝ նախագահը քննարկած է պետութեան եւ հայոց եկեղեցիներուն միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, ինչպես նաեւ Հայրենիքին ու Սփիւռքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած է նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցիներու մասնակցութիւնը ՀՀ նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, այդ ուղղութեամբ եւ ընդհանրապէս՝ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին մէջ հայոց եկեղեցիներուն կողմէ Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքը:

Հանրապետութեան նախագահը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին հետ քննարկած է նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն ներկայ վիճակին եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել ու առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին նիստը

1-3Երեքշաբթի, 27 մայիսին, Կարեն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստը, զոր կը վարէր յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Ընդլայնուած կազմով գումարուած նիստին նպատակն էր 100-րդ տարելիցի միջոցառումերու պաշտօնական մեկնարկին ընդառաջ անգամ մը եւս ամփոփիչ կերպով յստակեցնել յանձնաժողովին գործողութիւններուն ժամանակացոյցը եւ ռազմավարութիւնը:

Անդրադառնալէ ետք տարածքային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու օր մը առաջ տեղի ունեցած համաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ընթացող նախապատրաստական աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները, Հանրապետութեան Նախագահը իր բացման խօսքին մէջ նշեց որ յանձնաժողովի անդրանիկ նիստէն յետոյ անցած երեք տարիներու ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներու գծով կազմակերպչական եւ նախապատրաստական մեծ աշխատանք կատարուած է Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ:

Նախագահը նշեց որ նպատակաուղղուած աշխատանքներ կը կատարեն հոգեւոր կառոյցները, աւանդական կուսակցութիւնները, համահայկական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները։

Նախ. Սարգսեան ըսաւ որ «իւրաքանչիւրս պէտք է ունենանք մեր պատասխանատուութեան զգացումն ու չափաբաժինը հարիւրամեակի առիթով կազմակերպուելիք միջոցառումներու յաջողութեան եւ միջազգային իրազեկման նոր մակարդակ ապահովելու ուղղութեամբ»:

«Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցը մեծ խորհուրդ ունի, եւ՛ համայն հայութեան եւ՛ համայն մարդկութեան համար: Մարդկութեան դէմ ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չեն կրնար ունենալ: Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միակ բանաձեւը մարդկային պատմութեան սոսկալի էջերու ճանաչումն ու դատապարտումն է: Որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, մենք իւրայատուկ առաքելութիւն ունինք նման արհաւիրքներու կրկնութիւնը բացառելու ուղղութեամբ» յարեց նախագահը, անգամ մը եւս կոչ ընելով բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու այս աննախադէպ ոճիրը:

«Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, ըսաւ ան, բազմաթիւ են կոչերն ուղղուած ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարութեան՝ վերջ դնելու անհեռանկարային ժխտողական քաղաքականութեան: Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ Օսմանեան կայսրութեան յանցակիցը չդառնալու համար պատմութեան հետ առերեսումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը այլընտրանք չունին»:

Ապա նախ. Սարգսեան տեղեկացուց, որ շարք մը պետութիւններու ղեկավարները հրաւիրած է Հայաստան 2015-ի յատկապէս ապրիլի 24-ին։ «Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքրքրուած են ճշմարտութեամբ, ուրեմն պէտք է գան Հայաստան եւ ապրիլի 24-ին կանգնին հայ ժողովուրդի կողքին: Չեմ կարծեր որ անկէ ետք անոնք արխիւներ բանալու մասին մտածեն։ Օգտուելով այս առիթէն` պաշտօնապէս կը հրաւիրեմ Թուրքիոյ նախագահը այցելելու Հայաստան 2015 թուականի ապրիլի 24-ին եւ առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ» յարեց նախ. Սարգսեան, որ խօսքը եզրափակեց ըսելով որ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցը մեր դատի սահմանագիծը չէ եւ հարիւրամեակով մենք պիտի ամփոփենք պատմական շրջան մը եւ պիտի ազդարարենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր փուլ։

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ըսաւ յատկապէս. «Ամէն հայ
վստահաբար պիտի ողջունէ եւ պիտի բաժնէ մեր անխառն ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը ի տես այս ժողովին որ Հայկական Պետութեան ղեկավարի նախագահութեան ներքեւ կը համախմբէ Հայութեան անխտիր բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչները՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին, համակարգելու համար այս առթիւ ծրագրուած միջոցառումները։ Յայտնապէս, 100-րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքները ընդգրկեցին Ազգին ամբողջ ներոյժը եւ համազգային զօրակոչի մը երեւոյթը ստացան Հայաստանէն եւ Արցախէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր հայագաղութները։ Հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը բացայայտեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը շրջադարձային հանգրուան մը դարձնելու իր վճռականութիւնը եւ Հայկական պահանջատիրութեան պատմականօրէն նոր թափ ու որակ տալու եւ ճանաչման պահանջէն հատուցման պահանջի հանգրուանը թեւակոխելու իր հաստատակամ առաջադրանքը»:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը աւարտեց շեշտելով միասնականութեան կարեւորութիւնը համազգային առաջադրանքներու յաջողութեամբ կենսագործումին համար:

Նշենք որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100֊րդ տարելիցի համայն հայութեան կարգախօս ընտրուած է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», իսկ խորհրդանիշ՝ Անմոռուկ ծաղիկը։

Նիստէն ետք, Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն ներկայ եղան ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Իրանի եւ Յունաստանի առաջնորդ գերապայծառ Նշան արք. Գարաքէհէեան, գերյարգելի Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեան եւ գերապատիւ Վարդան վրդ. Գազանճեան:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի մայիս 28-ի տօնակատարութեան Սարդարապատի յուշահամալիրին շուրջ

1-2

Չորեքշաբթի, Մայիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին շուրջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանին եւ ՀՀ բարձրագոյն ղե-կավարութեան հետ մասնակցած է Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Շրջապատուած Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետներով, պետական ու զինուորական աւագանիի ներկայացուցիչներով եւ ընկերակցութեամբ ԼՂՀ.ի նախագահին՝ Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Տօնակատարութիւնը սկսած է նախագահական պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթով, որուն յաջորդած է տօնին առթիւ մշակութային յայտագիրը:

Տօնակատարութենէն ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, ուր տեղի ունեցած է Հանրապետութեան տօնին առթիւ պարգեւատրման արարողութիւն:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն

1-4

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տէրը, հինգշաբթի 29 մայիսին այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ժան Մաաքարունին հետ, ներկայութեամբ գերյարգելի հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանի եւ գերապատիւ հայր Վարդան վ. Գազանճեանի։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայութեան ներկայ իրավիճակին:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին

1-5
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, հինգշաբթի, 29 մայիսին այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին հետ, ներկայութեամբ գերյարգելի հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանի եւ գերապատիւ հայր Վարդան վ. Գազանճեանի:

1-7Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ջանքերու համախմբման, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր: Կարեւորուեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի համախմբումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կոչերով մարդկութիւնը մշտապէս ականջալուր դարձնելու պահանջը: Առանձնակի կարեւորուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ:

Քննարկուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմերուն կից դպրոցներուն մէջ հայերէնի դասաւանդման, հայեցի դաստիարակութեան, հոգեւորականներու պատրաստման վերաբերող հարցեր:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կատարած աշխատանքները եւ բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած մեծ աջակցութիւնը ծանր կացութեան մէջ գտնուող սուրիահայերուն: Ներկայացուեցաւ նաեւ սուրիահայերու համար «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրը եւ կարեւորուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետագայ աջակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման:

1-6
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը՝ յատկապէս Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: