19-րդ դարավերջին սկիզբ առած հայոց ազգային ազատագրական զինեալ պայքարը 28 Մայիս 1918-ին իր լրումին հասաւ, երբ հայ ժողովուրդը վեց դարեայ երկարատեւ ընդհատումէն ետք վերստին տիրացաւ իր երբեմնի պետականութեան ու սեփական հողին վրայ ազատ-անկախ ապրելու եւ արարելու իրաւունքին ու հնարաւորութեանը։ Վասնզի «իրաւունքը ուժի հասկացողութիւնն է, այլ ոչ տրամաբանական»։ (Գ. Նժդեհ)
Ասպատակութիւններու ենթարկուած ու պետականութենէն զրկուած ժամանակաշրջանին հայու միտքն ու հոգին եւ անոր տոհմային ենթագիտակցութիւնը յարատեւ յագեցած էին ազգային-պատմական յիշողութեամբ, ուր կորուսեալ պետականութեան վերականգնման գաղափարը որպէս աւանդ ու կենսական պարտադրանք` փոխանցուած էր սերունդէ-սերունդ, դառնալով գերիշխող անոր ծիներուն (կեներուն) մէջ։
Մայիս 28-ն յաղթանակ էր համայն հայութեան համար, սակայն պատմութեան առջեւ չի մեղանչելու համար ըսենք, որ թէեւ Մայիսեան գոյամարտը համաժողովրդական պայքար էր յանուն արդարութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ կազմակերպչական առումով ան ունէր իր յստակ հասցէատէրը` յանձին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն օրուայ ղեկավարութեան անձնուրաց ու նպատակասլաց գործունէութեան շնորհիւ իրականացաւ ու կայացաւ սերունդներու երազած ու հայ մտքին ու սրտին մէջ երկար ժամանակ փայփայուած հայոց ազգային պետութիւնը։ Քանզի, «այն օրից, ընթերցող, երբ հայը վախենալ սկսեց մահից, այն օրից օտարը թագաւորեց Հայաստանում»։ (Գ. Նժդեհ)
Պատմական իրադարձութիւններու անդրադառնալու փոխարէն, որոնք յայտնի են շատերուս, պիտի խօսիմ ամենակարեւոր գործօնի մասին, որուն շնորհիւ իրականացաւ մեր այս երազանքը: Խօսքս հայոց միաբանութեան մասին է, որ դարեր շարունակ ջլատուած մնալով հանդերձ, ի վերջոյ Վարդանանց Ասպետներու ոգիով նոյնինքն՝ Աւարայրի Մայիսեան ոգիով վերակենդանացաւ: Այս անգամ Հայաստանի սրտին՝ Արարատեան դաշտավայրին մէջ հայ ժողովուրդը մէկ ոգի ու մէկ բռունցք դարձած խոցեց անիրաւ ոսոխին, անոր հասցնելով բազում դարերու կուտակած վրէժի հարուածը։
Այդ պահին միաբան էր հայ ժողովուրդը իր զինուորով ու սպայով, կղերականով եւ աշխարհականով, աշխատաւոր բանուորով ու համեստ մշակով, մտաւորականով ու գիտնականով։ Մէկ խօսքով, հայերը ազգովին ոտքի էին` մեծ ու փոքր, կին ու տղամարդ եւ մէկ մարդու նման ազատութեան կանչին անսալով պատրաստ էին ազգին ապագան կերտելու։ Տեղին է յիշատակել առակաց գրքի հետեւեալ խօսքերը «Գեղեցիկ ընթացք ունի այն թագաւորը, որու զօրքը իր հետ է»։
Հայ ժողովուրդը 1918-ի Մայիս 28-ին անպարտելի մնաց իր միասնական կամքի ու անսասան հաւատքին շնորհիւ, ինչը իր շարունակութիւնը գտաւ 1992-ի Մայիսի 9-ին Շուշիի եւ առհասարակ ամբողջ Արցախի ազատագրութեան ժամանակ, ուր Վարդան Դումաններու, Աշոտ Ղուլեաններու, Մոնթէ Մելքոնեաններու կողքին կռուի ելած էին Սարդարապատէն, Ղարաքիլիսէէն ու Բաշ Ապարանէն յարութիւն առած Դանիէլ Բէկ Փիրումեաններու, Դրաստամատ Կանաեաններու, Արամ Մանուկեաններու եւ այլոց անմահ հոգիները, զիրենք առաջնորդելով յաղթանակէ-յաղթանակ։ Շուշիի մէջ Աւարայրի ու Սարդարապատի ոգին էր որ կը թեւածէր իր հետ արմատախիլ ընելով ամէն տեսակ դաւ ու պառակտում։ Հայու անմահ հոգին էր, որ զարթնելով դարերու թմբիրէն դէպի յառաջ կը խոյանար։ «Նա, ով ընդունում է Աստուծոյ գոյութիւնը, ընդունում է նաեւ իր պարտականութիւնը հանդէպ գերագոյն իրականութեանց՝ ազգ, հայրենիք, պետութիւն»։ (Գ. Նժդեհ)
Մայիսեան յաղթանակներու ոգին այսօր եւս կը շարունակուի, այս անգամ հայ դատի արդարացի լուծման ի խնդիր պայքարի ու հայրենաշինութեան տեսքով, ամուր կռուանը հանդիսանալով այն տեսլականին, զոր մենք՝ հայերս կþանուանենք՝ Ազատ-անկախ ու միացեալ Հայաստան։
ՀԱՅՐ ԲԱՐՍԵՂ վրդ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեսուչ՝ Զմմառեան Միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան
ժառանգաւորաց Ս. Միքայէլ ընծայարանի
Ծանօթութիւն: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զինանշան ժանեակը` հիւսուածքն է Տիկ. Շաքէ Գապագեան-Փիլաւճեանին, Հալէպ