Սփիւռքահայը որքանով իր հայ ինքնութեան կառչած պիտի մնայ

Սփիւռքահայը որքանով իր հայ ինքնութեան կառչած պիտի մնայ

Վերջին քանի մը տարիներուն, Սփիւռքի «քարտէսը» որոշ փոփոխութիւններու առարկայ դարձաւ, հետեւաբար անոր աշխարհագրական-քաղաքական պատկերը տարբեր հեռանկարներու եւ մտորումներու ծնունդ տուաւ:

Ցեղասպանութեան տխրայիշատակ թուականէն մինչեւ օրս, սփիւռքն ու Հայաստանը դիմագրաւեցին զանազան մարտահրաւէրներ, յատկապէս «լիբանանեան սփիւռքը»՝ երբ «ներգաղթ» ապրեցաւ, լիբանանահայութեան մեծ տոկոսը գաղթեց մէկ բնակավայրէն ուրիշ մը՝ Միացեալ նահանգներ կամ Քանատա, իսկ Հայաստանէն բնիկ քաղաքացին արտագաղթեց դէպի Ռուսիա ու Ամերիկա: Այստեղ տեղին է յիշել թէ որոշակի տոկոսային հաշւով եղա՛ն հայեր, որոնք արտասահմանէն վերադարձան հայրենիք ու հո՛ն հաստատուեցան:

1915-էն մինչեւ 1991, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան թուականը, սփիւռքի հայերը երկու հիմնական փուլերէ անցան:

Առաջին շրջանին մինչեւ 70-ական թուականները, հայը (խօսքս յատկապէս լիբանանահայութեան կը վերաբերի) կ՚ապրէր ամրօրէն գօտեպնդուած իրականութիւն մը: Արմատախիլ, իր սպիներով հանդերձ` ինքնիր պատեանին ներքեւ պատսպարուած, հայեացքը դէպի հայրենիք, ազգային ու հայրենասիրական մակարդակներով ճիգ չխնայեց իր զանազան կեդրոններէն ու հաստատութիւններէն ներս սերունդները այդ ուղղութեամբ զարգացնելու: Ան այսպէս ապրեցաւ մինչեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, որուն հետեւանքով հազարաւոր լիբանանահայեր լքելով Լիբանանը, դիմեցին արտասահմանի տարբեր ափեր: Բոլոր մակարդակներու վրայ Լիբանանահայը կրեց մեծ կորուստներ եւ յատկապէս մարդուժի ծաւալուն կորուստ :

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լիբանանահայութեան արձանագրած միակ դրական կէտը անոր չէզոք դիրքորոշումը եղաւ: Ներքին հակամարտութիւններու ընդմէջէն լիբանանահայը իր երեք կուսակցութիւններով եւ յարանուանութիւններով կարողացաւ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ: Սակայն այդ մէկը լիբանանեան քաղաքական հրապարակին վրայ կարգ մը խմբաւորումներու կողմէ քննադատուեցաւ եւ «հայկական կէթոյի» երեւոյթին ակնարկութիւնները շեշտուեցան:

1991-ին երկրորդ շրջան մը սկիզբ առաւ սփիւռքահայուն մօտ ընդհան- րապէս եւ լիբանանահայուն՝ յատկապէս, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման աւետումով իւրաքանչիւր հայու սիրտը յոյսով ու բերկրանքով լիցքաւորուեցաւ: Միւս կողմէ «Թաէֆի» մէջ ստորագրուած համաձայնագրին հիման վրայ` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ դրուեցաւ, ստեղծուեցաւ կառավարութիւն եւ փլատակ Պէյրութը վերածնունդ ապրեցաւ:

Ճիշդ այս հանգրուանին, լիբանանահայը որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը լիբանանեան համայնապատկերին, իր կարգին զարկ տուաւ երկրի բարգաւաճութեան եւ բարեկարգումին: Պատերազմի տարիներուն կուտակուած փոշիներէն դուրս գալով` իւրաքանչիւր կուսակցութիւն եւ յարանուանութիւն ներքին բարեկարգումներու աշխատանքին լծուեցաւ եւ մասնաւորաբար իւրաքանչիւրը Լիբանանեան գետնի վրայ իր շինիչ ներկայութիւնը ապացուցելու համար ծրագիրներ մշակելու աշխատանքին ձեռնարկեց: Լիբանանահայը` աւելի «հայ» քան երբեք, եկաւ յանգելու այն նպատակակէտին թէ իր երկհպատակութեամբ հանդերձ` կարեւոր մէկ մասնիկն է լիբանանեան ամբողջական խճանկարին:

2000 թուականէն ետք, լիբանանահայութիւնը իր երեք կուսակցութիւններով պարտաւորութեան առջեւ դրուեցաւ ընտրութիւն կատարելու երկրին ուղղահայեաց բաժանումին դիմաց: 2005 թուականին, վարչապետ Հարիրիի նահատակութենէն ետք, պատշաճելով ներքին քաղաքական պատկերին՝ լիբանանահայութեան դիմագիծը այլափոխուեցաւ:

Իսկ նոր սերո՞ւնդը այս բոլորին մէջ….:

Լիբանանահայը վերջին 20 տարիներուն, յեղաշրջում մը ապրեցաւ: Երիտասարդ ուսանողը համալսարան յաճախելով մօտէն շփման մէջ եղաւ ոչ հայ լիբանանցի երիտասարդին հետ: Հայ երիտասարդը անդրադարձաւ թէ ինք նոյնքան լիբանանցի է որքան իր ոչ հայ ընկերը: Նոյնիսկ եղան լիբանանահայեր` որոնք անդամագրուեցան ոչ հայկական կուսակցութիւններու եւ շարժումներու: Եղան խառն ամուսնութիւններ, որոնց տոկոսը տարուէ տարի բազմացաւ: Այս բոլորը իր անդրադարձը ունեցաւ հայկական վարժարաններուն, հայ ակումբներուն եւ մասնաւորաբար հայեցի դաստիարակութեան վրայ: Անցած մօտ 15 տարիներուն, Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակը նոյնքան աւեր գործեց որքան քաղաքացիական պատերազմը, որովհետեւ մեծ թիւով ընտանիքներ ուղղուեցան արտասահման:

Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններուն զարգացումը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ գաղութին վրայ, յատկապէս Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումով եւ Հայաստանի հպատակութեան շնորհումով: Մեծ թիւով լիբանանահայեր ընտրեցին հաստատուիլ հայրենիք եւ կամ ծրագիրներ մշակել այդ ուղղութեամբ` փայլուն ապագայի մը տեսլականով:

Իսկ Հայ դա՞տը այս բոլորին մէջ…: Ահա կը գտնուինք 100-րդ տարելիցի սեմին, եւ որպէս լիիրաւ իրաւատէր` հայը խիզախօրէն կը մնայ կառչած իր պահանջատիրութեան` մինչեւ ճանաչում եւ հատուցում: Սակայն լիբանանահայ երիտասարդը իր առօրեայէն ներս, ցաւօք սրտի, առաջնահերթութիւնը յաճախ իր ասպարէզին եւ իր անմիջական ընկերային կեանքին տուած ըլլալ կը թուի: Բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց զաւակները ոչ հայկական վարժարաններ արձանագրելով կը քաջալերեն այս հակումը, որ կրնայ թուլացնել մեր պահանջատիրական երթը:

Արդարեւ, երբ օր մը Հայկական Հարցը լուծուի, սփիւռքը պիտի մնա՞յ կառչած իր հայկական պատկանելիութեան թէ էթնիք փոքրամասնութեան մը պիտի վերածուի եւ նոյնինքն տեղական միջավայրին մէջ պիտի ձուլուի եւ անէանայ…:

Մտահոգիչ երեւոյթներ կան որոնց լուծումին կրնայ նպաստել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացումը: Այս շրջագիծէնն ներս, Հայաստանի քաղաքացիութեան տուչութիւնը իմաստուն նախաքայլ մըն էր` սփիւռքահայը հայրենիքին կառչած պահելու` մանաւանդ եթէ անոր յաջորդէ սփիւռքահայ երիտասարդին համար իր ուսումնառութիւնը Հայաստանի համալսարաններուն մէջ շարունակելու մատչելի հնարաւորութիւնը:

Մինչ այդ սփիւռքի եւ յատկապէս լիբանանի մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է հայ ուսանողը հայ վարժարանէն ներս պահելու գրաւականը: Այս նպատակով հարկ է հայերէն լեզուն եւ պատմութիւնը մատչելի դարձնել աշակերտին նորագոյն դասագրքերով, արդիական լսատեսողական միջոցներով ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերակազմաւորման եւ պատրաստութեան յոյժ կարեւոր ընթացքին զարկ տալով եւ փորձելով ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան սրտին մէջ վերակենդանացնել հայրենասիրութեան եւ պատկանելիութեան ջահը, որպէսզի Հայը իր երկու թեւերով՝ Սփիւռքով եւ Հայրենիքով դէմ դնէ համաշխարհայնացման մրրկալից հողմերուն:

 

ՍԻՊԻԼԱ Մ. – Փ.