«Ո՞ւր հասաւ Մասիսը»

«Ո՞ւր հասաւ Մասիսը»

«Մենք կը հաւատանք Մամուլի առաքելութեան: Այս համոզուածութեամբ է, որ «Մասիս»ը վերստին լոյս կ՛ընծայենք»: Խոստումնալի այս բառերով, հոկտեմբեր 2005-ին վերահրատարակուեցաւ «Մասիս»ը երկարամեայ դադարէ ետք: Հաւատացինք ու կը շարունակենք հաւատալ որ մամուլը մեր գոյութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ ու Ազգին գոյութեան, հայ մարդուն գոյութեան, մեր գոյապայքարի յենակէտերէն մէկն է, մեր ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը: Որովհետեւ հոն կը պահպանուի հայ լեզուն, կը փոխանցուի հայ միտքը, կը յայտնուի լուսաւորչեան հաւատքը, կը պարզուին հայկական հիմնախնդիրները, եւ կ’արտացոլան ազգային ու հայրենասիրական զգացումներն ու գաղափարախօսութիւնները, կը ձեւաւորուին առողջ դիտումներն ու դատումները:

Այս միեւնոյն հաւատքով, այսօր եւս, կարճ դադարէ մը ետք, կու գանք վերանորոգելու մեր խոստումը: Ամէն մարդ հարց կու տար. «Ո՞ւր հասաւ Մասիսը»: Շատերուն համար թերեւս այս «դադարը» մտահոգիչ հանգրուան մը եղաւ, սակայն մեզի համար յուսալից շրջան մըն էր: Մտահոգուեցանք, բայց չյուսահատեցանք. ծրագրեցինք, աշխատեցանք, եւ փորձեցինք ձգտիլ լաւագոյնին, քաջ գիտնալով որ «լաւագոյնը» միեւնոյն հասկացողութիւնը չունի ամէն մարդու մօտ: Եւ այսօր, պարտականութիւնը կը զգանք սրտագին շնորհակալական խօսք ուղղելու նախ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, գլխաւորութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ «Մասիս»ը վստահեցաւ երիտասարդ սերունդի մը: Կ՛ուխտենք լուրջ յանձնառութեամբ վառ պահել մեզի յանձնուած այս նուիրական ջահը:

Նաեւ շնորհակալութիւն եւ յարգանք հանդէպ սերունդի մը, որուն կը պարտինք «Մասիս»ի գոյատեւումը: Այսօր մենք զմեզ հպարտ կը զգանք Հ. Անդրանիկ Կռանեաններով եւ բոլոր այն նուիրեալներով, որոնց քաջալերանքը պիտի խթանէ մեր աշխատանքը:

Եւ վերջապէս, շնորհակալութիւն ձեզի՝ սիրելի ընթերցասէր բարեկամներ, որ համբերութեամբ սպասեցիք «Մասիս»ի վերահրատարակութեան: Դուք ալ մեզի հետ մտահոգուեցաք, եւ ձեր մտահոգութիւնը այսօր պտղաբերեց ու արդիւնաբերեց:

1947-էն մինչեւ այսօր, «Մասիս»ը հաւատարիմ մնացած է եւ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր հիմնադիրին՝ Կարդինալ Աղաճանեանի դրոշմած նշանաբանին՝ «որպէս զէն՝ Ճշմարտութիւն», հայցելով աստուածային օրհնութիւնները, եւ խնդրելով բարեխօսութիւնը Ամենասուրբ Կոյսին եւ 1915-ի աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ի գին ճշմարտութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապը, ընկերային Հաղորդամիջոցներու 48-րդ Համաշխարհային Օրուայ իր պատգամին մէջ հետեւեալ ուղեցոյցը կը փոխանցէ մեզի. «Այս աշխարհին մէջ, ընկերային հաղորդամիջոցները կրնան նպաստել մեզի՝ իրարու հանդէպ աւելի մօտ զգալու, մեզի ըմբռնել տալու մարդկային ընտանիքի միասնականութեան վերանորոգուած իմաստը, որ կը մղէ միասնականութեան եւ լուրջ յանձնառութեան՝ ի խնդիր աւելի արժանավայել կեանքի մը: Լաւ հաղորդակցութիւնը կ՛օգնէ մեզի իրարու աւելի մօտենալու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու եւ աւելի միասնական ըլլալու»:

Թող որ «Մասիս»ը ըլլայ այս միասնականութեան մարմնացումը, որովհետեւ մեր ֊ուժը կը կայանայ միայն ու միայն մեր միասնականութեան մէջ:

 

Ս.Կ.