ԱՄԷՆ ԻՆՉԻՆ ԼԱՒԸ…

ԱՄԷՆ ԻՆՉԻՆ ԼԱՒԸ…

Մենք ամէն ինչին լա՛ւը կը փնտռենք եւ այս ձգտումը մեր մարդկային բնազդին մաս կը կազմէ: Ամէն ինչին լաւագոյնը կը փնտռենք, որովհետեւ համոզուած ենք թէ լաւագոյնը գտնելով` կրնանք երջանիկ ըլլալ, մինչդեռ անբան կենդանիները կը բաւարարուին բնութեան կողմէ իրենց համար որոշուած գոյավիճակով:

Մարդ արարածը կատարեալին կը ձգտի, ուստի կը ցանկայ լաւագո՛յն զգեստները հագնիլ, լաւագո՛յն տունը բնակիլ, լաւագո՛յն դպրոցը յաճախել, լաւագո՛յն աշխատավարձին տիրանալ, լաւագո՛յն պաշտօնին հասնիլ, լաւագո՛յն ինքնաշարժը վարել, լաւագո՛յն ամուսնութիւնը կնքել, լաւագո՛յն բարեկամը ունենալ…, ամէ՛ն ինչին լաւագո՛յնը:

Բայց հակառակ լաւագոյնին այս ձգտումին` մենք ո՞րքանով կը յաջողինք լաւագոյնը գտնել ու այսպէս` իրագործել մեր այս արդար բաղձանքը: Այս հարցումին իբր պատասխան` մենք կը գտնենք կեանքի ձախորդ իրականութիւնները, մեր յուսախաբութիւնները, հիասթափութիւնները, մեր վէճերն ու կռիւները:

Մենք լաւագոյնին նկատմամբ մեր որոնումին մէջ չենք յաջողիր, որովհետեւ լաւագոյնը սխա՛լ կ’ըմբռնենք ու կ’ընտրենք եւ մեր լաւագոյն կարծածը` մեզի համար յաճախ լաւագոյնը չէ:

Լաւագոյնը` մարդէ մարդ յարաբերական է: Ինչ որ ինծի լաւագոյն կը թուի, ուրիշի մը համար նոյնը չէ: Ապա նաեւ լաւագոյնը յաճախ սխալ տեղ կը փնտռենք, օրինակ` անցեալի մը մէջ, որ այլեւս պիտի չվերադառնայ…:

Բայց արդեօք այս աշխարհիս վրայ… լաւագոյնը գոյութիւն ունի՞: Արդեօք լաւագոյնի՛ն ձգտելով` մենք չե՞նք նմանիր այն երեխային, որ իր մայրիկէն լուսի՛նը կ’ուզէ…:

Ապա բաւարար չէ լաւագոյնին ցանկալ, հարկ է նաեւ անոր արժանանալ…: Լաւագոյնը ձրի չէ՛, ան նիւթական ու բարոյական զոհողութիւն կը պահանջէ: Այդ գինը վճարելու… մենք ո՞րքանով պատրաստ ենք:

Ա. ԿՌԱՆԵԱՆ