Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի փակման հաղորդագրութիւն

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի փակման հաղորդագրութիւն

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 8-17 հոկտեմբեր 2013-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն, Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական փոխանորդին եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին:

Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու նախորդ տարուայ գործունէութիւնները եւ կատարեցին անոնց արժեւորումը: Անոնք անդրադարձան պատրիարքական եւ այլ թեմերու վարչական եւ հովուական պայմաններուն: Ապա, սիւնհոդոսական հայրերը անդրադարձան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն արեւելեան Եկեղեցիներուն հետ, եւ այս շրջագիծէն ներս արաբական երկիրներուն մէջ շարունակուող ջանքերուն ի խնդիր քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու ամրապնդման, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած այս դժուար օրերուն:

Սիւնհոդոսական հայրերը իրենց յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այն պայմանները եւ մարտահրաւէրները զորս մեր ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորաբար մեր հայկական եկեղեցիները կը դիմագրաւեն ներկայիս աշխարհի տարածքին:

Սիւնհոդոսը իր աշխատանքները եզրափակեց որդեգրելով վարչական որոշումներ թափուր մնացած թեմերուն համար եւ հրապարակեց հետեւեալ առաջադրանքները.-

ա) Հետապնդել 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավար վարչակարգի նահատակներու երանացման աշխատանքները, եւ նախապատրաստուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման 2015-ին:

բ) Շարունակել քաջալերել «Հաւատքի Տարի»ին առիթով թեմերէն եւ ժողովրդապետութիւններէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկները, խորապէս ապրելով Սուրբ Գրային ուսուցումները, Հռոմի մէջ 7-էն 28 Հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի «Նոր Աւետարանում»ի լոյսին տակ:

գ) Շարունակել աշխատանքը՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ յատուկ յետ սիւնհոդոսական յորդորին ուսումնասիրութեան ու գործադրութեան ուղղութեամբ, ժողովրդապետական, ընկերային եւ կրթական ձեռնարկներու միջոցաւ, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ, միաժամանակ հոգալով գաղթականները եւ անոնց տրամադրելով՝ հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն:

դ) Սիւնհոդոսական հայրերը դատապարտեցին կրօններուն եւ անոնց սուրբ խորհրդանշաններուն դէմ կատարուող արարքները, միութեան կոչ ուղղելով մէկ Աստուծոյ հաւատքին շուրջ, գործելով անոր ուսուցումներուն, երկնային պատուէրներուն, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն համաձայն, ընտանիքէն ներս եւ մէկ ընկերութեան մէջ: Անոնք խստիւ կոչ ուղղեցին աշխարհի պետութիւններու նախագահներուն, թագաւորներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն անյապաղ ազատ արձակելու առեւանգուած Եուհաննա Իպրահիմ ու Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները, հայ կաթողիկէ Միշէլ Քայյալ վարդապետը եւ բիւզանդացի ուղղափառ հայր՝ Մահէր Մահֆուզը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին լռեցնելու զէնքերը եւ արգիլելու բռնութիւնն ու պատերազմը շրջանին մէջ:

ե) Սիւնհոդոսական հայրերը շնորհակալագիր մը յղեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան ի խնդիր՝ Անոր բարձրացուցած աղօթքին, ինչպէս նաեւ մարդկութիւնը Մարիամու անարատ սրտի հովանաւորութեան յանձնելուն եւ ի խնդիր խաղաղ համակեցութեան այլ կրօններու հետ երկխօսութիւնը քաջալերելուն համար: Անոնք նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Սրբազան Պապին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հանդէպ անոր հայրական հոգատարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման նախապատրաստութեան ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար:

Սիւնհոդոսի աւարտին, հայրերը կոչ ուղղեցին բոլոր հոգեւոր եւ քաղաքական պետերուն միասնաբար եւ ազգային նախանձախնդրութեամբ աշխատելու ի խնդիր կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրսիրութեան եւ փոխըմբռնման:

Սիւնհոդոսական հայրերը աշխարհին կը մաղթեն մնայուն խաղաղութիւն, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար, իսկ շրջանի ժողովուրդներուն համար ապահովութեան, համախոհութեան, միասնականութեան եւ կայունութեան վերականգնում եւ տնտեսական բարգաւաճում:

Ատհայի տօնին առիթով, սիւնհոդոսական հայրերը իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնեն սիրելի իսլամ եղբայրներուն, խնդրելով առ Աստուած բարի շնորհքներ, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն արաբական եւ իսլամական աշխարհին:

Վերջապէս, անոնք աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, Զմմառու Տիրամօր եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեամբ, որպէսզի ապագայ սերունդներուն առջեւ բանայ նոր հորիզոններ՝ հիմնուած սիրոյ, վկայութեան, ազգային համերաշխութեան, ընկերային արդարութեան եւ եղբայրսիրութեան սկզբունքներուն վրայ:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ