Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հ.Կ. Պատրիարքական Թեմին ԾԷՍԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ  Լիբանանի Հ.Կ. Պատրիարքական Թեմին ԾԷՍԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ծէսը, ինչպէս ամէնազգի քրիստոնեայի, առաւել եւս քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունած առաջին ժողովուրդին ինքնութեան բաղկացուցիչ հիմնական մէկ երեսը ըլլալով, ծիսակատարումը սովորամոլ արարողակարգ մը պէտք չէ թուի` մանաւանդ Հայ հաւատացեալին։ Անիկա քրիստոնէական հաւատքը ապրելու, զայն վերանորոգելու, իր հոգեւոր կեանքը վերաշխուժացնելու առիթ մը եւ Լուսաւորչեան Հաւատքով ու Վարդանանց արեամբ շաղախուած իր արմատներուն հաւատարմութեան իր ուխտը վերանորոգելու հանդիսաւոր պահն է։

Մեր ժողովուրդին մօտ այս գիտակցութիւնն ու ապրումը վերարծարծելու եւ Ծէսին ու ծիսակատարումին ճիշդ ընկալումով զայն առաջնորդելու նպատակով է որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը 2014-ը հռչակեց Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարի։ Յոբելինական՝ նկատի ունենալով որ յիսնամեակն է Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին եւ Ծէսին վերաբերեալ «Sacrosanctum Concilium» խորագրեալ Սահմանադրութեան։ Տարի մը՝ որ պիտի նշանաւորուի Ծէսն ու ծիսակատարումը մեր ժողովուրդին աւելի ճանչցնելու, անոր նշանակութիւնը բացատրելու, անոր կեանքին մէջ Ծէսին ու ծիսակատարումին կարեւորութիւնը զգացնելու սահմանուած հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով, որոնք պիտի կազմակերպուին Պատրիարքութեան Ծիսական Յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորու-թեամբ Արհի.Հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի, եւ գործակցութեամբ Հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի եւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի։

DSC_4834

Այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք Ծէսին նուիրուած ձեռնարկներուն հանդիսաւոր բացումը արժանավայել շուքով տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Յունուար 2014-ին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սբ. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Ինչպէս Արհի. Մանուէլ եպս. հանդիսութեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը, որու ընթացքին, 4 Դեկտեմբեր 1963-ին, լոյս տեսաւ շատ կարեւոր թուղթ մը, Sacrosanctum Concilium տիտղոսով, որու նիւթն էր պարզել ու ճշդել Ծէսին կարեւորութիւնը քրիստոնեայի կեանքին մէջ եւ վերանորոգումի անհրաժեշտութիւնը, նկատի առած մարդոց մտքին ու բարքերուն արագ յեղաշրջումը եւ անյետաձգելի կարիքը՝ Ծէսը նոր ժամանակներու պահանջներուն հետ պատշաճեցնելու»։ Գերապայծառը ըսաւ որ «յիշեալ վաւերաթուղթը կը ձգտէր աւելի ըմբռնելի եւ դիւրամատչելի դարձնելու իմաստն ու դերը ծիսակատարումին, յատկապէս սուրբ Պատարագի Զոհին եւ Խորհուրդներու մատակարարումին մէջ»։ Ան յայտնեց թէ Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին նպատակն է «մեր ժողովուրդին մօտ արթնցնել գիտակցութիւնն ու ճաշակը Ծէսին ու Ծիսակատարումին, որ պէտք չէ ըմբռնուի որպէս հոգիէ զուրկ ու մեքենայական սովորոյթ դարձած անհրապոյր ջերմեռանդութիւններու շարք մը, այլ ըլլայ մեր առօրեայ կեանքը թափանցող ու ներշնչող, եւ խորապէս զգացուած կարիք մը»։ Ան «հոգեւոր արշաւ մը» որակեց Ծէսին նուիրուած Տարուան հանդիսութիւններուն շարքը, որոնք հերթաբար պիտի ներկայացուին մեր զանազան ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ Հուսկ ներկայացուց օրուան երկու բանախօսները՝ գերյ. Հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ գեր. Հ. Եուհաննա վ. Թապէթ, որոնք ծիսագիտութեան հմուտ եւ ծանօթ մասնագէտներ են։

Հայր Կռանեան իր ելոյթը սկսաւ բացատրելով Ծէսին ու Ծիսակատարումին իմաստը սկսեալ մարդկութեան գոյութեան առաջին իսկ օրերէն։ Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ Քրիստոնեայ Ծէսին կամ Ծիսակատարումին ըսելով որ «Ծէսը կամ քրիստոնեայ պաշտամունքը Աստուած բաժնեկից կը դարձնէ քրիստոնեայ մարդուն կեանքին յաջորդական հանգրուաններուն, յատկապէս Եկեղեցւոյ եօթը Խորհուրդներուն ընդմէջէն»։ Բացատրելէ ետք Ծիսական Աղօթքին եւ Ծիսական կեանքին նշանակութիւնը ու կարեւորութիւնը, Հայր Կռանեան վեր առաւ Հայ Ծէսին կարեւորութիւնը։ «Հայ Ծէսը – ըսաւ ան – մեր Հայրերուն կողմէ գուրգուրանքով մշակուած է, ապա դարերու ընթացքին՝ հետզհետէ զարգացած է։ Հայ Ազգը երբ 301-ին քրիստոնեայ դարձաւ, հայ ծէսի մը պահանջքը զգաց իր Քրիստոսը հայա՛բար պաշտելու համար…։ Մեր Ծիսական Աղօթքները թանկագին են մեզի համար նաեւ որովհետեւ անոնք մեզ կերպով մը կը միացնեն մեր մեծանուն Հայրապետներուն եւ ինչու՞ չէ նաեւ Վարդանանց, որոնք 451-ին՝ Աւարայրի երեկոյին, նահատակուելէ առաջ… մեր նո՛յն Սբ. Պատարագը նո՛յն բառերով մատուցին Աստուծոյ…։

«Հայ Ծէսը եթէ լեզու առնէր ու պատմէր թէ ինք ի՛նչքան սու՛ղ արժած է մեր ազգին համար, մենք աւելի գուրգուրանքով ու եռանդով պիտի գայինք մասնակցելու մեր եկեղեցական կիրակնօրեայ եւ այլ ծիսակատարութիւններուն ու արարողութիւններուն։

«Մենք՝ փառաւոր անցեալի մը ժառանգորդներս՝ մե՛նք ալ մեր Ծէսը վերապրինք այն նո՛յն հոգիով, որով ան կազմուեցաւ ու պահպանուեցաւ դարերու ընթացքին, ի հեճուկս մեր Ազգին ու Եկեղեցիին կրած բազմապիսի Աւարայրներուն, հալածանքներուն, տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան…»։

DSC_4645

Այնուհետեւ, իր զեկուցումը կատարեց Քասլիքի Համալսարանի Ծիսագիտութեան Կաճառին հիմնադիր Հ. Եուհաննա վ. Թապէթ՝ հաւատացեալի կեանքին մէջ Ծէսի կարեւորութեան մասին։ Դրուատելէ ետք օրուան կարեւոր նախաձեռնութիւնը, ան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Վատիկանեան Բ. Ժողովէն ետք եւ շնորհիւ Sacrosanctum Concilium Սահմանադրութեան ցուցմունքներուն, օգտաշատ փոփոխութիւններ կատարուեցան, վեր հանելով ծիսակատարող քահանային եւ հաւատացեալին միջեւ համագործակցութիւնը սուրբ Պատարագի զոհաբերումին ընթացքին։ Շեշտեց նաեւ թէ ծիսական վերանորոգումը, հետեւելով արդի ժամանակներու պահանջներուն, ստիպողութիւն մըն է բոլոր Եկեղեցիներուն համար, նկատի ունենալով հաւատացեալին օգուտը։ Հարկ է սակայն զայն կատարել խոհեմաբար, վերադառնալով ծիսական վճիտ աղբիւրներուն, եւ իմաստութեամբ պեղելով այն հոգեւոր գանձերը, որոնք ամփոփուած են առողջ աւանդութիւններու, սուրբ Հայրերու ուսուցումին եւ Ս. Գրքին գանձերուն մէջ։

DSC_4980

Նախքան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եզրափակիչ Օրհնութեան խօսքը, Sacrosanctum Concilum-էն հատուածներ ընթերցեցին Տիկին Սարմէ Մինասեան ¥հայերէն¤ եւ Պր. Ապպուտ Պօղոս ¥արաբերէն¤։ Մէջընդմէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական իւրայատուկ յայտագիր մը։ Կռունկ Պատրիարքական Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, ներկայացուց ծիսական հոգեւոր երգերու շարք մը։ Զմմառեան Դպրեվանքի սաները, ղեկավարութեամբ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, երգեցին փունջ մը շարականներ։ Սրինգահար` Անժէլա Նիւրբեթլեան ¥երգեհոն՝ Ժան-Բիէր Աստիկեան¤, մեներգողներ Յովիկ Գոզեան եւ Միրէյ Քիւթիւկճեան ¥երգեհոն՝ Ժան Բիէր Աստիկեան, ջութակ՝ Ռիթա Աստիկեան¤ իրենց նուագովն ու երգերով ճոխացուցին գեղարուեստական յայտագիրը, որ հոգեպարար պահ մը ապրիլ տուաւ հանդիսականներուն։

Հուսկ Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց տպաւորիչ հանդիսութիւնը իր օրհնութեան խօսքով, ուր ըսաւ յատկապէս.-

DSC_5255«Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի հոգեխօս Ծէսին Սահմանադրութեան յիսնամեակին առիթով, Ծիսական Պատրիարքական Յանձնախումբը՝ մեծապէս կարեւոր նկատեց վերարծարծել մեր կղերին եւ մեր հաւատացեալներուն կեանքին մէջ ծիսակատարումներուն հոգեշահ ապրումը: Արդարեւ, ծիսական արարողութիւնները մեր հաւատքին արտայայտութիւնը պէտք է ըլլան եւ անոնց մասնակցելով՝ պէտք է որ մեր կեանքի վկայութեամբ արտայայտենք զանոնք Քրիստոսին նմանելով՝ ամէն մարդ սիրելով եւ անկեղծ նուիրումով:

Սուրբ Պատարագը, սուրբ խորհուրդները, եւ այլ արարողութիւնները որոնց կը մասնակցինք՝ լոկ պարտաւորութիւններ պէտք չէ ըլլան: Եթէ ոչ, ապարդիւն պիտի մնան, եթէ ամէն աղօթքէն ետք չենք փոխուիր մեր ապրելակերպին մէջ, մեր առօրեայ փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ ուրիշներուն հետ, եւ մանաւանդ՝ մեր մօտեցումին մէջ Յիսուսին՝ անոր կեանքին ու չարչարանքներուն, յատուկէն՝ անոր սիրոյ եւ ներումի ոգիին:

Հինգերորդ դարու մեծ Հայրապետը՝ Սուրբ Յովնան Մանդակունի այսպէս կ՚արտայայտուի. «Ճշմարիտ հաւատքով կ՚իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է խորանին վրայ: Իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք եւ զինք կ՚ընդունինք մեր մէջ»: Մեծ Հայրապետին սրբալոյս այս խօսքերը մեզմէ ո՞վ կրնայ համոզումով կրկնել, եւ մենք ո՞րքանով զանոնք կ՚ապրինք, ամէն անգամ որ սուրբ Պատարագին կամ այլ արարողութեան մը կը մասնակցինք:

Հին ասացուածք մը կ՚ըսէ. Օրէնք աղօթից, օրէնք հաւատալեաց: Այս խօսքին իմաստը սա է. աղօթքը կապուած է հաւատքին: Առանց հաւատքի, ծիսակատարութիւնը կը վերածուի լոկ եկեղեցական պարտականութեան կամ աւանդական սովորութեան,

Մեր ըմբռնումը աղօթքին մասին, որպէս հարկաւոր սնունդ մեր առօրեայ կեանքին համար, դժբախտաբար նսեմացած է: Կենսական կապ չենք գտներ այլեւս աղօթքին եւ մեր ամէն օրուայ ապրումին միջեւ:

Մեր մարմինը առողջ պահելու համար, անոր սնունդ կու տանք ամէն օր: Եթէ ոչ, մեր առողջութիւնը կը տկարանայ եւ կը հիւանդանանք:

Նոյնն է մեր հոգեւոր կեանքին համար, որպէսզի երջանիկ ըլլանք պէտք ունինք ամէն օր հոգեւոր յատուկ սնունդի, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ՚ընենք մեր մարմնին համար: Այն ժամանակ, պիտի զգանք որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ որպէս հայր, Յիսուս՝ որպէս մեծ եւ սիրելի եղբայր, եւ բոլոր մարդիկ մեզի հետ միասին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի կազմեն աշխարհի վրայ»: