ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԳԻՆԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԵՐԿԻՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԳԻՆԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԵՐԿԻՐԸ

900,000 տպաքանակը գերազանցող ամերիկեան յայտնի ամսագիրը՝ «Forbes» կ’անդրադառնայ հայկական գինիներուն եւ Հայաստանի խաղողագործութեան։ Ամսագիրը կը պատմէ հայաստանեան գինեգործութեան աւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին հայ գինեգործները:
«Գինեգործութեան Հնագոյն Երկիրներէն Մէկը, որ Խաղող կ’աճեցնէ հակամարտութեան գօտիին Մէջ – Հայաստանի Վերածնունդը» խորագրին տակ, Քաթրին Թատ կը ներկայացնէ այն գինեգործները, որոնց բերքը կ’աճի Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ գօտիին մէջ: «Գինեգործութեան որոշ շրջաններու մէջ խաղողագործները երբեմն ստիպուած են շիշերով լեցուած արկղներով փախուստ տալ թշնամիի գնդակէն…։ Հայ գինեգործները շատ բաներ տեսած եւ ապրած են. խորհըրդային տարիներուն, անոնք ստիպուած եղած են պաշտպանուելու բռնաճնշումներէ, միութեան փլուզումէն ետք անորոշութեան մէջ յայտնուած են, իսկ հիմա` հակամարտութեան գօտիին մէջ են, ուր իւրաքանչիւր բերքահաւաք կրնայ կենաց-մահու իրավիճակ ստեղծել», կը գրէ յօդուածագիրը։
Խօսքը մասնաւորապէս Բերդաւան սահմանամերձ գիւղին մասին է, որ կը գտնուի Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ:


«Հետաքրքրականը այն է, որ մարդիկ ամէն ձեւով կը շարունակեն մշակել իրենց բերքը եւ յատուկ թրթիռով կը վերաբերին գինիի արտադրութեան հետ, մանաւանդ որ բարձրորակ հայկական գինիներու պահանջը կ’աւելնայ», կը գրէ Քաթրին Թոտ։
Յօդուածին հեղինակը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է այսօրուան դրութեամբ աշխարհի հնագոյն գինեգործական համալիրը: «2010ին, Արենի գիւղին մէջ` գինիներով յայտնի Վայոց Ձորի մարզին մէջ, հնագէտները հնագոյն գինեգործական հնձան, խմորման եւ հնացման անօթներ, ըմպանակներ, խաղողի չորցած տունկեր, կեղեւ եւ սերմեր յայտնաբերեցին: Գտածոն 6000 տարեկան է: Անոնք գտնուեցան Արենի 1 կոչուող քարանձաւին մէջ», կը նշէ Թատ։
«Forbes»ի յօդուածագիրը նաեւ կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ խաղողի առաւել քան 400 տեղական տեսակներ կան: