Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ՍՈՎԱՀԱՐ ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ԱՆԳՂԸ

Լուսանկարի մը պատմութիւնը. ՍՈՎԱՀԱՐ ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ԱՆԳՂԸ

Լուսանկարիչ Քեվըն Քարթըրը յատուկ գացած էր Սուտան, որպէսզի նիւթ պատրաստէ տեղի սովեալներու մասին, նաեւ նկարահանումներ կատարէ գիւղերէն մէկուն մէջ: Յոգնելով սովէն մահացած մարդոց նկարելէ գիւղին մէջ՝ Քեվըն կը փորձէ հանգստանալ կանաչներով պատուած վայրի մը մէջ, երբ կը լսէ երեխայի լաց ու ճիչ: Լուսանկարիչը աւելի կը մօտենայ եւ կը տեսնէ երեխայի մը, որ հաւանաբար սովամահ կ’ըլլար։ Ան կ’ուզէ նկարել երեխան, երբ կը տեսնէ մի քանի քայլ այն կողմ կանգնած անգղը (որ հաւանաբար կը սպասէր երեխայի մահը): Լուսանկարիչը կ’«որսայ» քատրը, սակայն այն անյաջող կը համարէ (մտածելով, որ անգղը աւելի կը մօտենայ եւ աւելի լաւ կը ստացուի քատրը): Անգղի աւելի մօտենալուն սպասելով մօտ 20 վայրկեան եւ հասկնալով, որ այդ ապարդիւն է՝ Քեվըն կը քշէ զայն, իսկ երեխան կարծես իր մէջ ուժ գտնելով վեր կը կանգնի ու կը հեռանայ: Քեվըն կը նստի եւ կը սկսի լալ:
Մի քանի օր յետոյ, երբ ան կը վերադառնայ հայրենիք, այդ ժամանակ «Սուտանի սովեալները» վերնագրով յօդուածները թերթերուն մէջ ամէն օր կային. «Նիւ Եորք Թայմս»-ը այս նկարը միանգամայն կը գնէ, իսկ Քեվըն կը դառնայ աշխարհի յայտնի լուսանկարիչներէն մէկը, նկարը կը դառնայ Ափրիկէի մէջ «աղքատութեան խորհրդանիշը», Քեվըն կը պարգեւատրուի Փուլիցըրեան հեղինակաւոր մրցանակով:
Սկզբնական շրջանին եղած հիացմունքը կ’անցնի, կը փոխուի լուսանկարիչի հանդէպ վերաբերմունքը։ Մարդիկ կը հարցնէին, թէ ի՞նչ եղաւ այդ երեխայի ճակատագիրը, արդեօք չէ՞ր կրնար Քեվըն օգնել անոր՝ զայն տանելով ՄԱԿ-ի յատուկ բացուած կալուածը, ուր կ’օգնէին սովեալներուն: Կը սկսի քննադատութիւն. Քեվըն այլեւս ընկճախտի մէջ էր, միշտ անտրամադիր եւ անտարբեր ամէն բանի հանդէպ: Մի քանի օր անց ան անձնասպան կ’ըլլայ: Նամակին մէջ կը գրէ. «Զիս կը հետապնդէին մահացածներու յիշողութիւններս, դիակներու մասին, յիշողութիւններս սովեալ կամ վիրաւոր երեխաներու մասին…»:

Ն.Է.Ն.