«Խորհիմ» ներկայ հատորը թէեւ հոմանիշ տիտղոս մը կը կրէ նախորդ «Խոկամ» գրքոյկիս հետ, սակայն անոր կրկնութիւնը չէ, ինչպէս որ դարերէ ի վեր իրարու յաջորդող մարդկային սերունդները իրարու կրկնութիւնը չեն։
«Եթէ իրարու կրկնութիւնն ըլլայինք, ի՞նչ ընելու համար աշխարհ պիտի գայինք…», հարց կու տան անոնք։
Սողոմոն իմաստունը սակայն այս մասին տարբեր տեսակէտ կ’արտայայտէր երբ կը գոչէր.- «Նորութիւն չկա՛յ այս արեւին տակ…»։
Իսկ իմաստասէր մը ըսած է.- «Ինչ որ աւելի՛ է, քիչին վնաս չի՛ պատճառեր…»։
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այս «Խորհիմ» հատորին մէջ ալ պիտի գտնես կեանքի փորձառութենէն քաղուած զանազան միտքեր եւ հոգեւոր ապրումներէն ներշնչուած այլազան գաղափարներ, որոնք կրնան իբր ուղեցոյց ծառայել ամէն հասակի ընթերցողին, նոյնիսկ եթէ անոնց հետ ան միշտ համաձայն չգտնուի։
Զանոնք դասաւորած եմ այբենական կարգով…։
Կարդա՛ եւ կարծիքդ տո՛ւր…։
Ա.Կ.