ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՆՈՐԱՏԻՊԻՍ ԱՌԻԹՈՎ «ՕՐԵՐ ԵՒ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՆՈՐԱՏԻՊԻՍ ԱՌԻԹՈՎ «ՕՐԵՐ ԵՒ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

«Օրեր եւ տեսութիւններ» հատորը փունջ մըն է յօդուածներու եւ մտորումներու՝ գրուած Լիբանանի ու Գանատայի միջեւ:

Ան կ՚արտայայտէ հեղինակին անձնական, հոգեկան ու մտային մղձաւանջ տառապանքը նկատմամբ իր Ազգին անողոք ճակատագրին եւ անոր համարեա մոռցուած արդար դատին:

Ինչպէս նաեւ կը ցոլացնէ քահանայական ու հոգեմտաւոր տագնապ մը, նկատելով այն վերիվայրումներն ու «ճգնաժամերը», որոնք մեր Հ. Կ. Եկեղեցին եւ քոյր Արեւելեան Եկեղեցիները ապրեցան, ինչպէս նաեւ անոնց յոռի ազդեցութիւնները մեր հաւատացեալներուն հոգեկան, ընտանեկան, ընկերային ու տոհմային վիճակներուն եւ ապրումներուն վրայ:

Հաւատացեալնե՜ր, որոնք, իրենց հաւատքով եւ աղօթքով անսասան պատկանելիութեամբ դարերու ընթացքին, ի հեճուկս ամէն դժուարութեան՝ մնացին կառչած իրենց պապենական բարքերուն ու կրօնական նուիրականութիւններուն:

Այսօր, սակայն, ցաւ ի սրտի, այդ հաւատքը, այդ աղօթքն ու կառչումը սկսած է նուազիլ մեր ընտանեկան, կրօնական եւ ընկերային յարկերէն ու կեանքերէն ներս, հակառակ որ որպէս քրիստոնեաներ՝ բոլորս կանչուած ենք ըլլալու «աղը» աշխարհիս խմորին մէջ և «լոյսը» անոր խաւարամած երկնակամարին տակ:

Սակայն, քանի որ Քրիստոս մեզի հետ է ու մեզի հետ պիտի մնայ մինչեւ աշխարհիս կատարածը, մենք՝ ազգ, արդար դատի տէր, ընտանիք, ընկերութիւն, անհատ, հովուապետ ու պատասխանատու չենք վախնար ո՛չ ներկայէն եւ ո՛չ ապագայէն, այլ՝ գօտեպնդուած յոյսով՝ մենք պիտի պաշտպանենք մարդկութիւնն ազատագրող ճշմարտութիւնը հակառակ զայն խաթարողներուն, ստախօսներուն, որոմը ցանողներուն, ոճրագործներուն և բոլոր ոսոխներուն, որոնք կը ջանան կասեցնել մեր ձգտումն ու թափը դէպի ոլորտները Բարիին, Ճշմարիտին ու Գեղեցիկին:

Այս մտահոգութիւններէն մղուած՝ գրուեցան այս յօդուածները, նամակները, ճառերն ու ծնունդ առին այս տեսութիւնները, որոնք ժայթքեցան շատ դժուարին եւ անապահով ժամանակներէն, որոնց ենթարկուեցան ու ենթարկուած կը մնան մեր Ազգը յատկապէս, Քրիստոնէութիւնը՝ մասնաւորապէս, Արեւելքը՝ ընդհանրապէս:

Այո՛, անոնք գրուեցան յուսալով, որ յագեցնեն ծարաւը մեր ընթերցողներուն, զանոնք առաջնորդեն Անոր՝ Յիսուս Քրիստոսին, որ «Ճանապարհն է, Ճշմարտութիւնն է ու Կեանքն է» այս նեղ, դժբախտ եւ թշուառական ժամանակներուն մէջ…:

Հ. ԳԷՈՐԳ ծ. վ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Newer Post