Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 27 Յունիսին ամփոփեց ՀՀ Ազգային Ժողովի 2021թ. Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքներով առաջատարը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է՝ քուէներու 53,91 տոկոսով: Երկրորդը, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած վերջնական տուեալներու, Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքն է՝ 21,09 տոկոսով, երրորդը՝ Հանրապետական ու Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութիւններու «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5,22 տոկոս. դաշինքը թէեւ չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը՝ 7 տոկոս, բայց որպէս ամենաշատ քուէ ստացած երրորդ ուժ կը մտնէ խորհրդարան: Առ այդ՝ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովը կ’ունենայ 107 պատգամաւոր, որմէ «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 71, «Հայաստան» դաշինքը` 29, «Պատիւ ունեմ»-ը` 7։
2 միլիոն 595 հազար 512 քուէարկելու իրաւունք ունեցողներէն քուէարկութեան մասնակցած են 1 միլիոն 281 հազար 997-ը կամ 49.39 տոկոսը: Անվաւեր ճանչցուած է 4593 քուէաթերթիկ: Քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները.
► «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած էր 3914 ձայն (0.31%),
► «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւնը` 19.691 ձայն (1.54%),
► «Քաղաքացիական պայմանագիրը» ստացած էր 688.761 ձայն (53.91%),
► «Զարթօնք» կուսակցութիւնը`4619 ձայն (0.36%),
► «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը` 1844 ձայն (0.14%),
► «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ստացել էր 66.650 ձայն (5.22%),
► «Միասնական Հայրենիքը»` 964 ձայն (0.08%),
► «Համահայկական ազգային պետականութիւնը»` 803 ձայն (0.06%),
► «Լուսաւոր Հայաստանը»`15.591 ձայն (1.22%),
► «Մեր տունը Հայաստանն է»` 12.149 ձայն (0.95%),
► «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը` 38.758 ձայն (3.03%),
► «Հայոց Հայրենիքը»` 13.130 ձայն (1.03%),
► «Ազատ Հայրենիք» դաշինքը` 4119 ձայն (0.32%),
► «Բարգավաճ Հայաստանը»` 50.444 ձայն (3.95%),
► «Հայաստանի դեմոկրատական» կուսակցութիւնը` 5020 ձայն (0.39%),
► «5165 ազգային, պահպանողական շարժում» կուսակցութիւնը` 15.549 ձայն (1.22%),
► «Քաղաքացու որոշումը»` 3775 ձայն (0.3%),
► «Շիրինեան-Բաբաջանեան» դաշինքը` 19.212 ձայն (1.5%),
► «Ազգային օրակարգը»` 719 ձայն (0.06%),
► «Վերելքը»` 1233 ձայն (0.1%),
► «Ազատական» կուսակցութիւնը` 14.936 ձայն (1.17%),
► «Հայաստանի եւրոպական» կուսակցութիւնը` 2440 ձայն (0.19%),
► «Հայաստան» դաշինքը` 265.481 ձայն (21.09%),
► «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռը»` 18.976 ձայն (1.49%),
► «Ինքնիշխան Հայաստանը»` 3915 ձայն (0.31%):
Անճշդութիւններու գումարային չափը 973 է: Մուկուչեան նշեց նաեւ, որ ԿԸՅ ստացած է արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու 4 դիմում, որմէ մէկը` դիմումը ներկայացնելու սահմանուած ժամկէտի խախտմամբ:
«Ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած ժամկէտներով ներկայացուած դիմումները եղած են «Զարթօնք» կուսակցութեան, «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու կողմէ»,ըսաւ Տիգրան Մուկուչեան: ՀՀ ԿԸՅ-ն նիստի ընթացքին մերժեց «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութեան դիմումները ՀՀ ԱԺ Յունիսի 20-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները անվավեր ճանաչելու վերաբերեալ:
Նշենք, որ իրենց գնահատականներուն մէջ միջազգային դիտորդները հիմնականին մէջ արձանագրած են, որ ընտրութիւնները մրցակցային եւ լաւ կազմակերպուած, սակայն բեւեռացուած եւ խաթարուած էին յարձակունակ հռետորաբանութեամբ։
Հ.Հ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Newer PostՀՈԳԵՒՈՐ ՇԻԹԵՐ
Older PostՏՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… ՎԱՂԵՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ