ՏՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… ՎԱՂԵՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ

ՏՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… ՎԱՂԵՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ

Գ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ


Ամառուան շրջանին, շատերուն համար տունէ տուն կամ բնակավայրէ բնակավայր փոխադրուելու պատեհ առիթն է, ընդհանրապէս:
Ի՜նչ իրարանցում, ի՜նչ տաղտուկ փոխադրուողներուն համար: Անոնք շաբաթներով կը պատրաստուին՝ տուփերուն մէջ զետեղելով տունի առարկաները. իւրաքանչիւր տուփին վրայ պիտակ կը փակցնեն, որպէսզի ամէն մէկ հատին մէջ տեղադրուած իրերը դիւրութեամբ առանձնացնեն՝ գիտնալու համար ի’նչ ո՞ւր պիտի շարուի, երբ նոր տունէն ներս տեղաւորուին:
Անդին, գորգերը եւ ուրիշ այլ լաթեր կը ծալլուին ու պատերէն կախուած լուսանկարներ կամ իւղանկարներ վար կ’առնուին…
Տնափոխութիւնը պատրաստելու ժամանակ՝ տնեցիները առիթը կ’ունենան աղբանոցին մէջ նետելու անգործածելի դարձած, հինցած ու անպէտ գոյքեր եւ վերագտնելու ինչ որ կը կարծէին կորսնցուցած ըլլալ:
Անոնց ձեռքը կ’անցնի տարիներ առաջ նկարուած պատկերներ:
Լուսանկարներուն նայելով՝ անուրանալի մէկ իրականութեան իրազեկ կ’ըլլան, թէ տարիները սահեր են եւ իրենք տարիք առեր. «Ո՜րքան փոխուեր եմ: Ասիկա ե՞ս եմ», կ’ըսեն:
Արդարեւ, տարիներ առաջ սեւ մազերով էին, առանց ակնոցի, առանց խորշոմներու. իրենց կռնակը աւելի շիտակ էր, իրենց դէմքը աւելի գեղեցիկ էր եւ աւելի առողջ էին…վերջապէս, երիտասարդ էին:
Իսկ հիմա, տարիք առած՝ ծերացած են:
Այս իրողութիւնը նշան է, թէ ո՛րքան աւելի տարիները սահին, ա՛յնքան պէտք է մտածեն իրենց վերջնական տունը փոխադրուելու պատրաստութեան մասին:
Ոմանք տարիք առնելու իրողութեան կ’ընդառաջեն զուարթ տրամադրութեամբ, ուրիշներ՝ իրենց հանգիստը կը կորսնցնեն ու կ’ընկճուին: Սակայն, երկու պարագաներուն մէջ ալ՝ իրականութիւնը չի’ փոխուիր:
Առ այդ, չէ՞ք կարծեր, որ հոգեւոր տնափոխութիւնն ալ նպաստաւոր է եւ օգտակար:
Եթէ կարենայինք տուփեր պատրաստել՝ անոնց մէջ դնելու մեր մարդկային բոլոր ձեռքբերումները, բարեմասնութիւնները, տաղանդը, ընտանեկան, համայնքային, ընկերային եւ ազգային ծառայութիւնները, բարի գործերը …վստահ եմ, որ մէկ կողմէ՝ պիտի վերագտնէինք մեր կուրծքը հպարտութեամբ ուռեցնող արարքներ, իսկ միւս կողմէն ալ՝ տարիներու ընթացքին կորսուած ու թաղուած թերացումներ, զոր պէտք պիտի ըլլայ սրբագրել եւ ուղղել:
Վստահաբար կան աղբանոցին մէջ նետուելիք պակասութիւններ, որ անպիտան փայտի պէս՝ պէտք էր շատոնց այրէինք, եթէ անփոյթ գտնուած չըլլայինք անօգուտ առարկաներէն ձերբազատուելու գործին մէջ:
Արդարեւ, շատ մը յոռի ունակութիւններ մեր ետին կը քաշքշենք, կամ կը պահենք՝ մեր սրտի հեռաւոր անկիւններուն մէջ: Մինչ, կարճ խորհրդածութիւն մը պիտի բաւէր մեզի յիշեցնելու, թէ օրին մէկը մենք վերջնականապէս բնակարան պիտի փոխենք:
Այն օրը, արդե՞օք պիտի գտնենք տուփերուն վրայ Աստուածսիրութիւն եւ եղբայրսիրութիւն կամ պարտաճանաչութիւն, անկեղծութիւն եւ կամ ալ Արդարութիւն կրող պիտակներ:
Աստուած գիտէ… եւ մենք գիտենք:
Ամառուան շրջանէն, ուրեմն, քաղենք նաեւ պատեհ առիթը մեր երկրաւոր բնակարաններուն մէջ, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ հարկ եղած մաքրագործումը կատարելու, որպէսզի Աստուած մտնէ եւ իբրեւ նոր բնակարան մեր հոգիներուն մէջ իջեւանի, անսալով Պօղոս առաքեալի խօսքին. «Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա Կորնթացիներ 3, 16):