ՅԱՂԹԵԼ՝ ՉԷԻ՛ՆՔ ԿՐՆԱՐ․․․ ԲԱՅՑ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՆՔ» ԱՆՊԱՅՄԱՆ

ՅԱՂԹԵԼ՝ ՉԷԻ՛ՆՔ ԿՐՆԱՐ․․․  ԲԱՅՑ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՆՔ»  ԱՆՊԱՅՄԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

————————–

 

Պարտուեցանք ռազմաճակատին վրայ, եթէ պարտութիւն կարելի է համարել հայկական բանակի իւրաքանչիւր զինուորին կեանքի գնով մղած հերոսական դիմադրութիւնը՝ 44 օր, ատրպէյճանական դրօշին տակ յայտնուած ՕԹԱՆի՝ Մ. Նահանգներէն ետք երկրորդ օդային եւ ցամաքային ամենաուժեղ զինեալ միաւորներուն եւ բազմահազար վարձկան ահաբեկիչներուն։ Դարձեալ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը իրականացնելու մեր կամքի ուժը բաւարար չեղաւ, չէ՛ր կրնար ըլլալ, թերեւս տասնապատիկ կամ աւելի ուժերուն կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակումին աւելի երկար կարենալ դիմադրելու համար։ Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարները, յայտնապէս, չէին նախատեսած այս անբաւարարութիւնը, ինչպէս որ չէին կանխատեսած Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական խումբերուն ներգրաւուածութիւնը այնքան մեծածաւալ յարձակումին մէջ։ Այս անհեռատեսութիւնը, կանխատեսութեան պակասը եւ յանպատրաստուածութիւնը շատ սուղ արժեցին մեզի։ Այս թերացումները եղան մեր՝ մեր ղեկավարութեան ճակատագրական մեղքը, որուն հետեւանքը եղաւ 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ եւ նուաստացուցիչ պայմանագիրը։

Հայկական իշխանութիւնները, կառավարութիւն, դիւանագիտութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ), իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի անշուշտ պարտութեան մէջ՝ զոր կրեցինք իրենց ապիկարութեան պատճառով, եւ ասոր հետեւանքներուն, որոնք ոչ միայն մարդկային եւ տարածքային ահաւոր կորուստները եղան, այլ մանաւանդ հիասթափութիւնը՝ որ ապրեցաւ «յաղթելու ենք» քարոզչութեամբ խանդավառ ժողովուրդը։ Եւ հետեւանքներուն թերեւս ահագնագոյնը՝ որ կը մտահոգէ սրտցաւ ամէն հայ, ներքաղաքական վիճակի գերլարուածութիւնը, ազգային միասնականութեան եւ միաբանութեան ուժի քայքայումը եղաւ։ Այդ ուժը մեր յաղթական գոյերթին աղբիւրը եղած է միշտ եւ պէ՛տք է ըլլայ նաեւ այսօր։

Այս իրողութիւնները հասկնալի կը դարձնեն ժողովրդային ընդվզումը օրուան իշխանութիւններուն դէմ, մինչեւ իսկ ասոնց հրաժարումի պահանջը։ Հետեւաբար, բնական երեւոյթ է այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այսօր Երեւանի մէջ։ Ան արտայայտութիւնն է ժողովուրդի ընդվզումին՝ ինքզինք Ժողովրդավար հռչակած երկրի մը համար։ Ինչպէս որ բնական երեւոյթ է քաղաքական պայքարը ժողովուրդին մասնակցութեամբ։ Այդ ժողովրդավարական պայքարին արդիւնքէն կախեալ է իշխանութեան օրինականութիւնը պետական բոլոր մակարդակներու վրայ։ Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք հռչակած ըլլալով ժողովրդավար երկիր, այդ պայքարը պէտք է տեղի ունենայ ժողովրդավարական երկրէ մը ակնկալուած օրինապահութեամբ, կարգ ու կանոնով, հեռու՝ զգացական եւ կրքայարոյց զեղումներէ, պարսաւալի պոռթկումներէ, կասկածայարոյց մոլուցքներէ, առաջնորդուելով միայն ժողովուրդին, հայրենիքին եւ պետութեան շահերը հատուածական ամէն շահադիտութենէ վեր դասելու գիտակցութեամբ, եւ առաջնահերթութեանց նկատառումով։

Պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած վիճակը կը պահանջէ պատասխանատուութեանց եւ պատասխանատուներու հաշուետուութեան կոչնագիրը վերապահել իր օրուան ու ժամանակին եւ այսօր բոլորո՛վ, անխտիր բոլո՛ր կողմերու, ուժերու եւ կարողութիւններու մասնակցութեամբ, հաւաքաբար եւ առանձնապէս անշահախնդիր մօտեցումներով նախ լծուիլ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի աշխատանքին որ կ’ենթադրէ հնարաւորին չափ օր առաջ ջնջումը պատերազմի հետեւանքներուն, խաթարուած ներքին մթնոլորտին բարեշրջումը, ստեղծուած ահազանգային վիճակէն դուրս գալու եւ ժողովուրդին մղձաւանջային մտահոգութիւնները ու տրամադրութիւնները փարատելու միջոցներու որոնումը։ Վերականգնումի կարօտ մարզերու շարքը երկար է։ Ամէնէն կարեւորը՝ մեր ստացած ահաւոր հարուածէն պէտք եղած դասերը քաղելու եւ ըստ այնմ սրբագրութիւնները կատարելու՝ պատասխանատուներու գիտակցութիւնն է եւ այդ սրբագրութեան գործին բոլոր կողմերուն անվերապահ աջակցութիւնը։

Անկախ բոլոր նկատառումներէն եւ հրամայականութիւններէն, վերականգնելու աշխատանքին յաջողութեամբ կատարումին նախապայմանը՝ մեր ժողովուրդին եւ մեծ ու փոքր պատասխանատուներուն՝ ՉԱՐԵՆՑԵԱՆ եւ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ պատգամներով գործելու յանձնառութիւնն է։

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՆՔ անպայմա՛ն՝ միասնականութեամբ եւ երկաթեայ շերեփով։

21 / 12 / 2020