ՆՈՅԵՄԲԵՐ 10-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ «Չ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՐ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՏԵՒԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ»

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 10-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ «Չ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՐ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՏԵՒԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ»

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿՈՉԸ ՀԱՅԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ահազանգ՝ բնակչութեան եւ եկեղեցիներու ճակատագրին վերաբերող

Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրը, որով վերջակէտ դրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի հակամարտութեան, «չ’երաշխաւորեր յստակ, կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն մը տարածաշրջանին», եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է նաեւ հետեւի եկեղեցիներու եւ վանքերու ճակատագրին, որոնք կը հանդիսանան «հոգին եւ քարերը» այս տարածաշրջանին, որ հայ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութեան տարածք է եւ այսօր ընդգրկուած է Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս: Բնակչութեան եւ տարածաշրջանի եկեղեցիներու ճակատագրի վերաբերեալ ահազանգը հնչեցուեցաւ 23 Նոյեմբերին Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (MECC) կողմէ «Արդարութիւն յանուն Արցախի» վերնագրով հաղորդագրութեան մը մէջ՝ այսպիսով վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին հայկական անունը», կը նշէ Վատիկանի Fides (Gianni Valente) գործակալութիւնը:

Ըստ MECC-ի, գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրը փխրուն է եւ առայժմ միայն կրնաց ապահովել «լարուած համակեցութիւն»՝ չունենալով «յուսալի հիմքեր» «աւելի կայուն խաղաղութիւն» ապահովելու համար: Իր բողոքարկման մէջ Խորհուրդը կը դիմէ «շահագրգիռ կողմերուն» եւ միջազգային հաստատութիւններուն ՝ նախ եւ առաջ ապահովելու հրադադարը ՝ հազարաւոր մարդկանց կեանքերը վտանգէ փրկելու համար: Բացի այդ, MECC-ն, որուն հիմնադիր անդամներէն են նաեւ հայկական եկեղեցիները, իր մտահոգութիւնն կը յայտնէ բնակչութեան ճակատագրի եւ հաւատքի գործելակերպի վերաբերեալ, որոնք «այսուհետ կրնան ըլլալ ցանկացած տեսակի վրէժխնդրութեան առարկայ» Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

MECC-ի կողմէ արտայայտուած այս վախերը կը տարածուին նաեւ հսկայական քրիստոնէական ժառանգութեան վրայ, որ կը ներկայացնէ այս տարածաշրջանի տարածուած եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք «կրնան ոչնչացուիլ եւ նոյնիսկ վերացուիլ քարտէսէն»: Այդ կապակցութեամբ Խորհուրդը կոչ է կ’ընէ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն պաշտպանել «Արցախի հոգին եւ քարերը, որ ինքնորոշման իրաւունք ունի, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ ժողովուրդ»: Իր դիմումին մէջ MECC-ն ցանկութիւն կը յայտնէ սկսիլ գործընթացներ՝ուղղուած աշխարհաքաղաքականօրէն այդքան անհանգիստ տարածքին մէջ սահմանել «տարածաշրջանային նոր կարգ, որ ձեռնտու ըլլայ ներկայ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն «:

Ռուսաստանի վճռական միջնորդութեան շնորհիւ ձեռք բերուած հրադադարի մասին համաձայնագրէն յետոյ քրիստոնեական աղօթատեղիներու յարգանքը եւ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ «բնականոն եկեղեցական կեանքը» պահպանելու անհրաժեշտութիւնը իր հեռախօսազրոյցին ընթացքին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բացայայտօրէն խնդրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն: Իր հերթին, պարոն Ալիեւը կ’երաշխաւորէ պաշտպանութիւնն ու ազատ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր եկեղեցիներ եւ վանքեր: Այդ ընթացքին, ինչպէս ստիպուած էր ըսել Ագենզիա Ֆիտեսը (տե՛ս Fides 18/11/2020), տեղի բնակչութեան խնդրանքով, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար տեղակայուած ռուս զինուորները բացին հսկիչ կէտը յայտնի Դադիվանքի վանքը, Քելբաջարի տարածքէն ներս:

1974-ին Նիկոսիոյ մէջ հիմնադրուած MECC-ն, որուն ներկայիս կեդրոնակայանը Պէյրութ է, նպատակ ունի նպաստել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքներու մերձեցման ընդհանուր հետաքրքրութեան թեմաներու շուրջ եւ օգնել յաղթահարել անուանական մատրիցայի հակադրութիւնները: Շուրջ երեսուն եկեղեցիներ եւ եկեղեցական համայնքներ հաւատարիմ են MECC-ին ՝ ներկայացնելով չորս տարբեր ընտանիքներ՝ կաթողիկէ, ուղղափառ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ՝ ներառեալ Հայ առաքելական եկեղեցին, եւ աւետարանական համայնքները:

ՖԻՏԵՍ

Նոյեմբերի 24, 2020, Հռոմ