2020Հոկտեմբեր 3-ին Ասսիզի կատարած կարճատեւ այցելութեան ժամանակ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց «Բոլորը Եղբայրներ»՝ Fratelli tutti, նոր շրջաբերականը, ուր Ան եղբայրութիւնն ու հասարակական ընկերութիւնը կը նկատէ՝ որպէս առաւել լաւ, արդար ու խաղաղ աշխարհ ստեղծելու ուղի:
Սրբազան Քահանայապետը փաստաթուղթը կը կոչէ «Հասարակական շրջաբերական»՝ պարզաբանելով, որ այս վերնագիրը փոխ առած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «խրատներէն». այս խօսքերով էր, որ Ասսիզացի ճգնաւորը կը դիմէր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ անոնց առաջարկելով կենսակերպ, որուն հիմքը կը հանդիսանայ Աւետարանը: Նորին Սրբութիւնը կ’ընդգծէ, որ շրջաբերականը գրելու ժամանակ սկսած էր քորոնա ժահրի համավարակը եւ համաշխարհային մակարդակով այս արտակարգ իրավիճակը ցոյց տուաւ, որ ոչ ոք միայնակ չի փրկուիր եւ եկած է «միասնական մարդկութեան» մասին երազելու ժամանակը, ուր բոլորը եղբայրներ են:
Առաջին ութ գլուխները, որոնք կը կոչուին «Փակ աշխարհի ստուերները», Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ ժամանակակից դարաշրջանի շարք մը աղաւաղումներ եւ մոլորութիւններ, ինչպիսիք են «ժողովրդավարութիւն, ազատութիւն եւ արդարութիւն» հասկացութիւններու շահարկումներն ու խեղաթիւրումները, եսասիրութիւնը եւ համընդհանուր բարօրութեան նկատմամբ անտաբերութիւնը, շահոյթի եւ թափօններու մշակոյթի վրայ հիմնուած շուկայական տրամաբանութեան գերակայութիւնը, գործազրկութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, աղքատութիւնը, անիրաւահաւասարութիւնը եւ ստրկութիւնը, մարդավաճառութիւնը, կանանց նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ հարկադրուած վիժումը, օրկաններու վաճառքը: Ասոնք համամոլորակային հիմնախնդիրներ են, որոնք կը պահանջեն համընդհանուր գործողութիւններ, կ’ընդգծէ Նորին Սրբութիւնը:
Ի հակադրութիւն այս ստուերային կողմերուն՝ շրջաբերականը կը բերէ բարի սամարացիի վառ օրինակը, որուն նուիրուած է երկրորդ գլուխը՝ վերնագրուած «Օտարականը՝ ճամբուն վրայ»: Մենք բոլորս կանչուած ենք դառնալու մերձաւորներ ուրիշներու համար՝ յորդորելով քրիստոնեաներուն՝ իւրաքանչիւր մերժուածի մէջ տեսնել, ճանչնալ Քրիստոսը, կ’ընդգծէ Սրբազան Քահանայապետը:
Համապարփակ սիրոյ մասին կը խօսուի երրորդ գլուխին մէջ՝ վերնագրուած «Մտածել եւ արարել բաց աշխարհի մէջ»: Նորին Սրբութիւնը կոչ կ’ուղղէ «դուրս գալու ինքնամփոփ վիճակէ» եւ բացուելու մերձաւորին առջեւ՝ ձգտելով «համապարփակ շփման»: Ան կ’ընդգծէ, որ համերաշխութիւնն ու եղբայրութիւնը ընտանիքին մէջ կը ծնին, ուստի պէտք է պաշտպանել ընտանիքը՝ յարգելով ընտանիքի առաջնային եւ անփոխարինելի կրթական գործառոյթը:
Այս բաժնին մէջ կը յիշատակուի նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու բարոյականութեան մասին. իւրաքանչիւր երկիր կը պատկանի նաեւ օտարականին եւ, յօգուտ որոշակի տարածքներու պատճառով, կարելի չէ մերժել կարիքաւորները, որոնք այլ ծագում ունին: Այսպիսով, մասնաւոր սեփականութեան օրինական իրաւունքը պէտք է ետ մղուի երկրորդ կարգ՝ համեմատած ստեղծուած բարիքներու համընդհանուր նպատակին հետ:
Չորրորդ գլուխը՝ վերնագրուած «Բաց սիրտ՝ ամբողջ աշխարհի համար», նուիրուած է արտագաղթին եւ ներգաղթին: Անհրաժեշտ է արձագանգել ծանր ընկերային իրավիճակներէն փախչողներու կարիքներուն. դիւրացնել վիզաներու ստացումը, բանալ մարդասիրական միջանցքներ, կարիքաւորներուն տրամադրել կացարան, ապահովել անվտանգ կենսապայմաններ, ընձեռել աշխատելու եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն, աջակցիլ ընտանիքներու վերամիաւորումին, պաշտպանել անչափահասները եւ երաշխաւորել կրօնի ազատութիւնը:
Հինգերորդ գլուխ՝ «Բարորակ քաղաքականութիւն», այսինքն այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը դառնայ սիրոյ ամենաարժէքաւոր տեսակներէն մէկը, երբ կը ծառայէ համընդհանուր բարօրութեան: Մեզի անհրաժեշտ է մարդու արժանապատուութիւնը գնահատող եւ ֆինանսներու տրամաբանութեան հակասող քաղաքականութիւն: Այս քաղաքականութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղան ժողովրդական շարժումները: Նորին Սրբութիւնը կը գրէ նաեւ ՄԱԿ-ի անհրաժեշտ բարեփոխումներու մասին՝ յօգուտ աղքատութեան վերացման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան. ՄԱԿ-ը պէտք է նպաստէ ոչ թէ ուժի, այլ օրէնքի գերակայութեան:
Վեցերորդ գլուխով՝ «Երկխօսութիւն եւ հասարակական ընկերութիւն» վերնագրով, կեանքը կը դիտարկուի՝ որպէս բոլորի հետ հանդիպելու արուեստ՝ առանց բացառութեան ոեւէ մէկու, քանի որ իւրաքանչիւրէն կարելի է ինչ-որ բան սորվիլ եւ չկան աւելորդ մարդիկ: Մասնաւորապէս, կ’ընդգծուի բարեացակամութիւնը՝ ի հակադրութիւն դաժանութեան, վախին եւ շտապողականութեան, որոնք բնորոշ են մեր ներկայիս աշխարհին:
Եօթերորդ գլուխը նուիրուած է խաղաղութեան խթանման՝ «Հանդիպման նոր ուղիներ»: Այստեղ կ’ըսուի, որ խաղաղութիւնը հիմք կը հանդիսանայ զիրար փոխադարձաբար ծառայող մարդոց հասարակութեան ստեղծման համար: «Խաղաղութիւն» հասկացութեան հետ սերտօրէն կապուած է ներում հասկացութիւնը: Պէտք է առանց բացառութեան սիրել բոլորին, կ’ընդգծուի շրջաբերականին մէջ: Սիրել կեղեքիչին՝ կը նշանակէ օգնել անոր փոխուելու եւ թոյլ չտալու կեղեքել մերձաւորին: Ներումը չի նշանակեր անպատժելիութիւն, այն կ’ենթադրէ արդարութիւն եւ յիշողութիւն: Ներել՝ չի նշանակեր մոռնալ. այդ կը նշանակէ հրաժարիլ չարի եւ հատուցման կործանարար ուժէն: Երբեք պէտք չէ մոռնալ հրէական Շոայի սարսափելի դէպքերը, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծութիւնները, հալածանքները եւ էթնիկ զտումները. այս մասին պէտք է միշտ յիշել, որպէսզի պահպանենք հաւաքական խիղճի կենդանի յիշողութիւնը: Շատ կարեւոր է նաեւ յիշել բարին:
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է պատերազմի խնդրին, որ պարտութիւն է՝ քաղաքականութեան եւ մարդկութեան համար, խայտառակ զիջում է չար ուժերուն: Կ’ընդգծուի, որ ներկայիս՝ ի տարբերութիւն անցեալի, «արդար պատերազմի» մասին կարելի չէ խօսիլ. պէտք է վճռականօրէն ըսել՝ «ո՛չ պատերազմին»:
Շրջաբերականին մէջ կը խօսուի մահապատիժի անթոյլատրելիութեան մասին. այն պէտք է վերանայ ամբողջ աշխարհէն: «Մարդասպանը չի կորսնցներ անձնական արժանապատուութիւնը, – կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, – եւ անոր երաշխաւորը Աստուած է»: Սրբազան Քահանայապետը կ’ընդգծէ բոլոր իրավիճակներու մէջ կեանքի սրբազան բնոյթը պաշտպանելու մասին, ուր զայն կը փորձեն զոհաբերել. ծնուող երեխաներու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, տարեցներու կեանքը:
Վերջին՝ ութերորդ գլուխին մէջ՝ վերնագրուած «Կրօնները՝ ի ծառայութիւն եղբայրութեան ամբողջ աշխարհի մէջ», Սրբազան Քահանայապետը կը պնդէ, որ կրօնը չի ծնիր ահաբեկչութիւն, սակայն անոր պատճառը կրօնական գրութիւններու ոչ ճիշդ մեկնաբանութիւնն է, ինչպէս նաեւ սովի, աղքատութեան, անարդարութեան եւ կեղեքման քաղաքականութիւնը: Կրօններու միջեւ խաղաղութիւն հնարաւոր է, անոր համար անհրաժեշտ է երաշխաւորել բոլորի կրօնական ազատութիւնը, որ մարդու հիմնարար իրաւունքն է: Շրջաբերականին մէջ կ’ընդգծուի Եկեղեցւոյ դերը այդ ազատութեան պաշտպանութեան գործին մէջ։ Հակառակ որ Եկեղեցին չի զբաղիր քաղաքականութեամբ, սակայն նաեւ չի մերժեր մարդկային կեցութեան քաղաքական հարթակները:
Վերջապէս, Սրբազան Քահանայապետը կը մէջբերէ «մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը՝ յանուն խաղաղութեան ամբողջ աշխարհի մէջ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւներու», զոր Ան ստորագրեց 2019 Փետրուար 4-ին Ապու Տապիի մէջ՝ գլխաւոր Իմամ՝ Ալ-Ազհարի Ահմատ Ալ-Թայիպի հետ միասին: Նորին Սրբութիւնը կրկին կոչ կ’ուղղէ, որ այս երկխօսութիւնը դառնայ միասնական համագործակցութեան ուղի, իսկ փոխադարձ ծանօթութեան խորացումը՝ անոր մեթոտն ու չափանիշը:
Վատիկան Նիուզ, ռուսերէն բաժին
Թարգմ.՝ ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Սրբ.՝ Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ