ՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

ՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ  ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

ՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՍԱՃՈՆԵԱՆ

Ընդհանուր Մեծաւորուհի Անարատ Յղութեան

Հայ Քոյրերու Միաբանութեան

Շատ սիրելի բարեկամներ,

Արդէն 17 օր է՝ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը, որ կը կոչուի նաեւ Nagorno Karabagh կամ Արցախ, 1990-1994 թուականներու պատերազմէն ի վեր, որ 30.000 զոհ խլած էր, աննախադէպ ուժգնութեամբ յարձակումի կ’ենթարկուի Ատրպէյճանի կողմէ։

Կովկասեան այս երկիրը, Հայաստանի հարաւ-արեւելքին, հայերով բնակուած, Ստալինին կողմէ կամայականօրէն կցուած էր Ատրպէյճանին 1921 թուականին: Երբ ԽՍՀՄ-ը տապալեցաւ, Արցախը քուէարկութեամբ հռչակեց իր անկախութիւնը՝ համաձայն միջազգային եւ խորհրդային օրէնսդրութեամբ նախատեսուած իր ինքնորոշման իրաւունքին։ Այս իրաւունքն է որ օգտագործեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութիւնները եւ որ կը մերժուի Արցախին՝ աշխարհաքաղաքական պատճառներով:

Հեռուստացոյցներու միջոցաւ մասնագէտները ձեզի կը բացատրեն, որ այս երկիրը, որ կը գտնուի ռազմավարական խաչմերուկի վրայ, նախանձ կը յարուցանէ:

Բայց աշխարհներու այս խաչմերուկին վրայ. ժողովուրդս կ’ապրի եւ կը մահանայ 1000 տարիէ ի վեր:

Աշխարհներու այս խաչմերուկին վրայ կառուցուած են հարիւրաւոր վանքեր, որոնց միջոցաւ 4-րդ դարէն ի վեր կը հռչակենք մեր հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ:

Մութ տէրութիւններ միանալով ոտքի ելած են՝ մեզ բնաջնջելու նպատակով, շարունակելով հետապնդել նուաճողական երազանք մը պարոն Էրդողանի գլխաւորութեամբ: Կը խնդրեմ ձեր հայեացքը մի շեղէք այն բանի վրայէն որ իմ ժողովուրդիս դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը կատարելէ տարբեր բան չէ։

Մեր զինուորները կ’իյնան։ Մեր քաղաքացիական անձինք կը սպանուին, երբ անոնք չեն փախած երեխաների հետ միասին:

Մեր եկեղեցիները աւերուած են:

Մեր քաղաքներուն մէջ կը տիրեն միայն միջազգային հանրութեան կողմէ արգիլուած ռումբերու խորտակումները:

Այսօր մենք կ’աղաչենք որպէսզի աշխարհ պահանջէ ատրպէյճանական, թուրքական եւ ժիհատական ռմբակոծումներուն դադրեցումը եւ վերջապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:

Իր գոյատեւումին համար է որ կը պայքարի ժողովուրդս: Իւրանքանչիւր օր որ կ’անցնի կորսուած օր մըն է անոնց համար որ կ’իյնան, եւ ասիկա գրելով՝ ես կը մտածեմ նաեւ ազերի այն ընտանիքներու մասին, որոնք կը սգան իրենց կորուստները պարոն Ալիեւի խելայեղ նուաճողականութեան հետեւանքով :

Ջերմապէս կը խնդրեմ բոլորէդ ընել ամէն ինչ ձեր ղեկավարներէն եւ ներկայացուցիչներէն պահանջելու համար որ հարկը տնօրինեն որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել, ինչպէս 1915-ին. Հայերը կոտորուեցան, եւ ՄԵՆՔ ՉԷԻՆՔ ԳԻՏԵՐ։

Աստուած օգնէ մեզի։

Հռոմ, 13 / 10 / 2020