Պետրոս Թէրզեան. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՒԱՐԱՅՐ, ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵՆԱՑ ԵՒ ՄԱՀՈՒ ՊԱՅՔԱՐ»

Պետրոս Թէրզեան.  «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՒԱՐԱՅՐ,  ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵՆԱՑ ԵՒ ՄԱՀՈՒ ՊԱՅՔԱՐ»

Պատրաստեց՝

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

——————————————-

Ղարաբաղեան հակամարտութեան օրերուն, CivilNet կայքի հաղորդավարուհի Ստելլա Մեհրաբեկեան տեսակապի միջոցով հարցազրոյց մը ունեցած էր Ֆրանսական Petrostrategies հետազօտական ընկերութեան ղեկավար, ուժանիւթային հարցերու մասնագէտ եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թէրզեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք իր խիստ շահեկանութեան համար։

 

ՀԱՐՑՈՒՄ (Ս.Մ.).- Պրն. Թէրզեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ, թէժ մարտերու եօթերորդ օրն է, եւ ինչպէս գիտենք, գործնականօրէն ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիան։ Բոլորովին վերջերս, Petrostategies հետազօտական ընկերութեան կայքով լոյս տեսած էր յօդուած մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր. «Նաֆթային եկամուտներու անկումը Ազրպէյճանին կը ստիպէ դիմել հանրային հատուածի բարեփոխման։ Կարելի՞ է բացատրէք նաեւ որ նաֆթային անկումը Ազրպէյճանին ստիպա՞ծ է նաեւ դիմել այս յարձակումին, այս հերթական պատերազմին, թէ սա արդէն իսկ երկար նախապատրաստուած գործողութիւն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ (Պ.Թ.).- Բարդ հարցեր են, բայց պիտի փորձեմ պարզ բացատրութիւններ տալ։ Ազրպէյճանի եկամուտի, չըսելու համար միակ աղբիւրը նաֆթն է, ինչ որ ամէն մարդ գիտէ, բայց շատեր չեն գիտեր, որ այս նաֆթը սովետական ժամանակաշրջանէն մնացած նաֆթ է եւ ոչ թէ նոր գտնուած, եւ չեն գիտեր նաեւ, որ պաշարներու արդէն իսկ 60 տոկոսը սպառած է, այսինքն արտադրուած է։ Հետեւաբար՝ ժամանակը կը մօտենայ որ Ազրպէյճանի նաֆթի արտադրութիւնը դադրի իմաստալից ըլլալէ, այսինքն պիտի սկսի անկում կրել։ Այսօրուան արտադրութիւնը արդէն մէկ երրորդով պակաս է բաղդատած 2012-ի արտադրութեան։ Եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի եւ օր մը արդէն իսկ Ազրպէյճանի նաֆթի պաշարէն պիտի մնայ շատ փոքր քանակ մը։ Առ այդ՝ վստահ որ այս պատկերը կը ստիպէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն բան մը ընել, որպէսզի Ղարաբաղի հարցը իրենց տեսանկիւնով լուծեն, զինուորական լուծում բերեն հարցին, նախքան նաֆթի եւ անոր եկամուտներու սպառումը։ Հետեւաբար, կ’ակնկալէինք որ այս պատերազմը տեղի ունենայ։ Իսկ երբ ընթացիկ տարուան Մարտ ամսուն նաֆթի գիները դարձեալ անկում կրեցին, մենք հասկցանք որ ժամանակը Ազրպէյճանի համար շատ աւելի կարճցած է քան ինչ որ նախապէս կը կարծէինք, քանի որ հարցը մէկ-երկու տարուան մէջ պէտք է լուծէին։ Հետեւաբար՝ ժամանակը Ազրպէյճանին ի վնաս կ’ընթանայ, որովհետեւ նաֆթի գիներու անկումին զուգահեռ, ցարդ, անոնք չեն կրցած զարգացնել տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ։ Եթէ վերացնենք նաֆթն ու կազը, ապա Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը կը հասնի ոչինչի։ Ժողովուրդին կենսամակարդը շատ ցածր է արդէն, աղքատութիւնը համատարած է։ Գիտէք արդէն, որ per capita-ն եթէ հաշուենք, Ազրպէյճանի եկամուտը արդէն հաւասար է Հայաստանի եւ Վրաստանի մակարդակին, բայց իրականութեան մէջ եթէ նկատի առնենք որ Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի շրջապատը, որ երկրի հարստութեան կը տիրապետէ, այդ պարագային հասկնալի է որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին իսկական կենսամակարդակը այսօր աւելի ցած է քան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջին կենսամակարդակը եւ ասիկա սարսափելի վիճակ է, նոյնիսկ բռնատիրական վարչակարգի պայմաններու տակ։

– Կը փափաքէի մատնանշել այն հանգամանքը, որ դուք նշեցիք 2012 թուականը, երբ մասնաւորապէս ստոյգ այդ ժամանակաշրջանին Petrostategies-ի կայքով լոյս տեսած էր ձեր շատ հետաքրքրական յօդուածը՝ «Ազրպէյճանի նաֆթը Ժամանակէն շուտ կը վերջանայ», որ հրապարակուած էր նաեւ CivilNet կայքով եւ բաւական մեծ հնչեղութեան եւ քննարկումներու արժանացաւ։ Վերջին 8 տարիները հաստատեցին որ ձեր կանխատեսումը ճիշդ էր։ Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին։

– 2009-ին, Սիվիլիթասի կազմակերպութեամբ դասախօսութիւն տուի Երեւանի մէջ եւ մենք հրատարակեցինք այդ մասին, ըսելով որ 2013-2014-ին ամենաուշը, արտադրութեան անկումը պիտի սկսի։ Մենք մէկ տարիով սխալած էինք եւ անկումը սկսաւ 2012-ին եւ այդ անկումը կը շարունակուի եւ կրնամ ըսել որ վիճակը աւելի մտահոգիչ դարձաւ Ազրպէյճանի համար, որովհետեւ Ազրպէյճանի մէջ նաֆթ արտադրող գլխաւոր ընկերութիւնը՝ British Petrolium-ը, վերջերս, շուրջ մէկ ամիս առաջ, իր ռազմավարութիւնը ամբողջութեամբ փոխեց եւ այդ նոր ռազմավարութեան մէջ BP-ն նախատեսեց որ համաշխարհային իր արտադրութիւնը նուազեցնէ 40 տոկոսով։ Այս լուրը Պաքուի մէջ խոր մտահոգութիւն յառաջացուց, որովհետեւ յստակ է որ հիմա, Ազրպէյճանը, կամաց-կամաց նոյն կարեւորութիւնը պիտի չունենայ Անգլիոյ նման պետութեան մը համար եւ հետեւաբար Եւրոպայի համար։ Առ այդ՝ իսկապէս ժամանակը ի նպաստ մեզի՛ է, եթէ կարենանք դիմադրել, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ըսի, տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ Ազրպէյճանը չէ կրցած զարգացնել այս վերջին 30 տարուան ընթացքին։ Վերադառնալով անցեալ Մարտին, երբ համաշխարհային շուկայի վրայ նաֆթի գիներու անկում տեղի ունեցաւ, յստակ եղաւ որ ժամանակը ա՛լ աւելի կարճ էր Ազրպէճանի դիմաց եւ անպայման բանի մը պիտի ձեռնարկէին։ Այստեղ, համոզուած եմ որ թրքական ազդակը մեծ դեր խաղցաւ։ Կը կարծեմ, որ թուրքերը յարմար նկատեցին հիմա ձեռնարկել այս հսկայական պատերազմական գործողութեան, քանի մը հանգամանքներու պատճառով.

Առաջին հանգամանքը, ըստ իս, Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք ամերիկեան ընտրութիւններն են։ Ամերիկեան ներկայ վարչակարգը Ուաշինկթընի մէջ աւելի բարեացակամ է Թուրքիոյ եւ Էրտողանի քաղաքականութեան նկատմամբ, քան այն ինչ որ կրնայ պատահիլ, եթէ ժողովրդավարները իշխանութեան գլուխ գան Ուաշինկթընի մէջ, ինչ որ հաւանական է ներկայ տուեալներով։

Երկրորդ հանգամանքը, որ մղեց Էրտողանը այսօր այս քայլը կատարելու եւ պատերազմի ձեռնարկելու Ազրպէյճանի հետ եւ համոզելու Իլհամ Ալիեւը որ ինք անոր կողքին է, զայն քաջալերելով սկսելու պատերազմին, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կրած ձախողութիւններն են վերջին ամիսներու ընթացքին. ձախողութիւն Սուրիոյ մէջ, ուր թրքական բանակը ուղղակի բանտարկուած է Ըտլըպի մէջ, ուրկէ չի կրնար դուրս գալ, ձախողութիւն Լիպիոյ մէջ, ուր նաեւ յառաջխաղացք չկայ, ձախողութիւն Միջերկրականի մէջ, ուր Էրտողանի քաղաքականութեան պատճառով այս վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ դէմ յայտնուեցան երկու մեծ խմբաւորումներ. մէկը քաղաքական խմբաւորում է, հարաւային Եւրոպայի երկիրները միացնող խմբաւորումն է Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, միւսը՝ ուժանիւթային խմբաւորում է, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, իր շուրջ համախմբելով 6 պետութիւններ՝ Իսրայէլ, Յունաստան, Կիպրոս, Իտալիա, Եգիպտոս եւ Յորդանան։ Ուրեմն՝ Էրտողանի ձեռնարկած այս քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, կը գտնուի փապուղիի մէջ, որուն համար ալ Էրտողան պէտք է ճամբայ մը գտնէր, որպէսզի բանակցութիւններու կարելիութիւն ունենար գլխաւորաբար Ռուսաստանի հետ։ Ես կը կարծէի որ Էրտողանի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, անշուշտ առաջին հերթին ուղղուած է մեզի դէմ, հայերուս դէմ, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Արդէն ինք անձամբ յայտարարած էր քանի մը շաբաթ առաջ թէ «պէտք է աւարտին հասցնենք մեր նախնիներու սկսած գործը Կովկասի մէջ»։ Մենք վստահ որ հասկցանք ասիկա ինչ կը նշանակէ։ Բայց, երբ թրքական զօրքը կը գտնուի ուղղակիօրէն ռուսական հարաւային սահմաններու վրայ եւ հետը կը բերէ ժիհատիստներ, ստոյգ Իսլամական Պետութեան մաս կազմող մարտիկներ, ասոնք իսկական վտանգներ են Ռուսաստանի համար, որուն հարաւային նահանգները եւ շրջանները իսլամական բնակչութիւն ունին։ Այս բոլորն են որ ըստ իս մղեցին Էրտողանը պատերազմի հրահրումին, նեցուկ կանգնելով Ազրպէյճանին։

«Շահ Տենիզ 2» նախագիծը

«Շահ Տենիզ 2» նախագիծը

– Վերջին երկու տարիներու, ուժանիւթային ոլորտին մէջ ինչպէս փոխուած է համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ։

– Շատ սերտ համագործակցութիւն կայ առաջին օրերէն իսկ։ Ինչպէս գիտէք Պաքու-Ճէյհան նաֆթամուղը կառուցուեցաւ. իր օրին հսկայական նաֆթամուղ կառուցեցին, քանի որ կը կարծէին թէ շատ մեծ քանակ պիտի ունենային, ինչ որ չպատահեցաւ, եւ հիմա այդ նաֆթամուղը հազիւ կիսով կը գործէ, ասոր վրայ աւելցաւ կազի ազդակը։ Կառուցուեցաւ առաջին կազամուղը, «Շահ Տենիզ 1» ծրագրի հիման վրայ, որ Վրաստանի ճամբով կ’անցնի Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածէն, իսկ այս վերջին երկու ամիսներուն ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ «Շահ Տենիզ 2» կազատարը, որ արդէն իսկ Թուրքիոյ կազ կը հայթայթէ, բայց քանի մը շաբաթէն պիտի հասնի Իտալիա։ Այս կազատարը, ըստ Ազրպէյճանի ռազմավարութեան, շատ մեծ դեր պիտի խաղայ ապագային Ազրպէյճանի տնտեսական եկամուտներու ապահովման մէջ։ Բայց հոս եւս անակնկալ մը պատահեցաւ Ազրպէյճանի համար։ Նաֆթի գիները որ անկում կրեցին Մարտին, եւ հաւանաբար մնան ամենացածր մակարդակներու վրայ քանի մը տարի եւս, պատճառ եղան որ «Շահ Տենիզ 2» կազատարի կազը այլեւս շահութաբեր չըլլայ Ազրպէյճանի համար։ Որովհետեւ երբ այդ կազամուղը կառուցուեցաւ եւ Շահ Տենիզի կազահանքերը զարգացուցին, ազերիները եւ թուրքերը անոր վրայ ծախսեցին 40 միլիառ տոլար, եւ որպէսզի շահ ապահովեն, մեր հաշիւներով կարիքը ունէին կազի գինը հասցնելու տակառը 60 տոլարի, սակայն ինչպէս գիտենք, այսօր կազի գինը 40 տոլար է եւ շատ քիչ յոյս կայ որ գինը հասնի 60-ի։ Ասիկա կը նշանակէ, որ նաֆթը կազով փոխարինելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յոյսը այսօր ցնդած է։ Ուրեմն առաւել եւս պարտադրող եղաւ իրենց համար որ բան մը ձեռնարկէին հիմա, քանի դեռ ուշ չէ, իսկ մեզի համար ասիկա խիստ կարեւոր շրջան է, ասիկա ճակատագրական պատերազմ է, որ կարելի է բաղդատել 20-րդ դարու Սարդարապատի եւ 5-րդ դարու Աւարայրի հետ եւ մենք պէտք է անպայման դիմադրենք եւ այս պատերազմը յաղթանակով աւարտենք։ Որովհետեւ եթէ յաղթենք, չեմ կարծեր որ Թուրքիան կամ Ազրպէյճանը մօտակայ ապագային այլեւս կարողութիւնը ունենան նորէն ձեռնարկելու այսպիսի յարձակումի։

 

– Իսկ պատերազմը բացասական ելքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Ազրպէյճանի ներ-քաղաքական իրավիճակին վրայ, հաշուի առնելով կուտակուած դժգոհութիւնները, հանրութեան տրամադրութիւնները, չկատարուած խոստումները եւլն…։ Արդեօք այս բոլորը կրնա՞յ ենթահող պատրաստել հասարակական պայթումի համար որ կրնայ յանգիլ Ալիեւներու իշխանութեան վերացման։

– Այս պատերազմը շատ-շատ կարեւոր է երեք պետութիւններու համար հիմնականօրէն եւ շրջանի այլ պետութիւններու համար եւս, ինչպէս Ռուսաստան, Պարսկաստան, Վրաստան եւլն.։ Առաջինը մենք՝ Արցախն ու Հայաստանը։ Մեզի համար կենաց ու մահու պայքար է, գոյութեան պայքար է, բայց մեր կռնակը, ինչպէս կ’ըսեն պատին է։ Բայց Ալիեւի համար ալ նոյնն է… քաղաքական կենաց ու մահու պայքար է։ Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ այս առիթը, եւ չկարողանայ ցոյց տալ որ իսկապէս արդիւնքներու հասած է, ոչ թէ այստեղ-այնտեղ քանի մը բլուր գրաւած է, այլեւ՝ իմաստալից արդիւնքներու հասած է, այդ պարագային չեմ բացառեր որ քաղաքական անկում տեղի ունենայ, որովհետեւ՝ այնտեղ, ինչպէս ըսինք, տնտեսական վիճակը շատ վատ է, քաղաքական վիճակն ալ սկսած է վատանալ։ Այսինքն՝ նոյնիսկ Ալիեւի միատարր խմբակը սկսած է կոտորակուիլ։ Հայր Ալիեւէն՝ Հայտարէն մնացած մարդիկ արդէն հեռացած են, որուն վրայ կ’աւելնայ ընդդիմութեան հետզհետէ հզօրացող գործօնը եւ եթէ նաֆթի գիները շարունակեն ցած մնալ եւ Ալիեւ չկարողանայ իր փրկութիւնը գնել նաֆթի եկամուտներով, այդ պարագային անկումը անխուսափելի է։ Ժողովուրդը իսկապէս թշուառ վիճակի մէջ է, առանց հաշուի առնելու փոքրամասնութիւններու պարագան։ Եւ ասոր համար է որ Թուրքիան ժիհատիստները բերաւ եւ առաջին գիծերու վրայ նետեց, որ գոնէ ազերի զոհերուն թիւը շատ բարձր չըլլայ եւ գոնէ այդ բեռը Ալիեւի ուսերէն վար առնեն։ Ի վերջոյ զոհերուն թիւը պատերազմէն ետք պիտի բացայայտուի։ Այս պատերազմը նաեւ կարեւոր է Էրտողանին համար. որովհետեւ Էրտողանի նէօ-օսմանեան քաղաքականութիւնը այսօր փակուղիի առջեւ է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ՛ Միջերկրականի մէջ։ Ան Թուրքիոյ բնակչութեան եւ իր ժողովուրդին ստիպուած է ցոյց տալ որ արդիւնքներու հասած է, սակայն ինք ոչ մէկ արդիւնքի հասած է մինչեւ հիմա։ Ընդհակառակը՝ յարաբերութիւնները վատացած են գրեթէ բոլորին հետ։ Կ’արժէ յիշեցնել որ Էրտողանի իշխանութեան առաջին տարիներուն, իր յայտարարած քաղաքականութիւնը «զերօ թշնամական» քաղաքականութիւն էր, սակայն այսօր հասած է «զերօ բարեկամութեան»։ Այսինքն եթէ նկատի չառնենք Ազրպէյճանը, ապա Թուրքիա չունի բարեկամ երկիր. նոյնիսկ Քաթարը, որ այնքան օգնութիւն ստացաւ Էրտողանէն, այսօր շատ լուռ է, իսկ Իսրայէլը, որ Պարսկաստանի պատճառով է որ կ’օգնէ Ազրպէյճանին՝ եւ ոչ Թուրքիոյ սիրոյն, ուրեմն կարելի է եզրակացնել որ այսօր Թուրքիան իսկապէս առանձնացած երկիր է եւ ասիկա Էրտողանի մեծագոյն ձախողութիւնն է 2023-ին Թուրքիոյ մէջ օրէնսդրականի ընտրութիւններու շեմին։

Ուրեմն, հայկական, ազերիական եւ թրքական կողմէն դիտուած՝ այս պատերազմի արդիւնքները ճակատագրական եւ անկիւնադարձային են, բայց մեզի համար՝ կենաց եւ մահու հարց է եւ ոչ թէ իշխանութիւն պահելու եւ կորսնցնելու, այլ գոյութիւն պահպանելու։