Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը, որուն ծննդեան 100 ամեակը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ համայն աշխարհ նշեց 18 Մայիսին, Իր քահանայապետութեան 26 տարիներու ընթացքին կատարեց աւելի քան 250 ուղեւորութիւններ արտասահման։ Այդ ուղեւորութիւններէն մէկը եղաւ Հայաստան այցելութիւնը։ Արդարեւ, 2001-ի Սեպտեմբերի 25-ին Ան եռօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Հայաստան։ Սուրբ Աթոռի ողջ պատմութեան ընթացքին ասիկա Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդին առաջին այցն էր Հայաստան։ Ասիկա նկատուեցաւ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններու պատմութեան նոր էջի մը վկայութիւնը:
Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, այս առթիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ ստորագրած համատեղ յայտարարութեան մէջ հաստատելով որ «մէկուկէս միլիոն հայ քրիստոնեաներու բնաջնջումը քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»։
Կիրակի, 17 Մայիս 2020-ին, առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ «վաղը կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Վատովիցէի մէջ (Լեհաստան) ծննդեան 100 ամեակը եւ վաղը առաւօտուն, ժամը 7ին, պատարագ պիտի մատուցանեմ այն խորանին վրայ ուր կը հանգչին Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մահկանացու աճիւնները»։
Այս առթիւ, Vatican News՝ նշելով որ իր քահանայապետութեան 26 տարիներու ընթացքին, հայասէր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ շփումներ ունեցաւ հայերու ու հայ ազգի եկեղեցական ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, այցելեց Հայաստան ու հանդիպում ունեցաւ հայկական գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ, իր օրհնութիւնը տուաւ ու սրտի խօսքը փոխանցեց եւ նոյնիսկ հայերէնով շնորհաւորեց մեր տօները (Զատիկն ու Ծնունդը), կատարելով նաեւ կարեւոր վկայութիւններ, հրատարակեց Երջանկայիշատակ Քահանայապետին հայանպաստ գործունէութեան հետեւեալ դրուագները։
29 Նոյեմբեր 1979
Քահանայապետ ընտրուելէն մէկ տարի ետք, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ, եւ այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ հաստատեց՝ թէ ինք մօտէն ճանչցած է քրիստոնեայ հայերը նաեւ իր ծննդավայրին մէջ ու անոնց հետ ունեցած է սերտ կապեր։
«Ես լաւապէս կը ճանչնամ հայերու հաւատարմութիւնը հաւատքին ու անոնց հետեւողական յանձնառումը՝ վառ պահելու գեղեցիկ աւանդութիւնները ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը» ըսած էր այս առթիւ Սուրբ Քահանայապետը աւելցնելով «Ձեր այս հաւատարմութիւնը դարերու ընթացքին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տուաւ քրիստոնէական սքանչելի պտուղներ, սակայն յաճախ նաեւ ան յատկանշուեցաւ մեծ փորձանքներով ու խոր վիշտերով եւ տառապանքներով…։ Այդ յուզումնալից պատմութեան յիշողութիւնը առիթ է այսօր ձեզի ձօնելու նուիրական պարգեւ մը, ձեզի բերելով մխիթարութիւն եւ քաջալերանք ու մաղթելով որ յարատեւէք խաղաղութեան մէջ»։
Նոյն ճամբորդութեան ծիրէն ներս ՅՊԲ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պոլսոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքին ու հաւատացեալներուն հետ՝ խրախուսելով զանոնք յարատեւելու միութեան ճանապարհին վրայ։
13 Փետրուար 1981
ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհած էր ֆրանսահայ մշակոյթի ու աւանդութեանց ազգային պահպանումի ներկայացուցիչներուն, անոնց ուղղած իր խօսքը եւ ի մէջ այլոց ըսած էր. «Ձեր հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, հաստատ մնացէք, պահեցէք զանոնք՝ ձեր ժողովուրդը բնորոշող յարատեւութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով»։
9 Օգոստոս 1982
Սուրբ Քահանայապետը պատգամ յղած է Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ անոր Պատրիարք ընտրուելուն առիթով, որուն մէջ հաստատած է թէ «Սուրբ Աթոռը յատուկ նախապատուութիւն վերապահած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ի յիշատակ նաեւ անոր դարերու ընթացքին հերոսական առաքինութիւններուն»։
7 Օգոստոս 1984
ՅՊԲ այցելեց Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնը, անոր հարիւրամեայ յոբելեանին առթիւ։ Լեւոնեան քահ. հայ վարժարանը գոյութիւն ունի մէկ Նոյեմբեր 1883-էն ի վեր։ Իր այս այցելութեան առթիւ ՅՊԲ. Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսած էր. «Այս հանդիպումին համար, բազմաթիւ տարիներ պատրաստուեցայ. երիտասարդութեանս տարիներէն սկսեալ, որովհետեւ իմ հայրենիքիս մէջ, ձեր եկեղեցին ներկայ, տեսանելի եւ գործօն էր, եւ հասարակաց պատմութեան մէջ շատ գեղեցիկ էջեր գրած։ …Հայ կաթողիկէներու պատմութիւնը Լեհաստանի պատմութիւնն է», ապա աւելցուցած՝ «իմ երկրորդական ուսման տարիներուս, բարձրագոյն վարժարանին մէջ, նոյն նստարանին վրայ քովս ունէի դասընկեր մը՝ որ հայ կաթողիկէ էր, ան ինծի համար եղած էր շատ բարի ընկեր մը»։
24 Ապրիլ 1985
Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ՅՊԲ հրաւիրած էր ներկաները՝ «աղօթքով միանալու Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ի յիշատակ 70 տարիներ առաջ անոնց ապրած տառապալից պատահարներուն, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ»։
11 Նոյեմբեր 1986
ՅՊԲ ընդունած էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն հայ հաւատացեալներու խումբ մը։ Այս հանդիպումի ընթացքին Ան հաստատած էր. «Հայ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսին եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին միջեւ գոյութիւն ունի յատուկ համահասկացողութիւն մը»։
8 Դեկտեմբեր 1988
Հայաստանը հարուածող մեծ երկրաշարժի յաջորդ օրը, ՅՊԲ Սրբազան Պապը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին. յուզումով յիշեց երկրաշարժի թիրախ Հայաստանը ըսելով. «Տառապանքի այս պահուն, աւելի քան երբեք, մօտ եմ հայ ժողովուրդին, անոնք միշտ ներկայ են իմ աղօթքներուս մէջ ու նաեւ իմ հովուական մտահոգութիւններուս մէջ, օգնութեան հասնինք երկրաշարժէն տուժած այս ժողովուրդին» ։
10 Դեկտեմբեր 1988
ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Վեհափառին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամեն. եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեանին, Խորհրդային Միութեան նախագահ՝ Միխայիլ Կորպաչովին եւ 100.000 տոլարի յատկացում մը կատարեց, որպէս զօրակցութեան նշան Ս. Աթոռի կողմէ, դիմագրաւելու երկրաշարժի զոհերուն ստիպողական կարիքները։
25 Դեկտեմբեր 1988
Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին տուած իր պատգամին, եւ Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի օրհնութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, օգնելու հայ ժողովուրդին։
28 Դեկտեմբեր 1988
Ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբացան Քահանայապետը յայտնեց թէ կը մասնակցի երկրաշարժի զոհերուն ցաւին եւ դարձեալ կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու։
9 Յունուար 1989
ՅՊԲ Սրբազան Պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, յետ երկրաշարժին Հայաստանի համար ցուցաբերուած զօրակցութեան հսկայ շարժումը բնորոշեց, «բարի կամքի ծայրագոյն նշանը»։
10 Յուլիս 1989
ՅՊԲ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ընդունեց աղէտեալ գօտիէն եկած 100 Հայ երախաներ։
7 Դեկտեմբեր 1989
Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի առաջին տարեդարձին առթիւ, դարձեալ երկրաշարժի ողբերգութեան վառ յիշատակով, ՅՊԲ նորէն սիրոյ իր զգացումները արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ դիմագրաւած էր այդ պատուհասը։ Դարձեալ 100.000 տոլարի գումար մը տրամադրեց, նեցուկ կանգնելու նպատակով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծրագիրներուն, դիմագրաւելու տուժած ժողովուրդին կարիքները եւ նպաստելու վերակառուցման աշխատանքին։
2 Ապրիլ 1990
Հայոց Մեծ Եղեռնի 75 ամեակին առիթով ՅՊԲ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Ներսէս Եպ. Սեթեանին հեռագիր մը յղեց ուր գրուած էր. «Սրբազան Պապը իր հոգեւոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այն ողբերգական դէպքին համար, որ եղաւ աղբիւրը հայ ժողովուրդի մեծ ցաւին ու տառապանքին։ Ան կ’աղօթէ որպէսզի նման ոգեկոչում մը ծառայէ պատշաճ կերպով յիշատակելու վնասակար հետեւանքները ցեղային ու կրօնական անհանդուրժողութիւններուն, եւ, որպէսզի մղէ մարդկութիւնը վերջ դնելու բռնութեան եւ թշնամութեան, ներումի եւ խաղաղութեան միջոցաւ հնազանդելով Քրիստոսին»։
21 Յունուար 1991
ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝ տիար Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ու անոր ընկերակցող շքախումբին։ Հոս աւելցնենք թէ հայրենի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժնի գրասենեակը, ու նաեւ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքը…։
15 Փետրուար 1991
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հ.Հ. Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ նախարար՝ տիար Արարատ Կոմիցեանը, որ եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբազան Պապին՝ յետ 1988-ի երկրաշարժին անոր օժանդակութիւններուն համար, կառուցելու՝ «Նարեկի Տիրամօր» արդի հիւանդանոցը։
6 Հոկտեմբեր 1991
Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի, յանուն ՅՊԲին, բացումը կատարեց վերոնշեալ հիւանդանոցին։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած էր «Այս տարիներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ձեր պատմութեան հոլովոյթին որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, դուք հետեւեցաք Քրիստոսին ընթանալով անոր Խաչի ճանապարհէն։ Որքան հայու արիւն թափուեցաւ, հաւատքի համար…։ Ձեր տառապանքի ու մարտիրոսութեան պատմութիւնը թանկագին մարգարիտ մըն է որով կը պարծենայ Տիեզերական Եկեղեցին»։
23 Մայիս 1992
Սկիզբ առին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ս. Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։
27 Մայիս 1992
Հ.Հ. ներկայացուցիչներ Սրբազան Հօր նուիրեցին «ԺԲ դարէն Խոշավանքի Խաչքարի» շատ գեղեցիկ ու նշանակալից մէկ օրինակը։
17 Նոյեմբեր 1992
17 Նոյեմբեր 1992-ին, Ս. Պետրոսի մէջ, հայածէս հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին Սրբազան Պապը եպիսկոպոսական օծումը կատարեց Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջին վիճակաւոր՝ Արհի. Ներսէս Արք. Տէր Ներսէսեանին։
7 Դեկտեմբեր 1992
Սրբազան Պապը նշանակեց Հայաստանի առաջին առաքելական նուիրակը (դեսպանը) յանձինս Գերապայծառ Ժան Փօլ Կոպէլի։
10-14 Դեկտեմբեր 1996
Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոսը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարեց Վատիկան։
24 Մարտ 1999
ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց Վատիկանի Թանգարանին մէջ մեծ խնամքով պատրաստուած՝ «Հռոմ/Հայաստան» ցուցահանդէսին, ի ներկայութեան Հ.Հ. Նախագահ՝ Ռոպէր Քոչարեանին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ։
20-26 Մարտ 2000
Սուրբ Երկիր կատարած Յոբելենական այցելութեան ծիրէն ներս ՅՊԲ այցելեց նաեւ Երուսաղէմի Հայ Առաքելական Պատրիարքութիւնն ու Թորքոմ Բ. Մանուկեան Պատրիարքին ուղղած խօսին մէջ ըսաւ. «Մեր այսօրուան հանդիպումը առաւել քայլ մըն է դէպի առաջ՝ զոր Տէրը մեզի պարգեւեց, ամրապնդելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ կապերը….։ Այս տունը այցելելով ինքզինքս կը զգամ եղբայր մը եղբայրներու միջեւ, որոնք կը փորձեն միասնաբար կառուցել Քրիստոսի Եկեղեցին»։
14 Սեպտեմբեր 2000
Սրբազան Պապը ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով։
«Հայ ժողովուրդը լաւապէս կը ճանչնայ Խաչը. Զայն կը կրէ փորագրուած սրտին մէջ։ Ան խորհրդանիշն է անոր ինքնութեան, անոր պատմութեան ողբերգութիւններուն ու նաեւ փառքը՝ անոր վերածնունդին, իւրաքանչիւր անբարենպաստ իրադարձութենէ մը ետք։ …Խաչերը, որոնք ցիր ու ցան են համայն Հայաստանի հողին վրայ, պատրաստուած են մերկ քարերէ, այնպէս ինչպէս մերկ է մարդուն ցաւը։ Միևնոյն ժամանակ, անոնք ունին նրբագեղ փորագրութիւններ՝ ցոյց տալու համար, որ ամբողջ տիեզերքը սրբացած է Խաչով, ու թէ ցաւը հատուցում գտած է»։
8-11 Նոյեմբեր 2000
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. պաշտօնական այցելութիւն կատարեց ՅՊԲ.ին եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցիին։ Ս. Աթոռի եւ Էջմիածնի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան պաշտօնական կարեւոր հանդիպումներու առիթով։ Յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու կարեւոր երկու այցելութիւններէ ետք. Առաջինը՝ բարեյիշատակ Վազգէն Ա.ի այցելութիւնը երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Պապին, 12 Մայիս 1970-ին։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը։ Իսկ երկրորդը՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այցելութիւնը 1996-ի Դեկտեմբերին եւ 1999-ի Մարտին՝ իր մահուընէ քանի մը ամիս առաջ։
10 Հոկտեմբեր 2000
ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի մէջ համամիութենական աղօթք կատարուեցաւ. ներկայ էին մեծ թիւով հայեր, իտալացիներ եւ ուխտաւորներ։
18 Փետրուար 2001
ՅՊԲ նախագահեց հայկական ծէսով հայրապետական Ս. Պատարագին եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց։ Ս. Զոհին աւարտին, Նորին Սրբութիւն ՅՊԲ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շնորհեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աճիւնները», որոնք պահուած էին Իտալիոյ Նափոլի քաղաքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող վանքին մէջ, 8-րդ դարէն ի վեր։
Նոյն նուէրը շնորհուեցաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի քոյր եկեղեցիներուն
Հայոց քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, ՅՊԲ հայասէր Քահանայապետը հայ ժողովուրդին ուղղեց Առաքելական նամակ մը, որուն մէջ հայ ժողովուրդը ներկայացուց՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգը՝ բոլոր ազգերուն մէջէն, ընդգծելով անոր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի սուրբ Աւետարանին, իր կրած չարչարանքները եւ նահատակութիւնները դարաւոր եւ ալեկոծեալ իր պատմութեան ընթացքին։
…«Հայերը, որպէս խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ, աշխարհը շրջեցան ու անցան, եւ իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին…։ Քրիստոնեայ ժողովուրդը ուրախ է իրենց վեհանձն եւ հաւատարիմ ներկայութեան համար եւ կը մաղթէ, որ անոնք միշտ կարենան համակրանք եւ հասկացողութիւն գտնել աշխարհի ամէն կողմ»։
25-27 Սեպտեմբեր 2001
ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հայաստան, որպէս հիւրը Ն.Ս. Օծութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Պատմութեան մէջ, ՅՊԲ Ս. Պետրոսի յաջորդներէն առաջինն է, որ Հայաստան այցելած է, եւ մեր բիւրաւոր նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի կոթողին առջեւ ամփոփուելով՝ աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած։
ՅՊԲ նաեւ եղաւ առաջին քահանայապետը, որ հրապարակաւ ճանչցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց այդ ահաւոր ոճիրը մարդկութեան դէմ։
7 Հոկտեմբեր 2001
Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. երանելի հռչակեց 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ՝ Մարտինի Արքեպիսկոպոսը՝ Ինգնատիոս Մալոյեան, ներկայութեամբ արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, հարիւրաւոր կարդինալներու, օտարազգի բազմաթիւ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, կրօնաւորուհիներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան եւ Ս. Աթոռին մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն։
19 Յունուար 2005
Սրբազան Պապը բացումը կատարեց, եւ օրհնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայ արձանը, որ կը բարձրանայ Ս. Պետրոս պազիլիքայի արտաքին պատի որմախորշին մէջ, ի ներկայութեան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, պատասխանատու կարդինալներու, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն, վարդապետներու, Հայ Մայրապետներու եւ զանազան առաքելավայրերէ Հռոմ ժամանած հայ կաթողիկէ ուխտաւորներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու։ Ներկայ էին նաեւ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ պատուիրակներ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն։
28 Յունուար 2005
ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպէր Քոչեարեանը, Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուելէն երկու օր առաջ։ Անոր ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ան ակնարկեց Ղարաբաղեան տագնապին մաղթանք յայտնելով որ տարածաշրջանին մէջ հաստատուի իսկական ու մնայուն խաղաղութիւն մը, որ կարելի է իրականացնել «վճռական կերպով մերժելով բռնութիւնը, կողմերու միջեւ հաստատելով համբերատար երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ դիմելով միջազգային գործունեայ միջնորդութեան»։
Վատիկան Նիուզ
Ռատիօ Վատիկան