ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ 400 Կրթաթոշակ Երիտասարդ Ուսանողներուն

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ 400 Կրթաթոշակ Երիտասարդ Ուսանողներուն

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայրական հոգատարութեամբ շարունակեց այս ամիսներուն հետեւիլ սիրելի Լիբանանի իրավիճակին, երկիրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որակած էր «Պատգամ Երկիր» եւ վայրը ուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրապարակեց “Ecclesia in Medio Oriente  (Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցի)  յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, եւ որ մշտապէս եղած է համակեցութեան եւ եղբայրութեան տիպար, որ Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը ուզեց նուիրել համայն աշխարհին։

Մայրիներու երկիրը,  «Մեծն Լէբանանի» 100 ամեակի այս տարուան ընթացքին, կ’ապրի ծանր ճգնաժամ մը, որ կը յառաջացնէ տառապանք եւ աղքատութիւն, եւ վտանգը կայ որ ան խլէ նաեւ յոյսը, յատկապէս երիտասարդ սերունդէն, որ դժուար կը նկատէ  ներկան եւ անորոշ ապագան։

Այս իրողութեան դիմաց միշտ աւելի դժուար կը դառնայ Լիբանանի ժողովուրդի զաւակներուն ապահովել կրթութեան հասանելիութիւնը, յատկապէս այն փոքր կեդրոններուն մէջ, ուր այդ կրթութիւնը ապահովուած էր եկեղեցական հաստատութիւններէն։

Որպէս մօտիկութեան շօշափելի նշան, Ֆրանչիսկոս Պապ, Պետական Քարտուղարութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին միջոցաւ, որոշեց Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակութեան ուղարկել 200 հազար տոլարի գումար, որպէս  աջակցութիւն 400 կրթաթոշակներու, այն յոյսով որ կարելի ըլլայ հաստատել զօրակցութեան դաշինք մը ու մաղթանքով՝ որ բոլոր ազգային ու միջազգային դերակատարները  պատասխանատուութեամբ շարունակեն հասարակաց բարիքի փնտռտուքը, շրջանցելով ամէն բաժանում եւ մասնակի շահեր։

Այս միջամտութիւնը կ’աւելնայ Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներուն ի նպաստ տագնապի հիմնադրամին կողմէն  Քովիտ19 համաճարակի դիմագրաւման ի խնդիր  երաշխաւորուած սատարին։

Աստուածամայրը՝ որ կը հսկէ Լիբանանի վրայ, Հարիսայի բարձունքէն, պահպանէ լիբանանցի ժողովուրդը Մայրիներու Երկրի սիրելի սուրբերուն հետ միասին։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան