Պատմական Անդրադարձներ. ԱԽ ՀԱՅԵՐԸ՝ ԱՆՈՆՔ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԵՆ

Պատմական Անդրադարձներ. ԱԽ ՀԱՅԵՐԸ՝ ԱՆՈՆՔ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԵՆ

«ՆՈՅԷՍ ՏՈՅՉԼԱՆՏ» (Նոր Գերմանիա) թերթի աշխատակիցներէն՝ Վէրներ Լոլտշթայն այցելած է Ս. Միութիւն եւ Հայաստան, ու վերադարձին, հրատարակած է իր տպաւորութիւնները երկար յօդուածով մը։

Ահա անոր քանի մը խտացուած միտքերը։–

 

Երբ խօսք կ’անցնի տիեզերական թռիչքներու մասին, կենսաբան Սիսակեանի անունը կը տրուի։

Երբ կը խօսուի աստղերու մասին՝ կու տան Համբարձումեանի անունը։

Երբ ՄԻԿ օդանաւերու մասին կը խօսուի, պարծանքով կը յիշատակեն Միկոյեան եղբայրներու անունները։

Երբ Ս. Միութեան քաղաքականութեան մասին խօսք կը դառնայ _ առաջին տեղը Անաստաս Միկոյեանը կը գրաւէ։

Երբ համաշխարհային տնտեսական հարցեր կը քննարկուին՝ քաղուածքներ կը յիշատակուին Արզումանեան։

Կը վիճին թէ ո՞վ է Ս. Միութեան լաւագոյն երգչուհին՝ եւ կը տատանին Գոհար Գասպարեանի եւ Զարուհի Դոլուխանեանի անուններուն միջեւ։

Երբ ժամանակակից երաժշտութեան մասին խօսք կը բացուի, ոչ ոք կրնայ անտեսել անունը պանծալի Արամ Խաչատուրեանի։

Նոյնն է պարագան նկարչութեան մէջ, կրնանք ըսել, ուր Մարտիրոս Սարեանի անունը կը վայելէ մեծագոյն հեղինակութիւնը։

Այս կարգի ուրիշ անուններ, եւ հոգեւոր թէ նիւթական բարիք ստեղծող տասնեակ ուրիշներ կարելի է թուել, որոնց մականունները կը վերջանան ԵԱՆով։

Այսպէս կ’ըսէին ինծի իմ ռուս խօսակիցներս, եւ ես իրենց խօսքին մէջ կը տեսնէի ե՛ւ զարմանք, ե՛ւ յարգանք._ Ախ, հայերը, անոնք տաղանդաւոր մարդիկ են։