ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸ ԱԼԻԵՒԻՆ

– Վստահ եմ որ դիտեցիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հրապարակային ասուլիսը, որ պատկերասփռուեցաւ, 14 -16 Փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած անվտանգութեան միջազգային համաժողովի շրջագիծէն ներս։ Ասուլիսը համակարգողը՝ ԱՄՆ-Ռուսիա ռուսական հիմնադրամի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Մելեստան Վալանդեր մըն էր։ Ի՞նչ է տպաւորութիւնդ։

– Կրնամ ըսել որ Փաշինեան փայլուն դուրս եկաւ։

– Միա՞յն։ Չե՞ս կարծեր որ պատմութեան դաս մըն էր որ տուաւ Ալիեւին, որ յայտնապէս «տարածքային ամբողջականութեան իր յոյսը չկորսնցնելու» յանկերգը կրկնելէ զատ ըսելիք չունեցաւ։ Մինչդեռ, Հայաստանի վարչապետը շեշտեց խնդրի կարգաւորման ի խնդիր բանակցութիւններուն՝ նոր գաղափարներով կամ մօտեցումներով թափ տալու անհրաժեշտութիւնը՝ 30 տարիէ ի վեր նոյն բաները կրկնելու փոխարէն։ Փաշինեան պատմական փաստարկութիւններով բացատրեց թէ Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ եղած եւ այնպէս ինչպէս Ատրպէյճան անկախութիւն ձեռք բերած է Խորհրդային Միութենէն, նոյնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղը՝ թէ՛ Ատրպէյճանէն եւ թէ՛ Խորհրդային Միութենէն։ Ան բացատրեց նաեւ թէ ինչպէս Ստալին քմահաճօրէն եւ Լենինին ու Աթաթուրքին հետ համաձայնութեամբ դաւադրաբար փոխեց Ղարաբաղը Հայաստանին մաս դարձնելու Կովկասեան Բիւրոյի որոշումը։

– Կը կարծե՞ս որ Ալիեւ այս բոլորը չէր գիտեր։

– Կ’ենթադրեմ որ գիտէր, որովհետեւ այդ պատմական իրողութիւնները հերքող բան մը չի կրցաւ ըսել։ Եւ երբ շարունակեց պնդել որ «Ղարաբաղը բնիկ ատրպէյճանական տարածք է», Փաշինեան խորհուրդ տուաւ չխորանալու պատմութեան մէջ, բայց ըսաւ որ եթէ Ատրպէյճանի նախագահը ուզէ խորանալ պատմութեան մէջ, ուրեմն պէտք է գիտնայ որ երբ Հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորը կը բանակցէր Բոմբէուսի ՝ Հռոմի ռազմական առաջնորդին հետ, Հարաւային Կովկասի եւ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհի մէջ չկար Ատրպէյճան անուանումով որեւէ պետութիւն եւ ոչ ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդ։ Ի՞նչ կ’ըսես։

– Ի՞նչ ըսեմ…։ Մարդը լարուած եւ անպատկառ երեւոյթ մը ունէր եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին յանկերգներով կը յիշեցնէր «եթէ թռչի անգամ այծ է»ի պատմութիւնը։

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԸ

– Նախ շնորհաւոր Ամանոր։ Հաւանաբար իմացար պետական այրերուն Նոր Տարուան շնորհաւորանքները եւ մաղթանքները՝ իրենց դասական բովանդակութեամբ։ Սակայն, լսեցի՞ր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորը քաղաքացիներուն՝ չափաւորելու իրենց ուտելու ախորժակը եւ մանաւանդ խուսափելու ժամկէտանց ուտեստեղէններով հիւրասիրելէ այցելուները եւ ստիպելէ անոնց անպայման համտեսել Նոր Տարուան սեղանին դրուածները։

– Ի՞նչ կ’ըսես։ Վարչապետը սկսած է առողջապահական խնդիրներով ալ զբաղիլ։ Լաւ է։ Իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, անոր կարիքը ունի։ Պատմէ տեսնեմ…։

– Փաշինեան նախ ներողութիւն խնդրեց նման խորհուրդներ տալու իրաւունքը իրեն վերապահելու համար, ապա ըսաւ որ մարդոց ուտելու կարողութիւնները սահմանափակ են։ Պէտք չէ այցելուին ստիպել որ ուտէ օրեր առաջ պատրաստուած խոզի պուտէն կամ սեղանին վրայ դրուած ուտելիքներէն, որոնք իրենց թարմութիւնը կորսնցուցած են։ Ան կոչ ըրաւ տանտիկիններուն որպէսզի Դեկտեմբեր 31ի ամբողջ օրը խոհանոցին մէջ տոլմա փաթթելով չզբաղին եւ պատրաստեն միայն այնքան որքան տրամաբանօրէն մարդ կրնայ ուտել այդ գիշեր եւ ոչ թէ մինչեւ 15 օր ետք։

– Խմելու մասին ալ բան չըսա՞ւ։

– Չեմ յիշեր։

– Լաւ կ’ըլլար որ այդ մասին ալ չափաւորութեան կոչ ընէր եւ հրաւիրէր Նոր Տարուան առատ սեղաններ պատրաստելու ի վիճակի եղողները մտածելու ի վիճակի չեղողներու մասին, զանոնք ալ ուրախացնելու մասին՝ մսխումներու փոխարէն…։

– Չե՞ս կարծեր որ ուտել-խմելու չափաւորութեան կոչը՝ Նոր Տարուան ուրախութեան կարիքաւորները եւս մասնակից դարձնելու անուղղակի հրաւէր է առ որ անկ է…։

 

«ԿԻՆԷՍ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԻ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՍՈՒԼԻՍ

– Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ Նիկոլ Փաշինեանի Կապանի մէջ տուած մամուլի ասուլիսին հետեւելու առիթը ունեցա՞ր։

– Ոչ։ Ի՞նչ նորութիւն կար որ…։

– Նորութիւնները շատ էին՝ քաղաքական, պետական, տնտեսական, կենցաղային, համարեա բոլոր մարզերէն ներս։ Մարդը շատ սրամիտ, պատրաստաբան, իրազեկ, զարգացած եւ գրականասէր է։ Հաստատակամ է։ Լրագրողներուն կողմէ տրուած բոլոր հարցումներուն եւ կատարուած բոլոր քննադատութիւններուն տակէն դուրս ելաւ։ Լսողը չէր կրնար չհիանալ։ Բայց ես հիացայ բանի մը համար որ կը կարծեմ թէ աննախընթաց է։

– Ի՞նչ բանի…։

– Ասուլիսի տեւողութեան։ Մարդը հինգ ժամ գրեթէ անընդհատ խօսեցաւ եւ գաւաթ մը ջուր խմելն անգամ չտեսայ։ Չես կարծեր որ Կինէսի մրցանակին արժանի է։

– Ինչո՞ւ չէ, եթէ ասուլիսներու յատուկ մրցանակ մը գոյութիւն ունի…։

 

ԵՐԳՆ ՈՒ ԵՐԳԻՉԸ՝ Ո՞ՐՆ Է ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐԸ

– Առիթը ունեցա՞ր դիտելու եւ վայելելու Ռոպերթ Ամիրխանեանի ութսուն ամեակին նուիրուած ամանորեան համերգը որուն ներկայ եղան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը։

– Դժբախտաբար ոչ, հակառակ անոր որ Ամիրխանեանին բոլոր երգերը՝ ռոմանսները, էսթրատայինները, հայրենասիրականները, բոլո՛րը շատ կը սիրեմ։ Ո՞վ կրնայ չսիրել մանաւանդ «Հայի Աչքեր»ը, հայկական բանակին օրհներգը դարձած « Երազ իմ երկիր Հայրենիք»ը՝ որուն «հոգսերը շատ են բայց յոյսը մեծ…», «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի»ն, մանկականներէն մինչեւ դասականները։

– Շատ լաւ։ Ուրեմն, կարճ ըսեմ ըսելիքս։ Ամանորեան համերգին նկատեցի որ՝ հաւանաբար դուն ալ նկատած պիտի ըլլաս տարբեր առիթներով, Ամիրխանեանը իր ստեղծագործութիւնները կատարելու համար երբեք չի հրաւիրէր արդէն երեւելի կամ անուանի երգիչ-երգչուհիներ, այլ հանրութեան գրեթէ անծանօթ, երեւութապէս համեստ, բայց ոչ նուազ տաղանդաւոր երգիչներ կամ երգչուհիներ, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցութիւնը կը կատարէ ի՛նք, անձամբ։ Ինչո՞ւ։

– Ճիշդ նկատած ես։ Ըստ իս, պատճառը եւ նպատակը հետեւեալն է։ Նախ ինք շատ բծախնդիր է եւ կ’ուզէ որ կատարողը բնագրէն չշեղի։ Այս պատճառով ալ յաճախ ի՛նք կը կատարէ իր յօրինումները։ Ապա կ’ուզէ ապացուցանել որ իր ստեղծագործութիւնները կ’արժանանան երաժշտասէր հասարակութեան գնահատանքին ով որ ալ ըլլայ զայն կատարողը, անուանի կամ անծանօթ՝ բայց ոչ նուազ տաղանդաւոր եւ շնորհալի անշուշտ, որպէսզի երաժշտասէր հասարակութիւնը հաւասարապէ՛ս գնահատէ երգն ու երաժշտութիւնը եւ զայն կատարողը։ Երգն ու երաժշտութիւնը երկրորդ փլանի վրայ չի մնան։ Ծափահարուի ոչ թէ երգիչը, այլ նաեւ ու մանաւանդ երգը։ Հասկցա՛ր ինչու։

– Հիմա հասկցայ որ ինչո՞ւ իր քանի մը գործերը նախ ժողովուրդին երգել տուաւ յոտնկայս, ապա երգչախումբ-նուագախումբին, նաե՛ւ բանակայիններուն, ինչ որ յայտնապէս մեծապէս խանդավարեց վարչապետը եւ անոր տիկինը՝ Աննան։

 

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐՋԸ ԳԱԼԷՆ ԱՌԱ՞Ջ ԹԷ՞ ՎԵՐՋ…

– Գիտեմ թէ մշակոյթի մարդ ես եւ քաղաքականութիւնը չես սիրեր, բայց վստահ եմ որ այս օրերուն քաղաքական իրադարձութիւններուն քիչ թէ շատ կը հետեւիս կամայ ակամայ։ Հետեւաբար, որպէս այսպիսի վիճակներ ապրած մարդ, փորձառութիւնդ ի՞նչ կ’ըսէ . այս կացութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրնայ վերջ գտնել։ Չես կարծեր որ արդէն երկար տեւեց։

– Այն ինչ որ պտահեցաւ եւ կը շարունակուի երկու ամիսէ ի վեր՝ Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց է։ Հետեւաբար, ամէնէն հեռատես վերլուծաբաններն անգամ կը վարանին նախատեսութիւն մը կատարել։ «Ե՞րբ» վերջ պիտի գտնէ՝ չեմ գիտեր եւ գիտցողն ալ չեմ ճանչնար։ Իսկ «ինչպէս» վերջ կրնայ գտնել ան, կը խորհիմ թէ այս կացութիւնը կրնայ վերջ գտնել երբ գտնուին հայրենիքին շահերը հատուածական շահերէն վեր դասող գէթ տասնեակ մը մարդիկ կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը։

– Այնքա՞ն դժուար է կառավարութիւն մը կազմելու չափ այդպիսի մարդիկ գտնել։

– Չեմ գիտեր։ Պէտք է շարունակել փնտռտուքը ինչքան ալ դժուար ըլլայ ան։ Եթէ նոյնիսկ դժուար չէ գտնել, դժուար է կառավարութեան կազմութեան ճանապարհը բաց պահել անոնց առջեւ, որովհետեւ ցուցարարները կը մերժեն լուծումի ամէն առաջարկ եւ անոնց ակնկալութիւնները յստակ չեն։

– Ըսել կ’ուզես թէ կարելի չէ նախատեսել որ ե՞րբ կրնայ վերջ գտնել այս վիճակը եւ կառավարութիւն մը կեանքի կոչելու աշխատանքը աւարտին հասցընել ։ Ե՞րբ։ Երկրին եւ ժողովուրդին վերջը գալէն առա՞ջ թէ ետք…։

– Չեմ գիտեր։ Առաջ՝ եթէ մինչ այդ ողջ մնացինք, որովհետեւ վերջը՝ արդէն անօգուտ է։

 

ԵՐԳԵԼԷՆ ԱՌԱՋ ԵՐԳԻ ԼԵԶՈՒՆ ՍՈՐՎԻԼ ՊԷՏՔ Է…

– Հայաստանի պատկերասփիւռի կայաններու մէկէն անզուգական Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած համերգ մը դիտելէ ետք նախ ուրախացայ որ Մեծ Շանսոնիէն կը շարունակէ փառաբանուիլ Հայաստանի մէջ, սակայն յետոյ ցաւեցայ որ անոր երգերուն կատարումը թերի էր որովհետեւ անկարելի էր երգին խօսքերը հասկնալ։ Ֆրանսերէնի աղաւաղուած հնչումները անհասկնալի կը դարձնէին երգին խօսքերը որոնք երաժշտութեան չափ կարեւոր են յատկապէս Ազնաւուրի պարագային։ Դէմքի ծամածռութիւններով կարելի չէ խօսքերը հասկնալի դարձնել եւ երգը «ապրիլ» ձեւանալ։ Չե՞ս կարծեր։

– Իմ եւ քու կարծիքդ չեն բաւեր Ազնաւուր մեկնաբանել յաւակնողները դպրոց ղրկելու համար որպէսզի նախ ֆրանսերէն լեզուն սորվին։