ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
………………………………..
Ինչպէ՞ս կարելի է համոզել «Հայաստանը ազատող Քաջ Վարդանի թոռը« ըլլալ դաւանող այսօրուան մանուկը կամ նոյնիսկ պատանին, որ 1568 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտը աւարտեցաւ Հայոց յաղթանակով, երբ այդ ճակատամարտին անմիջական արդիւնքը հակառակը ցոյց կու տայ։
Կրնա՞յ գտնուիլ Վարդանանց պատմութիւնը քիչ թէ շատ չգիտցող հայզաւակ մը, եթէ նոյնիսկ ան Հայ դպրոց յաճախելու բախտը չէ ունեցած։ Կը բաւէ որ ան հայաբոյր ընտանեկան յարկի մը մէջ մեծցած ըլլայ, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանել սորված լլայ, այնուհետեւ յաճախած ըլլայ Հայ եկեղեցի, հայկական ակումբ, գոնէ տարին անգամ մը մասնակցած ըլլայ 1568 տարիներէ ի վեր կրկնուող Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին։ Իսկ չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ոչ միայն Աւարայրի, այլ մեր ժողովուրդին մղած հին ու նոր բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։
Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը սորվեցնելը, եթէ չենք կրցած փոխանցել Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքերու նկարագրականէն կամ անոր հերոսներու անուններէն աւելին։ Չենք կրցած փոխանցել անոր խորհուրդն ու անժամանցելի պատգամները, Աւարայրի դիւցազուններու ոգին եւ օրինակը։ Եթէ չենք կրցած պէտք եղած դասերը քաղել սորվեցնել, ներշնչումի աղբիւր դարձնել տալ Վարդանանցը, որպէսզի նորահաս սերունդները արդարացնեն Քաջ Վարդանի թոռները ըլլալու իրենց թելադրուած յաւակնութիւնը։ Օտարներ ալ կրնան սորված ըլլալ Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ չենք գիտակցիր այդ Ճակատամարտի նշանակութեան Հայ Ազգին համար, եթէ սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, զայն կը նկատենք յաւելեալ արձակուրդի առիթ մը պարզապէս։
Ահա թէ ինչո՛ւ ծնողք պէտք չէ՛ բաւարարուին Վարդանի թոռնութեան կոչում տալով իրենց զաւակներուն։ Պարտաւո՛ր են զանոնք մեծցնել այդ կոչումէն թելադրուած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ։
Հայ ուսուցիչն ու դաստիարակը թերացած կ’ըլլան իրենց պարտականութեան մէջ, եթէ բաւարարուին Դիւցազնամարտին նկարագրութեամբ կամ սորվեցնել նահատակներուն անունները։ Անոնք պէտք է ջանան փոխանցել Վարդանանց խորհուրդը, պատգամները եւ զոհաբերութեան ոգին, որպէսզի մեր գոյապայքարի կռուանները չթոյլնան եւ անոնց պաշտպաններու շարքերը չնօսրանան։
Մեծ է նաեւ Հայ հոգեւորականին դերը իր դաստիարակութեան վստահուած նորահաս սերունդներուն Վարդանանց ոգիով ու գաղափարականով թրծումին մէջ։ Հայ հոգեւորականին խօսքը պէտք է արձագանգը ըլլայ ճակատամարտի նախօրեակին հայոց բանակին ուղղուած՝ Ղեւոնդ Երէցի ոգեշնչող պատգամին։ Ան հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին մօտ պէտք է արծարծէ Վարդանանց նահա տակութեամբ նուիրագործուած արժէքներուն ու սրբութիւններուն մշտարթուն պահակները ըլլալու գիտակցութիւնը, գիտակցութիւնը՝ չդաւաճանելու Քրիստոնէական կրօնքին եւ Հայրենիքին հաւատարմութեան իր ուխտին որ կը վերանորոգէ ամէն տարի, որպէսզի չցամքի Աւարայրէն հինգ տասնամեակներ առաջ հանճարեղ Մաշտոցին վառած Ազգի անմահութեան կանթեղին ձէթը՝ շաղախուած Աւարայրի նահատակներուն արեամբ։
Աւարայրը Վարդանի եւ անոր զինակիցներուն մղած ճակատամարտով չաւարտեցաւ։ Տղմուտի ափին ինկան անոնք, բայց չկորա՛ն, ինչպէս 15 դար ետք կը հաստատէ հայ բանաստեղծը՝
«Մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,
Մենք չյանգանք, դեռ կը գանք»։
Արդարեւ եկան անոնք, ժառանգորդները, շարունակելու համար գոյապայքարը եւ յաղթանակով պսակելու զայն։ Այդ յաղթանակին փաստը Աւարայրի Դիւցազնամարտը 15 դար ետք յիշատակող 10 միլիոն Հայութիւնն է՝ իր հարուստ մշակոյթով, համաշխարհային արժէքներով, Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ այդ Հաւատքին խորհրդանիշերով, իր պետականութեամբ եւ յաղթանակած բանակով։ Այս իրականութիւնները կու գան հաստատելու Աւարայրի ճակատամարտի անզուգական պատմիչին՝ Եղիշէի այն վկայութիւնը թէ «կարեւորը այն է որ Հայ ժողովուրդը, այդ օր, դիմագրաւած թշնամիին եւ գալիք բոլոր թշնամիներուն ցոյց տուաւ կռուելու եւ գլուխ չխոնարհեցնելու իր աննկուն կամքը, հասկցուց որ իր ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը չի զիջիր երբեք եւ որեւէ գնով»։
Անգնահատելի է այն ժառանգը որ Վարդանանց յաջորդող սերունդները ստացան։ Դրամով եւ որեւէ հարստութեամբ, ինչքան ալ մեծ ըլլայ, չի գնահատուիր ան։ Լեզուն, Կրօնքը եւ Հայրենիքն է ան։ Ժառանգին տէր կանգնելու կոչուած են 10 միլիոն ժառանգորդները։
20 / 02 / 2019