Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 14-17 եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր արժանացած էր շատ ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաշատ շփումներ ունեցած Էմիրութիւններու ղեկավարներուն, մասնաւորաբար Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամէտ Պըն Ալ Նահիանի հետ։ Այցելութեան շարժառիթը Ապու Տապիի մէջ կայացած «Ապագայի Գագաժողով» խորագրով համաժողովն էր, որուն շրջագիծէն ներս ան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ։ Ստորեւ այս ելոյթներէն մէկը, որ իր թոռնիկին, Արմէնին՝ Նախագահ Մեծ Հօր կողմէ տրուած խորհուրդն էր միաժամանակ ուղղուած հայ բոլոր թոռնիկներուն, որոնք կոչուած են դառնալու Ազգի ապագան։
«Եթէ ես խորհուրդ տալու լինէի իմ թոռնիկին, ում անունը եւս Արմէն է, ես կ’ասէի՝ սիրելի՛ Արմէն, ես չեմ պատրաստւում քեզ խորհուրդ տալ դառնալ բժիշկ, իրաւաբան կամ ագարակապան։ Ես նախ եւ առաջ խորհուրդ կու տամ նայել քո ներսը, հասկանալ, թէ ով ես դու, քանի որ ցանկացած երեխայ ի ծնէ ունի տաղանդ։ Մէկը տաղանդաւոր է մաթեմատիկայի, միւսը` երաժշտութեան, արհեստի, պատմելու, քաղաքականութեան, մէկն էլ` ուրիշներին լսելու, գուցէ նրանց խորհուրդներ տալու գործում։
«Խնդիրը ոչ թէ այն է, թէ ինչ դառնալ, այլ` հասկանալ, թէ ով ես դու։
«Երկրորդը, որը խորհուրդ կու տամ Արմէնին, հետեւեալն է՝ գտի՛ր քո կեանքի առաքելութիւնը։ Եթէ դու տաղանդաւոր ես երաժշտութեան մէջ, դու պէտք է ունենաս առաքելութիւն՝ դառնալու, օրինակ, լաւագույն ջութակահարը։ Գտի՛ր քո կեանքի առաքելութիւնը, այլ ոչ թէ աշխատանքը։ Այն առաքելութիւնը, որը քո կեանքի տարերքն է։ Դա քո մի մասն է, եւ այդ երկուսը պէտք է ներդաշնակութեան մէջ լինեն մէկը միւսի հետ։
«Երրորդը՝ մտածի՛ր քո կեանքի մասին 21-րդ դարում, մտածի՛ր քո կեանքի մասին՝ որպէս ստարտափի։ Դու պէտք է ստեղծես քո սեփական ստարտափը, որը կոչւում է «Ստարտափ Արմէն»։ Կերտի՛ր ինքդ քեզ՝ որպէս պրոֆեսիոնալ, մէկը՝ որ ունի ստեղծելու կարողութիւն։ Իհարկէ, մի՛ մոռացիր, որ դա դժուարին աշխատանք է. պէտք է ջանասիրաբար գործես: Մի՛ մոռացիր, որ կան պատմական արժէքներ՝ քո ժողովուրդի ու ընտանիքի արժէքները: Մի՛ մոռացիր, որ որեւէ բանի հասնելու համար պէտք է ողջ կեանքում երիտասարդ մնաս։
«Յիշի՛ր, որ երիտասարդ լինելը կապուած չէ այս մոլորակում անցկացրած տարիների հետ. այն հոգու երիտասարդութեան հետ է կապուած։ Եթէ ամէն օր որեւէ նոր բան սովորես, ինչպէս մանուկները, ապա դու կը լինես երիտասարդ։
«Իհարկէ, քո կեանքում ունենալու ես դժուարութիւններ, սակայն պէտք է լինես խիզախ։ Քո յաջողութեանը յաջորդող ամէն եկող օրուայ հետ դու պէտք է ապացուցես, որ արժանի ես նրան, ինչին հասել ես։ Ամէն նոր օր ձախողումից, հիասթափութիւնից յետոյ ընկճուազութեան առիթ չպէտք է լինի։ Պարզապէս կանգնի՛ր ու կրկին քայլի՛ր։ Դու քո առջեւ ունես հրաշալի մի կեանք եւ այս նոր աշխարհը, որը քուանտային է։ Մի՛ անհանգստացիր, մի՛ վախեցիր, ինչպէս չվախեցան գիտնականները հարիւր տարի առաջ։
«Նայի՛ր քո կեանքին, 21-րդ դարին, ճարտարարուեստին, պիզնէսին ու քաղաքականութեանը նորարարի տեսանկիւնից».
«ՄԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ԵՆՔ ԵՒ ՅԱՂԹԵԼԷ ՈՒ ՅԱՋՈՂԵԼԷ ԲԱՑԻ ԱՅԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՉՈՒՆԵՆՔ»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ու տիկին Նունէ Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելած են նաեւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի, ուր ծաղիկներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին:
Ստորեւ հատուածներ՝ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք, «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքէն։
«Այն փաստը, որ մենք կ’ապրինք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերով, գուցէ ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակն` առաւելութիւն է, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել, որ մենք փոքր պետութիւն ենք կամ նոյնիսկ ունինք երկու փոքր պետութիւն, բայց համաշխարհային ազգ ենք` իրարու հետ շատ սերտ կապուած: Մենք ստեղծած ենք 21-րդ դարու փոքրիկ տիպարը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամբողջ աշխարհը, աշխարհի բնակչութիւնը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ’ապրի` Աւստրալիայէն մինչեւ Ռուսիա, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, պիտի ապրի իբրեւ մէկ ընդհանուր ընտանիք` մարդկութեան ընտանիք:
«Ես կը կարծեմ, որ մեր ազգը 21-րդ դարու ազգ է, որովհետեւ 21-րդ դարուն շատ արժէքներ պիտի փոխուին, 21-րդ դարուն հզօր պիտի ըլլայ ոչ թէ այն ազգը կամ պետութիւնը, որ պիտի ունենայ շատ մեծ բնական հարստութիւն, այլ այն ազգը, որ պիտի կարենայ փոքր տարածքի մէջ փոքր ուժերը միաւորել, այն ազգը, որ պիտի կարենայ իր մտաւոր ունակութիւնները ի մի բերել, ծառայեցնել հայրենիքին: Կը կարծեմ` այս բոլորը մենք ունինք, աւելի՛ն, ես կը հաւատամ, որ մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգ ենք: Մենք ազգ ենք, որ Աստուծոյ ընտրութեամբ անցած է ամէնէն դժուար փորձութիւններով, տեսած է աշխարհի ամէնէն վատ դժոխքը` Եղեռնը: Բայց այսօր ո՛չ միայն կանք, ո՛չ միայն գոյութիւն ունինք, այլեւ ուժեղ ենք, հզօր: Մենք յաղթող ժողովուրդ ենք: Յաջորդ յաղթանակները տակաւին պիտի ըլլան, եւ այդ յաղթանակները պիտի ըլլան ո՛չ միայն պատերազմի դաշտին, այլեւ մեր ազգային շահերու, պետականութեան բոլոր մարզերուն մէջ։
«Այս երեք-չորս օրուան ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին ես մէկ գնահատական լսած եմ հայերուն մասին` ազնիւ, աշխատասէր, նուիրեալ, բարի, հայրենասէր մարդիկ, որոնք այսօր սփռուած ըլլալով աշխարհի մէջ, աշխարհի բոլոր կէտերէն կրնան հայրենիք բերել իրենց գիտելիքը, կարելիութիւնները, կապերը, ցանկութիւնն ու աշխատանքը:
«Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելէ ու յաջողելէ բացի այլ ճամբայ չունինք» ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան: