ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԵՒՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԵՒՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին միաձայնութեամբ քուէարկելով Ռոպերթ Մենենտեզի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) եւ Թէտ Քրուզի (հանրապետական, Թեքսաս) հեղինակած թիւ 150 բանաձեւը, առաջին անգամն ըլլալով ճանչցաւ ու դատապարտեց 20-րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը։ Բանաձեւը, որ կը ճանչնայ ու կը դատապարտէ Հայոց եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը, երեք անգամ, վերջինը՝ 29 Հոկտեմբերին, Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ մերժուած էր 405 թեր եւ 11 դէմ քուէներով ծերակուտականներու վեթոյի իրաւունքով։ Արդարեւ, Քեվըն Քրամըր, Տէյվիտ Պերթիուն եւ Լինտսի Կրահամ խափանած էին բանաձեւին (թիւ 296) ընդգրկումը Ծերակոյտի օրակարգին վրայ։ Ծերակոյտը անով միաժամանակ կոչ կ’ընէ մերժելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ կը հրաւիրէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Այնպէս ինչպէս 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի խորանէն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ համաշխարհային հանրութեան ուղղուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչը, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը եւս կոչ մըն է համաշխարհային հանրային կարծիքին։ Անոր արձագանգեցին միջազգային մեծազդեցիկ լրատուամիջոցները։

Ամերիկեան Ծերակոյտին միաձայն որոշումը կը հանդիսանայ Հայկական Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ արձանագրուած շրջադարձային նշանակութիւն ներկայացնող յաղթանակ մը, որուն յաջորդը՝ պէտք է ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համապատասխան որոշումը։ Ասիկա յայտնի պիտի ըլլայ յառաջիկայ Ապրիլի 24ին եւ պիտի հանդիսանայ լրումը Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ճանաչման եւ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դատապարտումին։