ԴԻՄԱՒՈՐԵԼ «ԴԱՏԱՐԿ ՁԵՌՔԵՐՈՎ»…

ԴԻՄԱՒՈՐԵԼ «ԴԱՏԱՐԿ ՁԵՌՔԵՐՈՎ»…

Ս Կ

………………………………….

Բարի եկար 2020։

Այս տարի չեմ ուզեր բաւականանալ բարեմաղթանքներով, չեմ ուզեր միայն ցանկալ, կամ միայն շնորհաւորել։

Այս տարի կ’ուզեմ առաջին հերթին աղօթել։

Կ’ուզեմ աղերսել, դիմել Աստուծոյ ու սրտանց խնդրել ու խնդրել։

Այս տարի կ’ուզեմ ձերբազատուիլ անցեալի կապանքներէն, ընկալելու համար աստուածային խորհրդալի անակնկալները։

Երբ Յիսուս ծնաւ, հրեշտակները երեւցան հովիւներուն, որոնք գիշերը բացօթեայ իրենց հօտերը կը պահպանէին, ու անոնց աւետեցին ծնունդը Փրկիչին ըսելով. «Մի՛ վախնաք, ահա ձեզի կ’աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդին ուրախութիւնը պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է։ Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով պատուած եւ մսուրի մէջ դրուած»։ Հովիւները երբ բարի լուրը առին, անմիջապէս սկսան պատրաստուիլ երթալու եւ տեսնելու պատահածը. «Եկէ՛ք, երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ, եւ տեսնենք թէ ինչ է այս պատահածը զոր Տէրը ցոյց տուաւ մեզի»։ Կը պատմուի թէ անոնք չուզեցին դատարկ ձեռքերով երթալ, իւրաքանչիւրը իր ունեցուածքէն ու ինչքերէն բաժին մը վերցուց, զայն նուիրելու համար մանուկ Յիսուսին։ Անոնցմէ մէկը որ չափազանց աղքատ էր, եւ բան չունէր տանելու, ուզեց հրաժարիլ միւսներուն ընկերանալէ, որպէսզի ամօթով չմնար։ Սակայն հովիւներուն պնդումին վրայ, ան համոզուեցաւ, խորհելով թէ ոչ ոք պիտի անդրադառնար անոր  ձեռքերուն դատարկութեան, քանի խմբովին կ’երթային։ Եւ անոնք փութով ճամբայ ելան, երթալու շնորհաւորելու ծնունդը Փրկիչին։ Երբ հասան, տեսան Մարիամը, որ իր ձեռքերուն մէջ շալկած էր Յիսուս մանուկը, եւ անոնց կողքին սուրբ Յովսէփը, որ նստած կը մտածէր պատահածներուն մասին։ Մարիամ դիմաւորեց հովիւները, եւ որպէսզի անոնց ձեռքերէն առնէր նուէրները, շուարեցաւ ուր պիտի թողուր մանուկը։ Անդրադարձաւ թէ անոնցմէ մէկուն ձեռքերը դատարկ էին, եւ անմիջապէս քովը երթալով մանուկ Յիսուսը յանձնեց անոր, իսկ ինք զբաղեցաւ նուէրներով։ Այս աղքատ հովիւը, որ բան չունէր, այդ օրը արժանացաւ ունենալու աշխարհի մեծագոյն նուէրը, մեծագոյն պարգեւը, որ նոյնինքն Քրիստոսն էր։

Նման այս հովիւին, այս տարի մենք ալ դատարկ ձեռքերով դիմաւորենք Փրկիչը, դատարկ ձեռքերով աղերսենք Աստուծոյ։ Դատարկ՝ աշխարհիկ զբաղումներէ, մտահոգութիւններէ ու տաղտուկներէ, որպէսզի կարենանք ընդունիլ Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ։ Ուստի պարպենք մեր ձեռքերը, մաքրենք մեր սրտերն ու մտքերը, որպէսզի անոնք Քրիստոսով լեցուին։

Եկէ՛ք դատարկ ձեռքերով ընդունինք Մանուկ Յիսուսը։

Ան ծնաւ մանուկ որպէսզի մեզի առիթը տայ զինք շալկելու, համբուրելու, այնպէս ինչպէս կը վերաբերինք ոեւէ մանուկի հետ ։

Ան ծնաւ մանուկ որպէսզի ինքզինքը յանձնէ մեզի, որպէսզի պատգամէ մեզի թէ ինք տակաւին կը վստահի մարդուն։

Եկէ՛ք դատարկ ձեռքերով ընդունինք նաեւ Նոր Տարին։

Նախորդ տարիներու տաղտուկներն ու մտահոգութիւնները մեզի հետ չտանինք։ Սորվինք անցեալէն, բայց կերտենք յոյսով լեցուն նոր ապագայ մը, նոր տարի մը։

Թօթափենք մեր ձեռքերէն ատելութեան, նախանձի ու չարաշահութեան վատ զգացումները, հրաժարինք պատերազմի ու սպանութեան կապանքներէն, եւ զգենունք սիրոյ, խաղաղութեան ու կեանքի զրահները։

53 տարիներէ ի վեր, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար տարուան առաջին օրը  Համաշխարհային Խաղաղութեան Օր է, եւ նման նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ըսելով, թէ խաղաղութիւնը յոյսի ճանապարհ է, որ կը հիմնուի երկխօսութեան, հաշտութեան եւ դէպի բնապահպանութիւն դարձի վրայ։

«Խաղաղութիւնը թանկարժէք բարիք է, մեր յոյսի առարկան, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը: Խաղաղութիւն ցանկալը մարդկային վարք է, որ իր մէջ կը պարունակէ գոյութենական լարուածութիւն. այս է պատճառը, որ նոյնիսկ երբեմն ցաւալի ներկան «կրնայ ապրուիլ և ընդունուիլ, եթէ ան կը տանի դէպի արդիւնք մը, եւ եթէ մենք կարողանանք ապահով ըլլալ այս արդիւնքէն, եթէ այս արդիւնքը այնքան մեծ ըլլայ, այնքան որ կրնայ արդարացնել ճանապարհին խոչընդոտները յաղթահարելու ճիգը»: Այսպէս, յոյսը այն առաքինութիւնն է, որ մեզ ճանապարհի վրայ կը դնէ, որ մեզի թեւեր կու տայ յառաջ երթալու, նոյնիսկ երբ խոչընդոտները անյաղթահարելի կը թուին»։

Ֆրանչիսկոս Պապին համար խաղաղութիւնը երկխօսութեան ուղի է, որ կը հիմնուի յիշողութեան, համերաշխութեան եւ եղբայրութեան վրայ։ Ան կը նշէ թէ խաղաղութիւնը նաեւ հաշտութեան ճանապարհ մըն է հիմնուած եղբայրական հաղորդակցութեան վրայ. «Հաշտութեան ուղին մեզ կը հրաւիրէ մեր սրտերուն խորերը գտնելու ներումի ուժը եւ կարողութիւնը զիրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Սորվիլ ապրիլ ներողամտութիւնը՝ մեր մէջ կը մեծցնէ կարողութիւնը ըլլալու խաղաղութեան կիներ եւ տղամարդիկ»։ Խաղաղութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ, Սրբազան Քահանայապետին համար, դէպի  բնապահպանութիւն դարձի ուղի: Մարդկութիւնը կոչուած է յարգելու բնութիւնը, մեր միացեալ տունը, որ Աստուծոյ պարգեւն է մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Վերջապէս, ան մեզ կը հրաւիրէ «մեծ» յուսալու, որպէսզի շատ ստանանք. «Հաշտութեան ճանապարհը համբերութիւն և վստահութիւն կը պահանջէ: Չենք ստանար խաղաղութիւն, եթէ զայն չյուսանք։ Առաջին հերթին պէտք է հաւատալ խաղաղութեան կարելիութեան, հաւատալ որ ուրիշն ալ մեզ նման միեւնոյն կարիքն ունի խաղաղութեան։ Ասոր մէջ, Աստուծոյ սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, կրնայ մեզի ներշնչել ազատագրող, անսահման, ձրի եւ անխոնջ սէր»։

Աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար։

Խնդրենք ամենաբարին Աստուծմէ որ իւրաքանչիւրիս պարգեւէ ներքին խաղաղութիւն, որպէսզի կարենանք կերտել այնքան ցանկալի խաղաղութիւնը եւ դառնալ խաղաղարարներ։

Խնդրենք խաղաղութիւնը Լիբանանի համար, որ այժմ կը տատանի դաժան փոթորիկի մը մէջ։

Խնդրենք խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքին համար։

Խնդրենք խաղաղութիւնը մեր Մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, ինչպէս նաեւ Արցախի դիտաւորութեան, որպէսզի միշտ բարգաւաճ օրեր ունենան անոնք, եւ կարենան ըլլալ իւրաքանչիւր հայու հարազատ տունը։

Խաղաղութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը բնակի, բաւ է որ իսկական տնեցիներն ըլլանք խաղաղութեան։

Պարպենք մենք զմեզ ամէն աղտեղութենէ, դառնալու համար իսկական առաքեալները սիրոյ, խաղաղութեան եւ կեանքի։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի։