ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ ՆԱԵ՛Ւ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ  ՆԱԵ՛Ւ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………

Ուրախալի եւ յուսադրիչ է Թարգմանչաց նշումը հայկական վարժարաններուն կողմէ։

Թարգմանչաց նուիրուած ձեռնարկներու ընդմէջէն եւ դասախօսութիւններով, իւրաքանչիւր աշակերտ, անշուշտ իր տարիքին համապատասխան չափով, կը ծանօթանայ Թարգմանիչներուն, անոնց մեծասքանչ գործին եւ գիտակցութեամբ կ’ոգեկոչէ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետին, Սահակ Պարթեւ Հայրապետին, համայն Թարգմանչաց Վարդապետներուն, Եզնիկ Կողբացիին, Եղիշէ պատմիջին, Մովսէս Խորենացիին, Կորիւնի, Ներսէս Շնորհալիի եւ բազմաթիւ ուրիշ գրական մշակներու յիշատակը։

Գիտակցելով որ մինչեւ իսկ Աստուծոյ հետ մեր սեփական լեզուով հաղորդակցելու միջոցը ստեղծելով, ապա հայերէն լեզուն սորվեցնելու համար վարժարաններ բանալով անոնք յաւերժագիր պարգեւեցին Հայ Ազգին, գիտակցելով որ լեզուն ու մշակոյթը քրիստոնեայ կրօնքին, հաւատքին հետ միաձուլելով՝ անոնք ձեւաւորեցին հարազատ Հայուն դիմագիծը, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ լեզուին, մշակոյթին եւ հաւատքին մէջ, Հայ աշակերտը կը ցուցաբերէ այդ անզուգական թարգմանիչներու ժառանգութեան հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւն, զոր հազարումէկ զոհողութիւններու ու զրկանքներու գնով իրերայաջորդ սերունդներուն առաջադրանքը դարձնելու առաքելութիւնը վստահած ենք, առաջին հերթին, հայկական վարժարաններուն։ Անոնք ցայսօր ճիգ ու ջանք չեն խնայեր Թարգմանչաց յիշատակով, ժառանգութեամբ ու կտակով ոգեւորելու հայ աշակերտութիւնը ոչ միայն Հոկտեմբերին, այլ ամբողջ տարեշրջանին վրայ տարածուած գրական, մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու միջոցով։

Սակայն Թարգմանչաց նուիրուած ձեռնարկները պէտք չէ վերապահուին միայն դպրոցներուն, այլ անոնք հաւասարապէս պէտք է ընդգրկեն Հայ ընտանիքները։ Արդարեւ, հայ ծնողք պարտաւորութիւնը ունին մասնակից դառնալու այդ ձեռնարկներուն, օրինակ դառնալու իրենց զաւակներուն, որպէսզի Թարգմանիչներու տօնակատարումը դպրոցական հանդէսի մը մէջ չսահմանափակուի եւ դառնայ սովորամոլ տօնակատարում մը, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիքէն ներս ան դառնայ՝ լեզուին, մշակոյթին եւ հաւատքին հաւատարմութեան ամէն օր հնչող պատգամ մը, որպէսզի միայն Հայ Դպրոցի ուսերուն չծանրանայ նորահաս սերունդները իրենց ինքնութեան կառչած մնալ սորվեցնելու պարտականութիւնը։

27/10/2019